Աբել Մանուկեան
Մենք ունեցած են պատմական Հայաստան մը, որուն տարածքը շուրջ 400.000 քառ. քմ. ընդգրկած է եւ որ պատմականօրէն կոչուած է ո՛չ արեւելեան Թուրքիա եւ ո՛չ ալ Անաթոլիա, այլ միանշանակ՝ Հայկական Բարձրաւանդակ։ Վերոյիշեալ հսկայ տարածաշրջանէն՝ պատմական Հայաստանէն հետզհետէ սահմանափակուելով՝ մեզի մնացած է Հայաստանի Հանրապետութեան 29.743 քառ. քմ., իսկ հազարաւոր ազատամարտիկներու թափած արիւնով եւ Սեպտեմբեր 1991-ի հռչակագրով ազատագրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 11.458 քառ. քմ. կազմող հողատարածք մը։
Արցախեան հայրենական պատերազմի վերջին իրադարձութիւններու աւարտին, 9 Նոյեմբեր 2020-ին, Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած «յայտարարութեան» համաձայն, որուն հայ հասարակական կարծիքը «անձնատւութեան (կապիտուլացիայի) նուաստացուցիչ փաստաթուղթ» մը ըլլալու անուանարկումը կու տայ, հայ ժողովուրդը յօգուտ Ազրպէյճանի կը զրկուի Արցախի իր հայրենական հողատարածքի 80 տոկոսէն, այսինքն՝ շուրջ 8.280 քառ. քմ.։ Փաստօրէն, այսպէս, հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին կորսնցուցած է իր պատմական հողերուն աւելի քան 90 տոկոսը։
Եթէ քաջութիւնը ունենայինք պահ մը մեր գիտակցութեան պրիսմակին մէջ բարձրագոյն յստակութեամբ ըմբռնել այս իրողութիւնը, թերեւս ոչ միայն հոգեկան մեծ ցնցում մը պիտի համակէր մեզ, այլ պիտի դառնայինք ուղղակի շանթահար՝ մեր պատկերացումը գերազանցող այս ողբերգական փաստին դիմաց։
Բաց աստի, տեղին է այստեղ նշել, որ 2000 տարի առաջ պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ ապրող հայ ազգաբնակչութեան թիւը շուրջ 2,5 միլիոն եղած է։ Այդ ժամանակ ամբողջ աշխարհի բնակչութեան թիւը կազմած է շուրջ 300 միլիոն։ Այսինքն՝ աշխարհի 120 բնակիչներէն մէկը անպայման հայ եղած է։ Ներկայիս Երկիր մոլորակին վրայ ապրող մարդկութեան թիւը 7,4 միլիառ կը գնահատուի, որուն մօտաւորապէս 3 միլիոնը Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն մէջ կ’ապրի։ Հայ ազգաբնակչութեան վերոնշեալ թիւին հետ եթէ նկատի ունենանք սփիւռքահայութեան քանակն ալ, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ ապրող հայութեան թիւը մօտաւոր հաշուարկով 10 միլիոնի կը հասնի։ Եթէ երբեք հայ ազգաբնակչութեան թիւը աշխարհի բնակչութեան աճի միջինին համապատասխան զարգացում մը արձանագրէր, ապա ներկայ վիճակով հայութեան թիւը աւելի քան 60 միլիոն պիտի ըլլար։ Բազմանալու, հզօրանալու եւ մեր ունեցածը պահելու փոխարէն, մենք նահանջած ենք ամենայն իմաստով՝ հայրենի հողատարածքի շուրջ 367.079 քառ. քմ.ի եւ հայ բնակչութեան 50 միլիոն աճի կորուստով։ Կը կարծեմ, որ այս հաշուարկը յաւելեալ մեկնաբանութիւններու չի կարօտիր։
Միայն օտարը մեղադրել՝ վայրագ թշնամին, ու որդեգրել յաւիտենապէս զոհ մը դարձած ըլլալու հոգեբանութիւնը՝ ապարդիւն է։ Ընդհակառակը, մենք մեզի հարց պէտք է տանք, թէ ինչո՞ւ համար չկրցանք պահել այն, ինչ որ ունէինք, կամ աւելի ճիշդ պիտի ըլլար մեր հարցադրումին տալ ներկայի եւ ապագայի հանդէպ ուղղուածութիւն մը, թէ ինչպէ՞ս պահել գոնէ անիկա, որ հիմա ունինք։ Առնուազն հիմա՛ այլեւս սորված պէտք է ըլլայինք, թէ ունենալ եւ ունեցածը պահել կարենալ՝ տարբեր երեւոյթներ են, իսկ հայրենասիրութիւնը՝ աւանդը ճիշդ գնահատելու, զայն մշակել կարենալու, ունեցածը պահպանելու եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու նուիրական յանձնառութիւն է։