ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիքայի եւ Հայաստանի հիւպատոսարաններուն, 2-9 Փետրուարին տեղի պիտի ունենան շարք մը ձեռնարկներ, շրջանի հայ եւ մեքսիքացի համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու նպատակով։
«Մեքսիքա-Հայկական մշակութային շաբաթ» անունով մկրտուած սոյն նախաձեռնութեան պաշտօնական բացումը պիտի կայանայ Փետրուար 2ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան մասնակցութեամբ, Վեն Նայսի քաղաքապետարանին մէջ։
Փետրուար 6ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ (117 S. Louise St., Glendale, CA 91205) տեղի պիտի ունենայ մեքսիքական «Աշակերտը» շարժապատկերին ներկայացումը, իսկ 8 Փետրուարին՝ գեղարուեստական ներկայացում մը «Կրենթ» երկորդրական վարժարանի աշակերտներուն համար։
Փետրուար 8ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Լոս Անճելըսի մօտ Մեքսիքայի հիւպատոսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան. վաղեմի եւ յաւիտենական» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ՝ «Խոստումը» ֆիլմի ներկայացումը։ Հիւպատոսարանին հասցէն է 2401 W. 6th St., Los Angeles, CA 90057։
9 Փետրուարին, գեղարուեստական ներկայացում մը պիտի կայանայ «Մետիսըն» միջնակարգ վարժարանի աշակերտներուն համար։
Նշենք, որ վարժարաններուն մէջ կայանալիք ձեռնարկները հանրութեան համար չեն։
Մեքսիքա-Հայկական մշակութային շաբաթը պիտի փակուի Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ կայանալիք ընդունելութեամբ մը, որուն մասնակցութիւնը հրաւէրով է միայն։