Երէկ Լոս Անճելըսի մէջ մահացաւ գրող, տարիներէ ի վեր «Ազդակ»-ի հետ կանոնաւոր աշխատակցութիւն պահպանած յօդուածագիր Պօղոս Շահմելիքեան:
Շահմելիքեան աւելի քան մէկ շաբաթ առաջ ենթարկուած էր սիրտի ծանր կաթուածի, որուն պատճառով փոխադրուած էր Լոս Անճելըսի հիւանդանոցներէն մէկը, ուր քանի մը օրէ ի վեր մահ ու կենաց պայքար կը մղէր:
Ան հեղինակ է երկու հատորներու` «Յիշատակներ. անցած օրեր» (հայերէնով), որուն անգլերէն թարգմանութիւնն ալ լոյս տեսաւ հետագային, եւ անցեալ տարի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամէն լոյս տեսած «ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» հատորը, որուն գինեձօնը վերջերս տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան եւ Համազգայինի գիր ու գրականութեան մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ: Շահմելիքեանի մահով կիսատ մնաց վերջերս «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսնել սկսած անոր «Լիբանանեան օրագրութիւն» յօդուածաշարքը…