Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները – Ռազմիկ Դաւոյեան՝ Անցեալն ու Ներկան Միաձուլող Խոհական Բանաստեղծը

January 20, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մեր Կորուստները – Ռազմիկ Դաւոյեան՝ Անցեալն ու Ներկան Միաձուլող Խոհական Բանաստեղծը
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Եւ այսպէս մեծերը կը հեռանան այս աշխարհէն,
իրենց ետին հսկայ աւանդ մը…
Այսօր, մեր ժամանակներու ինքնատիպ մտածողներէն,
մեծանուն բանաստեղծ՝ Ռազմիկ Դաւոյեան հրաժեշտ
տուաւ կեանքին:
Անցնող դարաշրջանի 1960-ականներու երկրորդ կէսին,
Հայաստանը կ՜ապրէր ազգային ոգիի նոր զարթօնք մը:
Երբ հրաշալի վերելք կ՜ապրէին հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը,
արուեստն ու գիտութիւնը:
Հակառակ անոր որ կար « երկաթեայ վարագոյր»,
եւ կային «արգիլուած գօտիներ» մշակոյթի եւ գրականութեան
ասպարէզներէն ներս:
Հայոց Եղեռնի 50-րդ տարելիցին յաջորդող տարիներուն
Հայաստանը կը թեւակոխէր վերածնունդի նոր շրջան մը:
Ժամանակաշրջան մը, որ կը համընկնէր Հայրենիքի մէջ
իմ ուսումնառութեան տարիներուն:
Այդ օրերուն, Հայաստանի մէջ տիրող մթնոլորտը ողողուած էր
Պարոյր Սեւակի, Յովհ. Շիրազի ստեղծագործութիւններու
առթած ոգեղէն շունչով:
Մեծութիւններ, որոնք կու գան հզօրացնելու Հայրենիքը:
Մեծութիւններ, որոնք պատմութիւն կերտողի գիտակցութեամբ,
եկած էին գոյացնելու ազգային ոգիի նախադրեալներ,
հայուն մէջ ինքնավստահութիւն, սերունդներուն մէջ
գալիքի յոյս ներշնչելու, որպէսզի ժողովուրդը իր սեփական
ոյժին ապաւինած կարենար կերտել իր ապագան:
Ահա այսպիսի բարձր չափանիշներով յագեցած մթնոլորտի
մը մէջ, դժուար մրցակցութեան այդ հոգեւոր միջավայրին մէջ,
Ռազմիկ Դաւոյեան իր ստեղծագործական առաջին քայլերով,
կրցաւ ոչ միայն ինքզինք դրսեւորել որպէս ինքնատիպ բանաստեղծ:
Այլեւ միաժանանակ եկաւ աշխարհին ներկայանալու
որպէս 20-րդ դարավերջի ժամանակակից հայ բանաստեղծ,
իր իւրայատուկ խոհական աշխարհով:
Բանաստեղծ, որ կու գար անցեալն ու ներկան միաձուլելու
իր բանաստեղծութիւններուն մէջ, դառնալու ժառանգորդն
ու շարունակողը իր նախորդներու աւանդներուն:
Դաւոյեանի ստեղծագործութիւնները յագեցած են մեր
ազգային ճակատագիրը բնութագրող խոհերով:
Ինչպէս՝ «Իմ Աշխարհը», «Խաչերի Ջարդը», «Ռեքուիմ»,
«Ստուերների Միջով», եւ այլ բանաստեղծութիւններու մէջ:
Ինչպէս նաեւ միջնադարեան մեծ նկարիչ Թորոս Ռոսլինի
մասին հրաշալի գործին մէջ:
Ռազմիկ Դաւոյեանի խօսքը, իր բազմապիսի երանգներով,
մեր կեանքը յուզող խնդիրներով ու հրատապ հարցերով,
կը ձգտին ըմբռնելու եւ իմաստաւորելու մեր գոյութեան,
մեր կեանքի ուղին:
Մեծերուն կեանքը կը մարի, բայց իրենց հոգին, իրենց թողած
աւանդը կ՜ապրին բոլոր ժամանակներուն մէջ…
Previous Post

Հայերէնը կը զուարճանայ (58)

Next Post

Երիտասարդ գիտնականի ամբիոն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.