Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մեր Ոսկեղենիկը (Ա.)

February 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Մեր Ոսկեղենիկը (Ա.)

Ա. Ա.

Ալ-Մոնիթըրի կայքէջին վրայ տեղադրուած յօդուած մը` պոլսահայ «Արաս» հրատարակչատան գործունէութեան եւ հետապնդած նպատակներուն մասին, առիթ հանդիսացաւ, որ բաւական հրատապ եւ ճակատագրական խնդրի մը վրայ լուսարձակ կեդրոնացնեմ, եւ որ կը վերաբերի մեր ոսկեղենիկին` արեւմտահայերէնին ձեւաւորման, զարգացման եւ անխուսափելիօրէն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Լեզուն կ՛ապրի եւ կը գոյատեւէ, երբ ժողովուրդը տուեալ լեզուով կը խօսի, կը գրէ ու կը կարդայ: Լեզուներն ալ քաղաքներու նման են: Եթէ քաղաքները կը կերպարանափոխուին ժամանակի թաւալման հետ, լեզուները կը լիցքաւորուին նոր բառերով եւ ըսելաձեւերով: Ինչպէս քաղաքի մը դրուածքը եւ հիմնական կառոյցը կարելի չէ փոխել, այլ միայն` արդիականացնել եւ վերանորոգել, նոյնպէս լեզուներու քերականութիւնը կը պահպանուի, բայց նոր բառերու հոսքով եւ գործածութեամբ, անոնք կ՛արդիականանան եւ կը վերածուին տուեալ ժամանակին պահանջներուն յարմարող ճկուն լեզուի մը:

Այս իմաստով, արեւմտահայ գրականութեան մեծերէն` Արշակ Չօպանեան, իր խմբագրած «Անահիտ»-ին թիւ 5-ին մէջ, 1902-ին լոյս ընծայած «Արդի հայերէնը» խորագրեալ յօդուածին մէջ դիպուկ օրինակով մը ցոյց կու տայ, թէ իսկապէս ի՛նչ տարողութիւն ունի լեզուին արդիականացման կարեւորութիւնը:

Չօպանեան Փարիզի մէջ գրած է այս յօդուածը եւ ուզած է ցոյց տալ նաեւ, որ ֆրանսերէնի ազդեցութեամբ էր, որ արեւմտահայերէնի հայրերը յաջողեցան ձերբազատիլ «թրքական կնճռոտ, բազմակուտակ, մանուածապատ ֆրազաշինութենէն»: Ան նաեւ կու տայ հրաշալի օրինակ մը` արեւմտահայերէնին ապրած եղափոխութեան: Չօպանեան կը գրէ. «Մեր նախահայրերը Պոլսոյ կամ գաւառներուն մէջ պիտի գրէին, օրինակ, «Անզգամ ըլլալը գիտցած մարդուս հետ յարաբերութիւն ունենալովս միշտ վնաս կրելու տեղը` անկից հեռու կենալով գլուխս փորձանքէ ազատ պահելու խելացութիւնն ունենալը աւելի աղէկ կը սեպեմ»: Բայց հիմա (այսինքն` 1902-ին, երբ արեւմտահայ գրականութիւնը գեղապաշտ շրջանի սկիզբն է), արդէն կը գրեն.

«Փոխանակ միշտ վնաս կրելու` յարաբերութիւն ունենալով այնպիսի մարդոց հետ, որոնց անզգամ ըլլալը գիտեմ, նախամեծար կը համարիմ անկից հեռու կենալով` գլուխս փորձանքէ ազատ պահել»:

Այս օրինակը մեզի կը յիշեցնէ արեւմտահայ հմուտ մտաւորական, Կոմիտասի ժամանակակից Յակոբ Սիրունի, որ իր կարգին կը նշէ, որ Չօպանեանի նշումէն կէս դար ետք արեւմտահայ գրողները այսպէս պիտի գրէին նոյն նախադասութիւնը. «Նախամեծար կը սեպեմ անկէ հեռու մնալ եւ գլուխս ազատ պահել փորձանքէ, քան թէ միշտ վնաս կրել` յարաբերութիւն ունենալով այնպիսի մարդոց հետ, որոնք գիտեմ, թէ անզգամ են»:

Եւ վստահաբար այսօր նոյն նախադասութիւնը կարելի է գրել տարբեր ձեւով` ըստ գրողին ոճին եւ իմացութեան:

Պոլսոյ հայեվարը, որ բաւական ժամանակ ապրեցաւ խօսակցական լեզուին մէջ, ունէր իր երանգները, նրբութիւնները եւ առանձնայատկութիւնները, որոնք առաւելաբար կը շեշտուէին ոսկերիչներու շուկային մէջ, ուր հայ ոսկերիչները ստեղծած էին խօսակցական լեզու մը, որ միայն իրենք կը հասկնային: Խօսակցական այս լեզուն պարտութեան մատնելու եւ գրաբարին ամբողջ բառամթերքէն եւ քերականական կանոններէն օգտուելով` պոլսահայ բարբառը արեւմտահայերէն աշխարհաբարի վերածելու ճիգերը այնքան ալ դիւրին չեղան, բայց ի պատիւ արեւմտահայ Զարթօնքի զինուորագրեալներուն` աշխարհաբար արեւմտահայերէնի ստեղծման, յատկապէս թրքերէնի ազդեցութիւններէն մաքրազտման, բիւրեղացման, հարստացման եւ կատարելագործման հոլովոյթը ի վերջոյ յաղթանակեց եւ այսօր աշխարհացրիւ արեւմտահայութիւնը ունի իր մայրենին: Եւ հոսկէ է, որ մեր մտորումները պիտի հունաւորուին: Տասնիններորդ դարու կէսերուն Պոլսոյ մէջ ձեւաւորման հոլովոյթէն մինչեւ այսօր` արեւմտահայերէնի մասին, որ զէնք ու զրահ պէտք է ըլլայ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ, հեռաւոր Աւստրալիա եւ այլ տեղեր ապրող արեւմտահայ հաւաքականութիւններուն համար:

Ոսկեղենիկը կորսնցնելու վտանգը կայ: Մեր լեզուին հոգեվարքին ականատես ըլլալու ցաւալի իրավիճակն ալ դժբախտաբար գոյութիւն ունի: Հետեւութիւնը այն է, որ լուսարձակներ կեդրոնացնելով արեւմտահայերէնի ստեղծման` երկունքէն մինչեւ ծնունդ եւ ինքնահաստատում, ուսանելի հոլովոյթին վրայ, խնդրին հրատապ ըլլալը պիտի շեշտուի` սեղանի վրայ դնելով ճակատագրական այս խնդրին լուծումներ գտնելու հրամայականը:

Previous Post

‘Anything Good in This Country Has Had to Be Wrestled Free.’ What Whitney Houston’s Rendition of the National Anthem Taught Me About America

Next Post

Յուշ-Երեկոյ Նուիրուած Ժագ Ս. Յակոբեանի Վաստակին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.