ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Լռութի՛ւն է, քարի պէս ծանր լռութի՛ւն է
Կապարացած լռութի՛ւն է սրտակեղեք
Լռութեան մէջ սրտաճմլիկ ողբաձա՛յն է
Խեղդուած լացի, որբուկ մանկան հեկեկանքի
Երկնայինէն գութ աղերսող աղաղակի…
Լռութեան մէջ ահասարսուռ պատկերնե՛ր են
Սովի, գաղթի, աւերակուած տան, օճախի
Եփրատին մէջ ահով նետուող հարսի, կոյսի
Կմախքացած, սովալլուկ մանուկներու
Անվերջ քալող, խուճապահար բիւր-բիւրերու…
Պատկերներ որ անդուլ խուժեն մտքիս, սրտիս
Եւ հարցումը անպատասխան զիս կը մրկէ
-Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, Տէ՛ր իմ Աստուած, մեր ո՞ր մեղքին-
Եւ զայրոյթն է որ շնչահեղձ կ’ընէ հոգիս
Վրէժի բոցն է որ էութիւնս կը լափլիզէ
Ըմբոստութեան հուրն ու կայծն են որ բռնկին
Նոր ոյժ կու տան պայքարելու հզօր կամքիս…
-Պիտի ապրի՛նք, պիտ’ արարե՛նք մենք բազմակի
Պիտի շատնա՛նք, հզօրանա՛նք, բռունցքուի՛նք
Ու ծառանա՛նք, աշտարակուի՛նք մեր լեռան պէս
Որ խոյանայ բարձունքները աստուածամերձ….
Սա գերագոյն վրէ՛ժն է սուրբ որ պիտ’ լուծենք
Անշեղօրէ՛ն, յամառօրէ՛ն եւ ամրօրէ՛ն
Ի յիշատակ մեռելներուն միլիոն ու կէս
Յանուն գալիք սերունդներուն մեր լուսերես…