Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի աշխատանքներէն բարեզարդումին եւ աղբահանումին:
Ճ. Գրիգորեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի շէնքերու վիճակի բարելաւումին իմաստով աշխատանք տարուած է քաղաքապետարանին կողմէ:
Պուրճ Համուտի տնտեսութիւնը գլխաւորաբար հիմնուած է փոքր առեւտուրի վրայ:
«Հակառակ տնտեսական եւ ապրուստի դժուարութիւններուն, շուկայ մը որոշ չափով գրաւիչ եւ յարմարաւէտ պէտք է ըլլայ, հետեւաբար բարեզարդումը` բացի առողջապահական, նաեւ բնակիչներուն համար հաճելի եւ գրաւիչ միջավայր ստեղծելու կողքին, նաեւ տնտեսական եւ ապրուստի պայմաններու բարելաւման նպատակ ունի», ըսաւ ան:
Ճ. Գրիգորեան հաստատեց, որ ներկայիս կատարուած բարեզարդումի աշխատանքները անմիջականօրէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին պիւտճէով չէ, որ կը գործադրուին: «Բոլոր աշխատանքները կը կատարուին նուիրատուութիւններով` անհատներու, միջազգային կազմակերպութիւններու, տեղական միութիւններու եւ այլ նուիրատուութիւններու շնորհիւ: Քաղաքապետարանին կողմէ խորհրդանշական մասնակցութիւն մը կայ բարեզարդումի աշխատանքներուն մէջ` ընդհանրապէս գումակային ծախսեր հոգալու իմաստով», ըսաւ ան:
Ճ. Գրիգորեան աւելցուց, որ ներկայիս կը կատարուի Նոր Մարաշը Արաքս թաղին կապող հինգ փողոցներու բարեկարգումի աշխատանքը, որ հիմնայատակ նորոգութեան բնոյթ ունի, այսինքն` անձրեւի ջուրի հեռացման ցանցեր, մայթերու եւ ճամբաներու նորոգութիւն, ճամբաներու լուսաւորում, ըմպելի ջուրի ցանցի եւ ելեկտրական ցանցի նորոգութիւն, իսկ ենթակառոյցէն բացի` կայ նաեւ շէնքերու նորոգութիւնն ու ներկելու հոլովոյթը:
Ան աւելցուց, որ նախորդ փուլին շէնքերը ներկելու աշխատանք մը կատարուած է Ժողովրդային բնակարաններու, Պօղոս Արիս եւ այլ թաղամասերու մէջ: «Ներկայիս նոյնանման աշխատանք կը կատարուի նաեւ այլ թաղամասերու մէջ: Նպատակը ամբողջ Պուրճ Համուտի ընդգրկումն է` այլ նուիրատուներու ճամբով: Այս աշխատանքը անշուշտ տարբեր փուլերով կը կատարուի:
«Այլ աշխատանք մը հանգրուանային ընթացք ունի, այդ ալ շէնքերու մասնակի նորոգութեան աշխատանքն է, ճամբու լոյսերու նորոգութիւնը, որ երբեմն նաեւ լետ լոյսերով փոխարինում է` աւելի նուազ ելեկտրականութիւն սպառելու, ինչպէս նաեւ արեւու ճառագայթներով բանող լուսաւորումի ցանցելու հաստատում է: Այս բոլորին զուգահեռ կը կատարուի ջուրի ենթակառոյցի աշխատանք, որ կ՛ընդգրկէ անձրեւի ջուրի հեռացման, ապականած ջուրի ցանցերու նորոգութիւն: Կայ նաեւ ճամբաներու եւ մայթերու նորոգութեան աշխատանքը` երթեւեկի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար», ընդգծեց Ճ. Գրիգորեան:
Ան ակնարկեց նաեւ ելեկտրական թելերու կարգաւորման աշխատանքին` հաստատելով, որ անիկա տեսողական ապականում ըլլալէ բացի, նաեւ ապահովական խնդիր է շրջանին համար:
«Այդ աշխատանքը տակաւին կը շարունակուի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը այս աշխատանքին սկսած էր 5 տարի առաջ` ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն հետ գործակցաբար: Այդ աշխատանքը ընդհատուեցաւ ցոյցերու ընթացքին, «Քորոնա»-ի առիթով երկիրը փակելու պատճառով, տնտեսական տագնապին եւ ապա լիբանանեան դրամանիշին կրած անկումին պատճառով: Ներկայիս բաւական սուղ արժող աշխատանք է, որ դարձեալ կը կատարուի նուիրատուներու ճամբով», յայտնեց Ճ. Գրիգորեան:
Պուրճ Համուտի մէջ աղբի կուտակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ճ. Գրիգորեան հաստատեց, որ բոլորին համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ աղբահանումի աշխատանքը 1994-էն ի վեր քաղաքապետարաններուն աշխատանքը չէ:
«Այդ օրերէն Լիբանանի կառավարութիւնը պայմանաւորուեցաւ համաձայնագիր մը ստորագրել` աղբահանում կատարող սեփական մարզի ընկերութեան մը հետ եւ պետութեան կողմէ աշխատանքը տրուեցաւ այդ ընկերութեան, որ «Սուքլին»-ն էր, իսկ այժմ «Ռամքօ»-ն է: Հոս կ՛ուզեմ անդրադառնալ այդ ընկերութեան վճարումի դրութեան: Պետութիւնը քաղաքապետական տուրքերուն մէկ մասը կը վերցնէ քաղաքապետարաններու անկախ սնտուկէն, որպէսզի վճարէ այդ ընկերութեան: Այսինքն` կառավարութիւնը քաղաքապետարաններու դրամէն կը վճարէ աղբահանումի յատուկ սեփական ընկերութեան, որ իր կարգին կը վճարէ աշխատաւորներուն: Վերջին շրջանին սակայն, այդ ընկերութիւնը աշխատանքի մեծ դժուարութիւն ունեցաւ, որովհետեւ իր բանուորներու շարքերուն մէջ համաճարակի պարագաներ կային: Այդ փուլէն ետք, դժուարութիւնը շարունակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ աշխատողները օտարահպատակ բանուորներ են, որոնք կ՛աշխատին օտար դրամանիշի համար, իսկ լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ անոնց աշխատավարձը վճարել ամերիկեան տոլարին դիմաց 1500 լ. ոսկիի սակով», ըսաւ ան:
Ճ. Գրիգորեան հաստատեց սակայն, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը, ի տես այս իրավիճակին, սկսած է զուգահեռ աշխատանքի եւ կրկնակի ծախսի պատասխանատուութիւնը վերցնելով աղբահանումի աշխատանք կը կատարէ իր շրջանին մէջ:
«Քաղաքապետութիւնը քանի մը փոքր բեռնատար տրամադրած է եւ բանուորներ ապահովելով կը կատարէ աղբահանումի աշխատանքը: Ի դէպ, այդ աշխատանքը կը կատարուէր նաեւ «Սուքլին»-ի եւ «Ռամքօ»-ի կողքին` նկատի ունենալով, որ աղբահանումի հսկայ փոխադրակառքերը Պուրճ Համուտի կարգ մը նեղ թաղեր մուտք չեն կրնար գործել: Անշուշտ այդ աշխատանքը անբաւարար է եւ անիկա քաղաքապետութեան ցանկացած արագութեամբ չի կատարուիր, սակայն կ՛օգնէ, որ Պուրճ Համուտը այլ քաղաքներու վիճակին չմատնուի: Աղբահանումի աշխատանքին գծով արմատական որոշումներ տալու համար կարիքը կայ պետական որոշումի», շեշտեց ան:
Ճ. Գրիգորեան անդրադարձաւ նաեւ այն իրականութեան, որ Պուրճ Համուտը մաքուր պահելու պատասխանատուութիւնը նաեւ բնակչութեան պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ բարեզարդումի, աղբահանումի եւ շրջանը խնամելու կողքին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը բազմիցս մաքրութեան արշաւներ կազմակերպած է` ժողովուրդին մօտ մաքրասիրութեան մշակոյթը վառ պահելու նպատակով: