«Քորոնա» ժահրին պատճառով երէկ մահացած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Արտակ Մովսիսեան:
Վաստակաւոր պատմաբանը ծնած է 1970-ին Աբովեան քաղաքին մէջ: 1990-1994 թուականներուն ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքին մէջ: Ուսանողական տարիներուն գրած առաջին մենագրութիւնը («Հնագոյն պետութիւն Հայաստանում. Արատտա», Երեւան, 1992) «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յայտարարած «Երիտասարդ գիտնականներ-1993» մրցումին ճանչցուած է յաղթող` լաւագոյն պատմագիտական աշխատանք:
1994-1997 թուականներուն շարունակած է կրթութիւնը Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի ասպիրանտուրային մէջ, որ աւարտած է «Վանի թագաւորութեան (Բիայնիլի, Ուրարտու, Արարատ)» մեհենագրութիւնը» ատենախօսութեան պաշտպանութեամբ` ստանալով պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:
Հեղինակ է մէկ տասնեակէ աւելի պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու (մենագրութիւններու), հինգ փաստագրական ժապաւէններու եւ աւելի քան երեք տասնեակ գիտական յօդուածներու:
Պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն «Հայաստանի գրաւոր մշակոյթը նախամաշտոցեան ժամանակաշրջանում» նիւթով:
2016 թուականէն Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի Հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչն էր: