Կարօ Փայլան ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի մահուան առիթով:
Կարօ Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Կորսնցուցինք «երկաթէ բռունցք» ծածկանունով Կարպիս Զաքարեանը։ Կարպիս ախպարիկը մեր երկրին համար բազմաթիւ միջազգային մրցանակներու արժանացած է: Իր հայ ըլլալուն պատճառով նաեւ ենթարկուած է խտրականութեան: Մեր պարտքը թող ըլլայ իր անունով մարզական դահլիճ մը կառուցելը»: