Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեր Կեանքէն. 42 Տարուան Մանկապարտէզպանուհին

September 3, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տեսակէտ. Ուշադի՛ր

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երբ կը գրենք, կը խօսինք, կ՛ակնարկենք լիբանանահայութեան առօրեայ տագնապին մասին, ոմանք կը հասկնան, ոմանք կը ձանձրանան, ոմանք ալ «մինչեւ ե՛րբ պիտի օգնենք ձեզի», կ՛ըսեն:

Ահաւորութիւնն ալ չափ ու սահման ունի:

Չեմ կրնար բոլորը մէկ պատկերով տալ: Սակայն կ՛ուզեմ օրագիրի ձեւով արձանագրել առօրեայ հանդիպումներս մեր ժողովուրդի տարբեր հատուածներու հետ, նախ` պատմութեան համար, երկրորդ, որպէսզի Լիբանանը, սփիւռքն ու Հայաստանը զգան մեր ապրածին ահաւորութիւնը, լսեն եւ տեսնեն մեր առօրեայ տառապանքը:

Մարդը մարդուն հասնելու կոչ է` անուղղակի կերպով:

Հայը հայուն հասնելու կանչ: Հասկցողներ կան, կոչին ընդառաջողներ կան, բայց կան նաեւ մեծ թիւով անտարբերներ եւ անհաւատներ:

Թող այս պատկերները անոնց եւ բոլորին խիղճը շարժեն: Եթէ կարդացող ալ չեն, թող կարդացողները բարի ըլլան զեկուցելու, որ մեր առօրեայ տագնապը կենաց մահու տագնապ է, ուրիշ ոչինչ:

Ո՛չ խեղճացած ենք, ոչ ալ կ՛աղաչենք, որ օգնէք:

Բոլորին պարտաւորութիւնն է եւ վե՛րջ:

Մենք հաւատք եւ կամք ունինք:

Հաւատք` այս գաղութի պահպանման, գոյատեւման, ամրապնդման ու հզօրացման:

Կամք` մնալու, տոկալու, յարատեւելու` ոչ թէ շէնքեր եւ աթոռներ պահելու համար:

Միայն ու միայն հայակերտման կեդրոնին գուրգուրալու համար:

Ոչ թէ այս կամ այն շահադիտական կէտեր ապահովելու համար:

Միայն ու միայն բնականօրէն հայ մեծնալու, հայ մնալու օճախ ըլլալու համար:

Անցնինք պատկերին:

Գրասենեակս ներկայացաւ 1938-ի ծնունդ Պէյրութի հայկական վարժարանի մը 42 տարուան մանկապարտիզպանուհին:

Հազիւ ինծի տեսաւ, արցունքները չկրցաւ զսպել: Ըսաւ. «Այս օրերուն հասայ, եկայ օգնութիւն խնդրելու: Ամբողջ տարիներու հանգստեան թոշակս փոշիացաւ թղթոսկիի արժեզրկումով»:

Մայրը մահացած է, ինք առանձին է: Անմիջական վիրաբուժութեան կարիք ունի եւ նիւթական անկարողութեան պատճառով զրկուած է բժշկութենէն:

Աւելի ահաւորը այն է, որ իր ապրուստը ապահովելու համար թաղին մէջ քանի մը շէնքերու աստիճանները կը լուայ եւ օրուան հացը կ՛ապահովէ:

Արժանապատիւ ապրելու իր սկզբունքը պահած է, սակայն բժշկական մեծածախս գումարներուն դիմաց անզօր է:

Երբ անանուն բարերարի մը փոխանցեցի անոր պարագան, անմիջապէս հիւանդանոցային ամբողջ ծախսը ստանձնեց, եւ պարագան հոգեպէս բաւարարուած` հեռացաւ գրասենեակէս:

Ա՛յս է մեր առօրեան: Միշտ ալ կան անանուն բարերարներ: Բայց աւելի զօրաւոր եւ ամրապնդուած կը զգանք, երբ իւրաքանչիւրը ուրիշին հասնելու ճիգը անպակաս ընէ:

Աւելի զօրաւոր կը զգանք, մանաւանդ երբ գիտակցինք եւ զգանք, որ առանձին չենք:

Previous Post

«Պէտք Է Այնպէս Աշխատիլ, Որ Հասարակութիւնը Արեւմտահայ Թատրոնի Անհրաժեշտութիւնը Զգայ» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Ռուբէն Բաբայեան

Next Post

«Ղարաբաղի Մէջ Թրքական Անօդաչու Թռչող Սարքերու Յաջողութիւնը Այսօր Ամբողջ Աշխարհի Շուրթերուն Վրայ Է». Ըսած է Էրտողան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.