Պերճ Պռոշյան
Օր մը վարժապետ Շապուհը ներս մտաւ մեր բացօդեայ վարժարանէն եւ պոռաց.
-Ուղղուեցէ՛ք, կարգապա՛հ եղէք, փայտի պէս անշա՛րժ կեցէք ձեր տեղերը: Երեւանի վարժարանի տեսուչը եկած է, հիմա հոս կը հասնի. ձեզի հարց ու փորձ պիտի ընէ. վա՜յ անոր որ գիր մը իսկ կը սխալի. ճիպոտի տակ կը մեռցնեմ զինք…
Խեղճուկ Շապուհը տերեւի պէս կը դողար, դեփ-դեղին կտրեր էր, ակռաներն ալ կը կափկափէին:
Քիչ մը ետք հեւ ի հեւ ներս նետուեցաւ գիւղին գզիրը եւ յայտնեց տեսուչին գալուստը:
Քանի մը րոպէ ետք Աշտարակի մեծամեծներու առաջնորդութեամբ եկեղեցիին բակը մտաւ տեսուչը եւ մօտեցաւ մեզի:
Մենք, վարժապետին ըսածին պէս, ոտքի կայնեցանք, խոնարհելով, լռութեամբ բարեւեցինք:
Տեսուչն ալ բարեւնիս առաւ, յետոյ նստաւ խալիֆա Շապուհի միակ պարզուկ փայտէ աթոռին վրայ, մատովը զիս քովը կանչեց եւ հարցուց.
-Ինչո՞ւ համար դուն , փոքրիկս, հասակակիցներդ ձգած՝ մեծ տղոց քով նստած ես. երեւի մեծերը դասդ կը սորվեցնեն, հա՞:
-Անոնց չգիտցածը ես կը սորվեցնեմ, առաջին աշակերտն եմ,- համարձակութեամբ պատասխանեցի ես:
-Ինչպէ՞ս է որ դուն առաջին աշակերտն ես,- ըսաւ տեսուչը, քնքշօրէն քաշեց զիս, առաւ երկու ծունկերուն մէջտեղ ու հարցուց.
-Դուն դեռ թիզ մը չկաս, աս ահագին մազ մօրուքով մարդոց առաջի՞նն ես:
-Կ’ուզէք՝ վարժապետիս հարցուցէք:
-Հրաման ես, ողորմա՛ծ տէր, ատիկա մեր առաջին աշակերտն է:
-Ըհը, լաւ, ապրի՛ս,- գլուխս շոյեց տեսուչը եւ հարցուց.
-Եթէ դուն առաջին աշակերտն ես, ըսէ՛ նայիմ, հաց ու պանիր կարդացա՞ծ ես:
-Հաց ու պանիր ամէն օր կ’ուտեմ, դուք մեծ բաներ հարցուցէ՛ք:
-Եթէ այդպէս է, գնա՛ գիրքդ բեր, նայիմ դուն քերականութիւն գիտե՞ս,- զարմացաւ տեսուչը, նայելով մեր վարժապետին:
-Այո՛, ատոր պզտիկութեան մի նայիք, քերականութեան առաջին մասը վերջացուցած է եւ ամենքէն ալ լաւ կը սորվի,- պնդեց վարժապետը:
Տեսուչը մեզի հարցումներ ըրաւ, կարդալ՛ թարգմանել տուաւ մեր գրաբար կարճ գրութիւնները, ու հրամայեց որ նստինք տեղերնիս: Ժամի մը չափ ամէնքս ալ մէկ առ մէկ քննեց, ամենքէս ալ գոհ մնաց: Վարժապետին ձեռքն ալ թօթուեց, շնորհակալութիւն յայտնեց:
Խեղճ ուսուցիչին գլխուն ցաւ եղաւ շնորհակալութիւնը:
Ի՜նչ չարաճճի էի.մեղաւորը ես էի:
Ծեծի մասին պզտիկ տղու պարզութեամբ յայտնած խոստովանութիւնս պատճառ եղաւ որ տեսուչը երկար ու բարակ հարց ու փորձ ընէ ծեծի վերաբերմամբ: Շապուհ չծածկեց եւ պարծանքով յայտնեց թէ պատժելով լաւ արդիւնքի հասած է…
-Տղա՛ք, – դարձաւ տեսուչը դէպի մեզ,- եթէ խնդրեմ վարժապետէն, որ ասկէ ետք ձեզի չծեծէ, կը խոստանա՞ք դասերը միշտ լաւ պատրաստել:
-Կը խոստանանք,- գոչեցինք միաբերան:
-Անհո՛գ եղէք, ասկէ ետք կը դադրի ծեծը:
Ուսուցիչը ուզեց ապացուցել ծեծին անհրաժեշտութիւնը, բայց զուր էր:
Ուրիշ նորութիւն մըն ալ մտցուց տեսուչը. Զարմացաւ, երբ մեզմէ լսեց որ զկուած ենք լողալէ:
Նոյն իրիկունն իսկ մեզ տարաւ գետը: Աւազալիճ կոչուած լիճին մէջ լողացինք, ինքն ալ ՝ մեզի հետ:
Հիանալի լուղորդ էր տեսուչը, բայց մենք ալ անկէ պակաս չէինք:
Երեք օր անդադար մեզի այցելութեան կու գար տեսուչը: Չտեսնուած, չլսուած նորութիւններ կը մտցնէր գաւազանի ու ծեծի վարժուած աշակերտներուս մէջ: Նոր-նոր խաղեր կը սորվեցնէր, ինքը կը խաղար մեզի հետ եւ կը ստիպէր որ վարժապետն ալ հետեւի իր օրինակին:
Ծեծի օգտակարութեան գաղափարով տարուած մեր ուսուցիչը քաշուած էր հեռու անկիւն մը եւ օտար մարդու մը պէս կծկտած էր:
Հասկնալի է. անիկա միտքէն կ’անիծէր տեսուչին եկած ճամբան եւ անդադար կը սպասէր անոր երթալուն, կորսուելուն, որ լաւ մը վրէժ առնէ իր արդէն շփացած աշակերտներէն:
Չորրորդ օրը եօթանասուն տղաք, Շապուհ վարժապետը եւ գիւղին կէսը ոտքով կ’ընկերանայինք Երեւանի դպրոցի մեծապատիւ տեսուչին: Տեսուչն ինքը ուզած էր որ զինք ճամբու դնեն երգելով ու զուարճանալով:
Անիկս ձի չնստաւ. դպրոցականները շուրջը հաւաքած՝ մեզի խրախոյս տալով՝ ոտքով կ’երթար…
Անցանք գետին կամուրջը, մտանք ձորը:
Եթէ անիկա մեզ չարգիլէր, մենք պատրաստ էինք մեր սիրելի ու թանկագին հիւրին ընկերանալու մինչեւ Երեւան:
Մեզ ամէնքս ալ մի առ մի համբուրելէ ետք, իր հրաժեշտը տուաւ՝ ըսելով.
-Տղա՛ք, ձեր վարժապետը խոստացեր է ինծի ասկէ ետք ծեծը բոլորովին վերցնել. ամրան տաքին միայն առտուան եւ իրիկուան զով օդին դաս պիտի ընէք, իսկ միւս ժամերուն ազատ էք: Խոստացեր է ամէն օր իրիկուան դէմ ձեզ լողալու տանիլ, օրը երկու ժամ խաղցնել: Բայց, տղաք, եթէ որեւէ խնդրանք ունենաք, իրաւունք կու տամ գրաւոր դիմելու ինծի: Ես Երեւանի վարժարանի տեսուչն եմ, ձեր թուղթը ուղղակի վարժարան ուղարկեցէք: Մի՛ ամչնաք, ես ալ գիւղացի եմ, Քանաքեռ գիւղէն, անունս Խաչատուր Աբովեան է:
-Շատ շնորհակալ ենք,- գոչեցինք մենք:
Անիկա ձի նստաւ ու հեռացաւ:
Աբովեան բլուրին ետեւն էր արդէն, բայց մեր կեցցեները չէին դադրեր…
Գնաց մեր նոր գրականութեան լուսատու աստղը՝ հանրահռչակ Խաչատուր Աբովեանը, եւ մեր սիրտը տարաւ իր հետ:
Անիկա տարաւ նաեւ մեր վարժապետին հոգիին հանգիստը: Այն օրուընէ Շապուհի ոգեւորութիւնը մեռաւ:
Չեմ գիտեր, կը վախնա՞ր որ կը գրենք Աբովեանին, թէ իր տուած խոստումն էր որ կը կատարէր, յայտնի չէ…
Ալ անկէ ետք ծեծը դադրեցաւ: