«Ակօս»-ի հայերէն էջերու խմբագիր Սարգիս Սերովբեան մահացած է շաբաթ, 28 մարտի երեկոյեան:
«Յարգանքով կը խոնարհինք Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին առջեւ, ան «Ակօս»-ին միաձուլուած խորհրդանիշ մըն էր: Խոր վիշտով կը ցաւակցինք ընտանիքին եւ բոլոր սիրելիներուն հետ», կը գրէ «Ակօս»:
Սարգիս Սերովբեան ծնած էր 1935-ին: Միջնակարգէն ետք կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, միւս կողմէ կ’աշխատակցի զանազան օրաթերթերու եւ պարբերականներու: Հրանդ Տինքի առաջարկին հիման վրայ մաս կը կազմէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբակին` ստանձնելով հայերէն էջերու խմբագրութիւնը: Այդ օրէն ի վեր ղեկավարած է թերթին հայերէն բաժինը: Սերովբեան ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:
Սարգիս Սերովբեանի յուղարկաւորութեան կարգը պիտի կատարուի 31 մարտ 2015-ին, Աւագ երեքշաբթի, ժամը 13:00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա մարմինը հողին պիտի յանձնուի Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ:
«Ազդակ» իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ «Ակօս»-ին եւ Սերովբեան ընտանիքին: