Լիբանանի եւ սփիւռքի ազգային, քաղաքական եւ ընկերային առօրեան մեզ մղեց ստեղծել այլընտրանքային լրատուական կայքէջ մը, որ երեք լեզուներով (հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն) արագ տեղեկատուութիւն պիտի հաղորդէ Սփիւռքի եւ Հայաստանի ընթերցողներուն:
Yerepouni-news.com գրաւոր լուրերու, վերլուծական յօդուածներու ընդմէջէն կ’ընդգրկէ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, մարզական, գիտական նորութիւններ,վերլուծութիւններ, հարցազրոյցներ, համաշխարհային մամուլէն արձագանգներ: Կայքէջին հիմնական նպատակն է փոխանցել անաչառ, հաւասարակշռուած եւ համակողմանի լրատուութիւն: Անկաշկանդօրէն եւ առանց նախապաշարումներու մեկնաբանել ազգային, հայրենական համասփիւռքեան քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, ձեւաւորել ազատ եւ պատասխանատու խօսքի մշակոյթ:
Մեր նպատակն է հայ ընթերցողին փոխանցել հաւաստի, բազմակողմանի եւ առարկայական տեղեկատուութիւն՝ հիմնուելով լրատուական ցանցի այլ գործընկերներու փոխանցած տեղեկութիւններուն, աղբիւրներէ քաղուած հաղորդումներուն վրայ՝ յարգելով լրագրողի բարեխղճութիւնը եւ ապաւինելով՝ լրատուական պարկեշտութեան:
Yerepouni-news.com կը հաւատայ, որ հայապահպանումը դարձած է Սփիւռքի ամենահիմնական մտահոգութիւնը: Մենք կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդը պիտի կերտէ ժողովրդավար, զարգացած պետականութիւն, ազգային հզօր բանակ, ընկերային արդարութեան վրայ ձեւաւորուած հասարակութիւն, միասնական ու համադրուած ջանքերով անպայման պիտի վերատիրանայ կորսուած իր իրաւունքներուն:
Yerepouni-news.com պիտի դառնայ բոլորին գործընկերը եւ պիտի ծառայէ հայկական լրատուական դաշտը ընդլայնելու առաքելութեամբ: