Հոգ տար խելքիդ․․․
Ն․ Պէրպէրեան
24 Նոյեմբեր 2020
Ով որ անձնական կամ ընկերական կեանքին մէջ մօտէն ճանչցաւ Միսաք Ներսէսեանը եւ վայելեց անոր մտերմութիւնը, վստահաբար տակաւին ծանր կը տանի եւ դեռ չի կրնար հաւատալ, թէ ոչ եւս է իր ներկայութեամբ համակ կեանք ու եռանդ շարժման մէջ դնող կենսուրախ Մայքը։
Այլեւս մեր մէջ, մեր կողքին եւ, մանաւա՛նդ, մեր թիկունքին պիտի չունենանք ազգային ու հանրային պատասխանատուութեան կռուաններուն՝ հայ մարդու բոլորանուէր ծառայութեան կոչումին եւ վաստակին նկատմամբ ամբողջական զօրակցութիւն եւ յարգանք ներշնչող Միսաքը։
Այո՛, սիրելի ու անմոռանալի Միսաք, դուն գիտցար, կրցար եւ օրինակ ծառայեցիր կեանքի յաջողութիւններդ լծակ ու յենարան դարձնելու ոչ միայն ընտանիքիդ, այլեւ ազգային ու հանրային մեր կեանքին առաւել զարգացման ու հզօրացման։
Ի զուր չէր, որ «շուկայի տղու» իմաստութեամբ կը յորդորէիր, թէ ուշադիր ըլլանք եւ հոգ տանինք մեր խելքին․․․
Մանաւանդ ազգային ու հանրային կեանքէ ներս պատասխանատու կամ առաջնորդող առաքելութեան կոչուած մտերիմներուդ հանդէպ քու տածած վստահութեան, գնահատանքին ու գուրգուրանքին գերագոյն արտայայտութիւնն էր սրտաբուխ ժպիտով արտասանուած այդ յորդորդ։
Արդարացի էիր․ արագ վազողը շուտ կը յոգնի, ջուրը չտեսած բոպիկցողը մերկ կը մնայ, ամէն խոստումի հաւատացողը աւերակներու առջեւ կը յայտնուի եւ երազներու ետեւէն վազողը ճամբան կը կորսնցնէ։
Այլեւս չկաս, որպէսզի մօտէն թէ հեռուէն հետեւիս հարազատներուդ եւ մտերիմներուդ քայլերուն, գործնապէս քու աջակցութիւնդ բերես ազգային թէ հանրային ծառայութեան ժողովրդանուէր քայլերու եւ նախաձեռնութեանց յաջող իրագործումին՝ շարունակ արթուն մնալու եւ սթափ կողմնորոշուելու իմաստութիւնը յորդորելով բոլորին։
Անշուշտ առանձին չէիր, նոյնքան ոսկի ընկերներով շրջապատուած էիր եւ անձնապէս վկան եմ այն գօտեպնդող աջակցութեան, որ դուք 1995ին միասնաբար ցոյց տուիք նիւթապէս կաթուածահար ու փակուելու եզրին հասած Հ․Յ․Դ․ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին՝ «Դրօշակ»ի Բարեկամներու Հիմնադրամի ստեղծման նախաձեռնելով։
Վկայութեանց արժանի շատ գործեր կապուած են անունիդ՝ սիրելի Միսաք։
Կը յիշենք։
Կը վկայենք։
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ եւ ապրողներուս մէջ վառ պահէ Ազգին ու Հայրենիքին ԱՆՁՆԴԻՐ ԽԵԼԱՄՏՈՒԹԵԱՄԲ ծառայելու պայծառ օրինակդ եւ յիշատակդ։