Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեր կորուստները. մահացաւ նշանաւոր երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան

January 21, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Մեր կորուստները. մահացաւ նշանաւոր երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեան

Չորեքշաբթի, 18 յունուարին, մահացաւ հայկական իրականութեան մէջ իր անունը կերտած, «Ազդակ»-ի երկար տարիներու աշխատակից, վաստակաշատ նշանաւոր երգիծանկարիչ Մասիս Արարատեանը:

Մասիս Արարատեան` բուն անունով Մկրտիչ, ծնած է 29 դեկտեմբեր 1929-ին, Հալէպ: Յաճախած է Ազգային Հայկազեան մանկապարտէզը, ապա նախակրթարանի բաժինը շարունակած է նորակառոյց Զաւարեան դպրոցին մէջ:

Մանկութենէն գծելը կը դառնայ անոր զբաղումը եւ հաճոյքը: Նախ կը սկսի գծել իր ընկերներուն, ուսուցիչներուն, ընտանիքին անդամներուն եւ ազգականներուն դիմագիծերը, ապա կ՛աշխատի երկրաչափ Արշակ Գալէմքէրեանի գրասենեակին մէջ, ուր կը մաքրագծէ երկրաչափական նախագիծեր: Ապա նոյն գործով կ՛աշխատի Հալէպի ջուրի ու ելեկտրականութեան ընկերութեան եւ քաղաքապետարանին մէջ` նոյն ժամանակ կատարելով անհատ երկրաչափերու պատուիրած գործերը եւ կը զբաղի երգիծանկարչութեամբ:

Կը դառնայ արաբական «Սենեպէլ» թերթին երգիծանկարիչը, ապա կը փոխադրուի Դամասկոս, մէկ տարի ետք` Հոմս, յետոյ` Համա, Լաթաքիա, ի վերջոյ` Հալէպ: 1951-ին Հալէպի մէջ կը դառնայ հեռաձայնի ընկերութեան հիմնական պաշտօնեան: Կը կանչուի զինուորական ծառայութեան մէկ տարուան համար. զայն լրացնելէ ետք կը փոխադրուի Լիբանան` Պէյրութ, 1954-ին:

Մասիսը կը դառնայ Պէյրութի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու Տեղեկատուական ծառայութեան-USIA (United States Information Service) պաշտօնեայ: Այնտեղ աշխատելու շրջանին, 1965-ին, Մասիս կը կազմէ ընտանիք Մարօ Տէր Ղուկասեանի հետ: Կ՛ունենան 2 զաւակներ` Արազ եւ Սեւակ:

Հայկական միջավայրի մէջ երգիծանկարչութեան կը սկսի Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթէն, ապա` 1970-ականներէն սկսեալ, իր երգիծանկարներով մնայուն աշխատակիցը կը դառնայ«Ազդակ»-ին, երբ թերթը 4 էջէն կը վերածուի 8 էջի: Ասոր կողքին ան կը ստեղծէ հայկական տպագրական տառատեսակներ, յատկապէս` գլխագիրներ, որոնք երկար ատեն կ՛օգտագործուին թերթին մէջ:

Լիբանանեան պատերազմի բռնկումին պատճառով` 1975-ին, Մասիսը իր ընտանիքով կը տեղափոխուի Լոս Անճելըս: Իր մասնագիտութեամբ անմիջապէս աշխատանքի կ՛անցնի ամերիկեան Herald Examiner թերթի խմբագրութեան մէջ` դառնալով թերթին ծաղրանկարիչը: 1990-ին կը գոցուի թերթը, եւ Մասիսը կը հիմնէ իր անձնական գրասենեակը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ մնայուն աշխատակիցը կը դառնայ «Ասպարէզ» օրաթերթին:

1947-էն սկսեալ Մասիսին ծաղրանկարները տեղ կը գտնեն հայկական, միաժամանակ օտար` արաբական, ֆրանսական, գերմանական եւ ամերիկեան թերթերու մէջ:

Մասիսի նշանաւոր խօսքն էր` «Զինուորը իր զէնքով, իսկ ես մատիտովս կը պայքարիմ թուրքին դէմ»:

Ան 1965-ին կը հրատարակէ գրքոյկ մը` «Կեանքի սեմֆոնին» եւ մեծածաւալ գիրքեր` «Ժպիտը լոյս է», որուն Ա. հատորը` 1947-1997-ի, իսկ Բ. հատորը` 1997- 2012-ի միջեւ գծուած երգիծանկարները կը բովանդակեն: Կը զբաղի նաեւ քանդակներով, որոնցմէ են` «Ցեղասպանութեան յուշարձան»-ը եւ «ՀՅԴ-ի երրորդութիւնը»: Իր ստեղծած շուրջ 15 տեսակ տառատեսակներ կը զարդարեն բազմաթիւ հայ եւ օտար գիրքերու եւ հանդէսներու կողքերը:

Անոր շատ փոքրածաւալ գրքոյկին խորագիրն էր «Ազգային դէմքեր», որուն մէջ կը հանդիպինք 100 ազգային դէմքերու դիմանկարներու:

Մասիս Արարատեանի մահով հայկական, սփիւռքահայ իրականութիւնը յատկապէս, կորսնցուց իւրայատուկ արժէք մը, որուն գործը շարունակողներ դժուար թէ գտնուին:

«Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին անունով ցաւակցութիւն` անոր ընտանեկան պարագաներուն:

Previous Post

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի զոյգ Գգիրքերուն նուիրուած շնորհահանդէս

Next Post

Զարմանազան 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.