Երէկ` 10 յունուար 2022-ին Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ արուեստագէտ, արուեստի ու գեղանկարչութեան երկարամեայ դասախօս Յարութիւն Թորոսեան:
Յարութիւն Թորոսեան ծնած է Պէյրութ, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մեսրոպեան եւ Աբգարեան վարժարաններուն մէջ: 1951-1952-ին հետեւած է Վահէ Վահեանի գրականութեան դասընթացքներուն: 1953-1955 յաճախած է «Աքատեմի Լիպանեզ տէ Պոզար»: 1956-ին մեկնած է Փարիզ ու հետեւած «Էքոլ Նասիոնալ Սիւփերիէօր տէ Պոզար» նկարչական, փորագրական եւ խճանկարչութեան դասընթացքներուն:
1956-1960 ուսումնասիրութիւններ կատարած է Լուվրի (Փարիզ), Փրատոյի (Սպանիա), Փիթթիի (Իտալիա) թանգարաններուն մէջ եւ ճամբորդած եւրոպական երկիրներ:
1960-2014-ին տուած է անհատական 23 ցուցահանդէսներ Փարիզ, Միացեալ Նահանգներ, Պէյրութ եւ Երեւան: Մասնակցած է աւելի քան 50 միջազգային ցուցահանդէսներու, Փարիզի եւ Ալեքսանդրիայի արուեստի փառատօներուն:
Ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մաշտոց» շքանշանը, Սըրսոք թանգարանի 2-րդ մրցանակը, Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան մրցանակը, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց մրցանակը, Պէյրութի միջազգային փառատօնի մրցանակը, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մրցանակը, Լիբանանցի նկարիչներու եւ արձանագործներու միութեան մրցանակը, Հայկազեան համալսարանի «Արուեստներ»-ու մրցանակը:
Հրատարակած է «Խոհեր կեանքի եւ արուեստի մասին», «Դիտանկիւնէս» եւ «Անկարելի սէր» հատորները: Գրած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ` արուեստի մասին:
Դասաւանդած է Լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից կաճառին, Լիբանանեան արուեստի հիմնարկին, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, Հայկազեան համալսարանին եւ Համազգայինի հայագիտական բաժիններուն մէջ:
Գործերը կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Հայաստանի թանգարաններուն եւ անհատական հաւաքածոներուն մէջ:
«Ազդակ»-ի ընտանիքը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ թերթիս հաւատարիմ աշխատակից, երկար տարիներ իր մշակութային ու արուեստի վերաբերող գրութիւններով «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած վաստակաշատ արուեստագէտին մահուան տխուր առիթով` հաւատալով, որ ան պիտի շարունակէ ապրիլ իր արուեստի գործերուն եւ ձգած մշակութային հարուստ ժառանգութեան ընդմէջէն: