ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Այս գրութեան բովանդակութիւնը անձնական օրագրի բնոյթ ունի, սակայն, քանի որ մեզ հալածող աղէտը համատարած է, կարելիէ բոլորին ալ պատկանելիութիւնը դարձնել. Անշուշտ ոչ ամենքը նոյն ձեւով կը հակազդեն մեր ներկայ օրերու այս պատուհասին:
Առտուան ամպոտ երկինքը, ապա տեղատարափ անձրեւն ու փայլատակումները տրամադրութիւնս թրջեցին ծծուն թուղթի պէս եւ մէկդի շպրտեցին:
Երկու շաբաթ առաջ, համաճարակին պատճառով, այս աշխարհէն անժամանակ կերպով մեկնեցաւ մեր գաղութին ազգայիններէն՝ սիրուած բժիշկ մը, որուն ծանօթացած էինք, երբ զաւակները մեր դպրոցը կը յաճախէին: Բժիշկին հարազատները, բարեկամներ ու ծանօթներ հաւաքուած էին մեր եկեղեցւոյ դարպասին առջեւ, (արգիլուած է փակ վայրերու մէջ որոշ թիւէ մը աւելի անձերու համախմբուիլը) իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տալու այս ազնիւ մարդուն եւ հանրածանօթ կնաբոյժին, որուն դարմանումներուն շնորհիւ եւ կամօքն Աստուծոյ, յաջողած էին մայրանալ շատ մը կիներ, որոնք դժուարութիւն ունէին յղիանալու:
Անցեալ տարին իր դժխեմ երեսով՝ հազիւ մեր վրայէն հանած էինք, ակնկալելով աւելի պայծառ օրեր նորածին տարուան հետ, բայց ըստ երեւոյթին, տակաւին որոշ ժամանակ մը պիտի տուայտինք այս հիւանդութեան հիւսած սարդոստայնին մէջ. թէեւ պատուաստներ սկսան սփռուիլ աշխարհի բոլոր կողմերը, սակայն բաւարար քանակութեամբ չի հայթայթուիր եւ ըստ երեւոյթին՝երրորդ աշխարհի երկիրներ պէտք է սպասեն իրենց հերթին:
Արդէն վերամուտ է եւ դպրոցները քիչ մը տատամսումով վերաբացուԵցան: Աշակերտները սկսան յաճախել կէս օր միայն, անշուշտ պէտք եղած նախազգուշութիւնները ձեռք առնելէ յետոյ: Աչքը լոյս ծնողներուն:
Նախորդ տարին դասերը «զում» ով եղան. ուսուցիչները յանկարծ իրենք զիրենք կատարուած իրողութեան մը առջեւ գտան եւ ոմանք խուճապի մատնուեցան. բոլորովին նոր ձեւի դասաւանդում: Աշակերտներն ալ ծուլութեան վարժուեցան, ուշ արթննալ, ուշ քնանալ եւ ամբողջ օրը բջիջայինը գործածել. Դպրոցին ո՛չ կարգապահութիւնը, ոչ ալ դասի խստապահանջութիւնը գոյութիւն ունէր, որպէսզի արգելք հանդիսանար իրենց քմահաճոյքին: Ծնողներ նեղ կացութեան մատնուեցան. մանաւանդ այն մայրերը, որոնք տունէն դուրս կ’աշխատին, չէին գիտեր որու քով ձգել իրենց գաւակները: Լաւ, որ համացանցը շատ հարցեր կը լուծէ. հիմա տունը այլեւս գրասենեակի դեր կը կատարէ, դպրոցի, վաճառատան, երբեմն ալ ճաշարանի: Ապսպրանքի վրայ, կարգ մը կիներ եւ այրեր տունը կերակուր կը պատրաստեն եւ ընկերային ցանցերով կը ծախեն: Կրնա՞ք երեւակայել ինչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը, եթէ օր մը, յանկարծ կանգ առնէ համացանցի համակարգը եւ մեզ զրկէ իր հրաշքներէն: Բոլորս անխտիր իր հլու, հնազանդ ստրուկները դարձած ենք: Ինք է, որ կը ղեկավարէ մեր մոլորակը:
Աշխա՞րհ, թէ մեր կեանքը որքա՜ն փոխուեցաւ մէկ տարուան մէջ:
Դրական երեւոյթներէն մէկը այս համաճարակին այն է, որ բնակչութեան մեծ մասը կրցաւ որոշ չափով խնայողութիւն ըել: Մանաւանդ կիներս կրցանք մեր գնելու մարմաջը զսպել. դուրս ելլել չկայ, հետեւաբար հարկ չկայ նոր հագուստի, կօշիկի: Սրճարան, ճաշարան երթալու ծախսերէն ալ փրկուեցանք քանի մը ամիս: Շատ մը կիներ ( ես ալ ներառեալ), սկսան հաց թխել տունը:
Եկեղեցին ալ մեր տուներէն ներս մուտք գործեց: Ամէն Կիրակի եւ տօնական օրերուն, ընկերային ցանցի կայքէջէն կը հեռասփռուի ժամերգութիւնը: Թող Աստուած ներէ ինծի.բայց այս ձեւով, մէկ կողմէն կէսօրուան ճաշը կը պատրաստեմ, միւս կողմէն Սուրբ Պատարագին կը հետեւիմ:
Որքան սիրտս կը ճմլուի, երբ աղքատ մարդիկ վարէն, յարկաբաժիններուն զանգը կը զարնեն, ուտելիք, կամ հագուստ ուզելով. փողոցը պառկողներուն թիւը անհամեմատօրէն բազմացած է.լաւ որ ամառ է:
Մեր՝հայերուս պարագային, կրկնակի եղաւ մեր վիշտն ու տառապանքը: Ահաւոր հարուած մը կրեցինք Արցախի պատերազմով, ապա անոր ողբալի պարտութիւնը եւ ամօթալի համաձայնագրին ստորագրութիւնը մեզ խորապէս ցնցեցին: Ափսո՜ս մեր հազարաւոր երիտասարդ, հերոս զինուորներուն, որոնք զոհ գացին թշնամիին արձակած հրթիռներուն, ռումբերուն: Իրենց անհետացումով՝ երկու- երեք սերունդ կոrսնցուցինք : Նոյնքա՜ն ցաւալի է հաշմանդամ մնացող տղոց վիճակը: Այդ ցաւը կը մխայ մեր սրտերուն եւ հոգինրուն մէջ, հապա անոնց հարազատները ի՞նչ վիճակի մէջ են արդեօք. անոնց հոգեկան տանջանքը ո՞վ կրնայ ամոքել:
Տան մէջ մեկուսանալը ունեցաւ իր յոռի հետեւանքները, որոնցմէ մէկը եղաւ գիրութիւնը, լքուածութիւն, անխնամ կեցուածք արտաքինին հանդէպ, արդուզարդի , հագուստի, եւ այլ բաներու, որոնք երկրորդական կը թուին, բայց կարեւոր են, մանաւանդ հայելիին մէջ քիչ մը աւելի գեղեցիկ եւ ներկայանալի երեւնալու համար:
Այս վերջին ամիսներուն՝ աւելի ազատութիւն շնորհուեցաւ մեզի դուրս գալու եւ հանրային վայրեր երթալու, նախընտրաբար բացօթեայ. թատրոն, սինեմա տակաւին ոչ. բայց սրճարան, ճաշարան,այո՛. նոյնպէս վաճառատուներ . քաղաքը քիչ մը աւելի բնական երեւոյթ ստացաւ, նախապէս ուրուականներու քաղաքի մը կերպարանքը ստացած էր:
Անցեալ շաբաթ բաւական մտածելէ յետոյ, որոշեցինք մի քանի ընկերուհիներ, դուրս ելլել միասին սուրճ խմելու:
Որքա՜ն ուրախացանք զիրար տեսնելով.անշուշտ դիմակներով պաշտպանուած, առանց ձեռնուելու, կամ համբուրուելու, հակառակ, որ կարօտցած էինք իրարու, բայց գոնէ միասին էինք:
Երբ սուրճը եկաւ սանտուիչներուն, կարկանդակներուն եւ անուշեղէններուն հետ միասին, մեր քիթերն ու բերանները ազատագրուեցան իրենց կապանքներէն եւ սկսանք ախորժակով թէ՛ խօսիլ եւ թէ՛ ուտել: Հիմա, որ մեր դէմքերը իրենց լման տեսքով ի յայտ եկան, անդրադարձանք, որ բաւական փոխուած էինք այս մէկ տարուան մէջ. անշուշտ մեր անփոյթ կեցուածքը մեծ դեր կատարած էր ատոր մէջ: Մի քանիներս բաւական կլորցած էինք, նաեւ դէմքերուն վրայ կնճիռները աւելի խորացած եւ բազմացած էին. մէկ երկու « բախտաւորներ» միայն զերծ մնացած էին անհոգութեան հետքերէն:
Ընկերուհիներէն մէկը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց. իր անբնական նիհարութիւնը եւ մարած նայուածքը հիւանդի տպաւորութիւն ձգեց մեր վրայ: Ինք, որ միշտ կոկիկ եւ վայելուչ էր իր հագուածքով, դէմքը միշտ շպարուած, վարսայարդարի մնայուն յաճախորդ, այսօր բոլորովին այլափոխուած էր եւ անխնամ, թափթփած տեսք մը ունէր:Մազերուն արմատները ճերմկած էին եւ զինք տարիներով ծերացուցած, այտերը թօշնած էին եւ շրթները պրկուած: Անշուշտ ոչ մէկ ակնարկութիւն ըրինք: Սկսանք կատակել մեր աւելցուցած քիլօներուն վրայ, եւ հաճելի կամ տհաճ լուրեր, դէպքեր պատմել: Ի վերջոյ կեանքը կը շարունակուի չէ՞
Սուրճը խմելէն յետոյ, մեր ընկերուհին նախ վարանեցաւ, ապա սիրտը բացաւ.
–Եթէ չխօսիմ, պիտի պայթիմ – ըսաւ – ամուսինս, որ հագուստի վաճառատան ընդհանուր պատասախանատուն էր, ահա մէկ տարի է, որ չ’աշխատիր եւ ամէն օր կ’անիծէ իր չար բախտը: Գործատէրը չդիմանալով ծախսերուն եւ տուրքերուն, խանութը ծախեց եւ գործաւորները տուն ղրկեց, ամէն մէկուն որոշ գումար մը տալով: Տղաս ալ իր գրատունը գոցեց ,չէր կրնար վարձքը վճարել. դպրոցները փակ էին, գրենական պիտոյք գնող չկար. միայն իմ հանգստեան թոշակս էր մեր տան եկամուտը. ծայրը ծայրին չէինք հասցներ. Կարծես ասիկա չէր բաւեր ամուսինս երիկամունքի զօրաւոր ցաւ ունեցաւ.յետ քննութեան ըսին, որ աւազ ունէր եւ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուեցաւ. բարեբախտաբար շատ արագ բուժուեցաւ և տրամադրութիւնն ալ սկսաւ բարելաւուիլ: Ես այսօր չէի ուզեր գալ, բայց պէտք ունէի դուրս ելլելու, ձեզ տեսնելու. պահ մը փախչելու այս նեղացուցիչ դրութենէն: Հիմա, որ դպրոցները պիտի վերաբացուին, յոյս ունիմ, որ մենք եւս ինչպէս ուրիշներ, մենք մեզ կը վերագտնենք:
Իրեն ըսինք, որ բոլորս ալ առաւել կամ նուազ չափով նոյն կացութեան մէջ կը գտնուէինք եւ զարմացանք, որ օրին մեզ տեղեակ չէր պահած այս իրողութիւններէն :
-Չէի ուզեր ձեզ ալ մտահոգել իմ հարցերովս ըսաւ-ամէն մէկը իր խնդիրները ունի արդէն. բայց ձեզ տեսնելը իրապէս զիս նորոգեց. կը ներէք թափթփած վիճակիս. վերջին վայրկեանին որոշեցի գալ. Յաջորդ անգամ զիս փոխուած պիտի տեսնէք- ըսաւ ժպտելով:
Ես ալ իմ կարգիս ըսի, որ կերակուր եփելու բուռն փափաք մը արթնցած է մէջս: Հեռատեսիլէն շարունակ ախորժաբեր խոհագիրներ կ’անցընեն, ես ալ կը պատրաստեմ եւ անշուշտ կը ճաշակեմ զաւակներուս եւ թոռնիկներուս հետ եւ գինը կը վճարեմ,-խնդացի- ջիղերը հանդարտեցնող յատկութիւն ունի խոհանոցը:
Մեր այդ օրուան հաւաքոյթը իսկապէս բուժիչ եւ կազդուրիչ եղաւ մեզի համար: Մասնագէտ եւ փորձառու հոգեբաններու վերածուած էինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը. իր եւ միւսներուն հարցերը վերլուծեց, թելադրանքներ ըրաւ, ինք ալ իր կարգին միւսներուն խրատները, երբեմն քննադատութիւնները, կամ գովասանքները լսեց համբերութեամբ. Եւ որպէս վերջաբան մեր այս իւրայատուկ հանդիպումին , սուրճ մը եւս ապսպրեցինք:
Ուշ էր էր արդէն, ոտքի ելանք տուն երթալու.թէեւ պիտի ուզէինք քիչ մը աւելի մնալ: Կատակներով քրքիջներով եւ վերստին հանդիպելու խոստումով հրաժեշտ առինք իրարմէ շատ ուրախ: