Մակար ի Գաղիա
Յունուարի ցուրտ հինգշաբթի: Համաճարակի զոհ ազգայինի մը թաղումն էր: Եկեղեցի գացեր էի: Հոն էր յարգանքի տուրքէ չխուսափող Կեդրոնականցին: Երեւելիներ չկային: «Ի վերին Երուսաղէմ»-էն եւ «Հայր մեր»-էն ետք ուղղուեցանք գետնուղի:
Հանգուցեալի մասին Արմենակ հետեւեալը պատմեց.
– Լաւ մարդ էր, ծառայասէր, իրատես եւ խօսքը ուղիղ ըսող էր: Քանի մը շաբաթ առաջ բուռն վէճ մը ունեցեր էր իշխանասէր-հայաստանասէրի մը հետ:
– Արմենա՛կ, հիմա ամէն տեղ վիճողներ կան, կը ներշնչուին ասդիէն-անդիէն լսուածէ: Հայաստանի Ազգային ժողովի կողմերը սփիւռքի մէջ ալ երկրպագուներ ունին, տեսակէտներ կը պաշտպանեն:
– Հանգուցեալը խօսակիցի մը ըսած է, որ 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներուն թիւը տեւաբար կ՛աճի: Երե՞ք, հի՞նգ, եօ՞թը, տա՞սը հազար: Թիւը վերջնական չէ, քանի որ դեռ կը գտնուին կամ կը յանձնուին աճիւններ: Ըսած է, որ երբե՛ք պիտի չգիտցուի մեր կորուստներուն թիւը:
Խօսակիցը ինքզինքին տալով իշխանութեան բանբերի դեր` ըսած է.
– Ինչ որ կ՛ըսես, հակաիշխանութիւն քարոզչութիւն է, կը կրկնես ընդդիմութեան չարախօսութիւնը: Պաշտօնապէս ըսին, որ զոհերուն թիւը չորս հազարէն պակաս է: Այդ թիւը աճեցնելով` կ՛ուզեն իշխանութիւնը վարկաբեկել:
Հանգուցեալը ողջմիտ մարդու պատասխան տուած է.
– Հազարներու թիւը չէ էականը, այլ նոյնիսկ` մէկ երիտասարդի կորուստը: Մէկ հոգիի կորուստն անգամ շատ է, իշխանութիւնը պատասխանատու է մէկ կեանքի կորուստի համար ալ: Կորուստները նպարավաճառի տետրակի մէջ գրուած թիւեր չեն:
Իշխանասէր-հայաստանասէրը, անցեալի «ժողովուրդներու պզտիկ հայր» Ստալինը խուփ ականջներով եւ աչքերով երգողներու պէս, դժգոհութեամբ ըսած է.
– Ձեզիպէսները, Հայաստան եւ դուրսը, կ՛ուզէք, որ նախկինները գան եւ շարունակեն կողոպուտը, կոռուպցիան:
Հանգուցեալը ըսած է.
– Բարեկա՛մ, կը կարդա՞ս Հայաստանի թերթերը, կը լսե՞ս պարգեւավճարներու, առանձնատուներու, ընտանիքի անդամներով ճամբորդութիւններու, անոնց տրամադրուած զրահապատ ինքնաշարժներու, թիկնապահներու ընկերակցութեամբ տեղափոխութիւններու եւ այլ ճոխութիւններու մասին:
– Այդ բոլորը իշխանութեան վարկաբեկման ծառայող քարոզչութիւն է,- ըսած է հայաստանասէր-իշխանասէրը:
Արմենակ ըսաւ, որ գնացքի ժամանումը վերջ տուած է գետնուղիական (մեթրոյական) քաղաքական բանավէճին: Եւ միշտ արեւելքցի կամ մերօրեայ քաղաքագէտ ֆաքիրներու պէս, աւելցուց.
– Մակա՛րս, մի՞թէ «ժողովուրդներու պզտիկ հայր» Ստալինի, ներսի եւ դուրսի անփոխարինելի մեծ կամ պզտիկ ստալիններու հանդէպ առանց նախապայմաններու սէր ունենալու վարքը մեր ազգային բա՞րքն է ու փա՞ռքը:
Համաճարակին պատճառով հոգեճաշ չկար, եւ հազիւ դագաղակիր կառքը մեկնած` սգակիրները անհետացան:
Հանգուցեալին եւ իր խօսակիցին վէճը պիտի շարունակուի գործատեղիներու, սրճարաններու մէջ եւ փողոցը, գետնուղիի քարափին կամ հանրակառքի կանգառին:
Արմենակ փիլիսոփայեց.
– Չկայ իրաւ սէր` առանց կիրքի, իսկ կիրքը կը տեւէ նաեւ առանց սիրոյ:
– Այսպէս չէ՞ ներսի եւ դուրսի հայ կեանքը, ուր տէր ունենալու կիրքը արեւին տակ հայ կեանքի հին-նոր ոճ է,- ըսի, երբ կը բաժնուէինք:
17 յունուար 2022