Հայաստանի մէջ 68 տարեկանին ուղեղային կաթուածի իբրեւ հետեւանք մահացաւ դերասան, բեմադրիչ, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վիգէն Ստեփանեանը:
Վիգէն Ստեփանեան 1973 թուականին ընդունուած է Երեւանի Կ. Սթանիսլաւսքիի անուան թատրոնին կից դերասանական բաժանմունք, ուր մինչեւ 1977 թուական աշխատած է իբրեւ դերասան: 1977-1989 թուականներուն իբրեւ դերասան աշխատած է Երեւանի Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ: 1988-1992 թուականներուն ուսանած է Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի բեմադրութեան բաժինին մէջ:
1989 թուականին հիմնած է «Արձագանգ» թատրոն-աշխատանոցը, որ 1991 թուականին հիմք դարձաւ «Մեթրօ» թատրոնին, եւ մինչեւ 1994 թուական Ստեփանեան եղած է թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն ու տնօրէնը:
1994-2003 թուականներուն գործած է Լիբանանի մէջ` Համազգայինին հետ: Եղած է Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի հիմնադիր եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան», ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» եւ ՆՍՄՄ-ի թատերախումբերու բեմադրիչ: Դասաւանդած է Լիբանանի Ազգային վարժարաններուն եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Մեծ է անոր վաստակը լիբանանահայ դերասանական-բեմադրական մարզին մէջ, որովհետեւ Վիգէն Ստեփանեան իր ներդրումը ունեցաւ ապագայ սերունդ պատրաստելու առումով:
2003 թուականին` վերադառնալով Հայաստան, կրկին ստանձնած է «Մեթրօ» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարի պաշտօնը: 2007 թուականին իբրեւ հրաւիրուած դերասան եւ բեմադրիչ աշխատած է տարբեր թատրոններու մէջ:
2014 թուականի հոկտեմբերին Վիգէն Ստեփանեան նշանակուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի բեմադրիչ: Իբրեւ բեմադրիչ համագործակցած է նաեւ Հայաստանի Համազգային թատրոնին հետ:
Խաղացած է աւելի քան 100 դերեր տարբեր թատրոններուն մէջ, բեմադրած է 43 ներկայացումներ տարբեր երկիրներու մէջ եւ տարբեր լեզուներով, դերեր ստանձնած է աւելի քան 50 ժապաւէններու մէջ, խաղացած է աւելի քան 60 պատկերասփիւռի առնչուող ներկայացումներու մէջ: Երեք տարի շարունակ եղած է «Երեւան-Էրեբունի» տօնակատարութեան գլխաւոր բեմադրիչը: Գրած եւ բեմականացուցած է աւելի քան 10 թատրերգութիւն:
Վիգէն Ստեփանեանի մահով հայկական դերասանական-բեմադրական մարզը կը կորսնցնէ վաստակաշատ արուեստագէտ մը, որ տակաւին մեծ աշխատանք ունէր կատարելիք: