ՆԱԶԵԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մէկ առանցքը կը կազմէ խոհանոցի աշխատանքը` տարեցներու պնակ մը ճաշ մատակարարելը, որ սկսած էր տարիներ առաջ եւ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Խոհանոցի ծրագիրը յաջողած է շնորհիւ բարերարներ Վաչէ Տէկիրմէնճեանին եւ Պերճ Կիւլպէնկեանին կատարած ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ այլ ազգայիններու զօրակցութեան:
Կարիքաւոր տարեցներու համար սովորութիւն դարձած էր շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ այցելել «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի կողքին գտնուող «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարան, որպէսզի իրարու քով գալով մերթ խօսին իրենց առօրեայ հոգերէն, մերթ զրուցեն խաչուհիներուն հետ, ապա ճաշակեն իրենց համար պատրաստուած համեղ ճաշերը եւ ուրախ պահեր անցընեն ԼՕԽ-ի երդիքին տակ:
Սովորական դարձած այս երեւոյթը, այլ սովորութիւններու կողքին, փոփոխութիւն կրեց «Քորոնա» ժահրին յայտնաբերումէն ետք: Շրջանային վարչութիւնը մտահոգ էր իր կարիքաւորներով, որովհետեւ դժուար պիտի ըլլար զանոնք իր յարկին ներքեւ համախմբել եւ գուրգուրալ այնքան ատեն որ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար սահմանուած էին յատուկ օրէնքներ:
Միաժամանակ, ստեղծուած արտակարգ պայմաններուն մէջ գաղութիս մէջ յառաջացաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը, որուն նպատակն էր փութալ հայ ժողովուրդի ընկերային թէ առողջապահական կարիքներուն: Այս մարմինին մաս կազմեց նաեւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Բնականաբար գաղութիս կարիքներուն օժանդակելու նպատակով ԼՕԽ-ը, իր ձեւով, պատրաստ էր տաք ճաշ հայթայթելու բոլոր անոնց, որոնք կը դիմէին իրեն եւ կամ շրջաններու ՀՅԴ «Ժողովրդային տուն»-երուն մէջ ներկայ մեր տղոց:
Չէ՞ որ խաչուհիներ ուխտած էին ժողովուրդին հետ ըլլալ: Չէ՞ որ ստեղծուած իրավիճակը արդէն պատգամ մըն էր իրենց` ուխտը գործի վերածելու: Ուստի հարկ էր նոր թափով սկսիլ:
Շաբթուան մը դադարէ ետք խոհանոցի ծրագիրը վերակենդանացաւ: Խաչուհիներ, նախազգուշական միջոցներ որդեգրելով, վերադարձան խոհանոցի բնականոն աշխատանքին: Խոհանոցի յանձնախումբի ընկերուհիները բծախնդրութեամբ պատրաստեցին մատուցուելիք ճաշացուցակը, ապահովեցին ուտեստեղէնը, ինչպէս նաեւ կատարեցին կարիքաւոր պարագաներու բնակարանային հասցէներու ցանկագրում: Կը մնար գործի անցնիլ եւ ճաշը ապահով հասցնել պարագաներուն տուները: Այդ մէկն ալ լուծուեցաւ, որովհետեւ պնակ մը տաք ճաշի բաշխումը պիտի կատարէին շրջաններուն մեր տղաքը:
Ինչ լաւ, որ արտակարգ պայմաններուն համար գտնուեցան համապատասխան լուծումներ: Ամէն երեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն ԼՕԽ-ի խոհանոցին մէջ ժողովուրդին ծառայելու աշխատանքը շարունակուեցաւ: Յանձնախումբի ընկերուհիներուն միացան մասնաճիւղերու այլ ընկերուհիներ եւս եւ` շրջապատին ծառայելու, հայորդի մը ուրախացնելու հոգեկան գոհունակութեամբ, աւելի մեծ եռանդով սկսան պատրաստել ճաշերն ու սիրով կատարել յաջորդող աշխատանքները: Իւրաքանչիւր անգամ ակներեւ դարձաւ ճաշը պահանջուած քանակին համաձայն եւ անկէ աւելի պատրաստելու ճիգը:
«Հարց չէ՛, թող աւելնայ եւ չպակսի» , «Ամէնուն համար ալ կը պատրաստենք», «Խնդիր չէ նոյնիսկ եթէ այսօր պահանջքը աւելի է, բաւարար ճաշ ունինք, կրնանք ղրկել», «Աւելորդ ծրարներ ալ պատրաստենք, թերեւս ցանկերէն դուրս դիմողներ ալ ունենանք», «Եթէ տղաքը աւելի խնդրեն, մի՛ վարանիք, ղրկեցէք», «Ընկերուհինե՛ր, մենք հաշուի առնենք, որ օր ըստ օրէ պարագաներուն թիւը կրնայ աւելնալ», «Այսօրուան մեր ճաշին համար նուիրատուէ մը օժանդակութիւն ստացանք», «Օրհնեալ ըլլան բոլոր նուիրատուները եւ նուիրեալները» խօսքերը շարունակ կ՛արձագանգեն խոհանոցին մէջ: Եւ ընկերուհիներ, հմուտ խոհարարներ դարձած, մեծ կաթսաներուն դիմաց անցած, ոգեւորութեամբ կ՛աշխատին: Անոնց աշխատանքը կ՛ամբողջացնեն մեր շրջաններու տղաքը, մեր ընկերները: Ճաշի մատակարարումի օրերուն տարեցներուն դանդաղ քայլերուն փոխարէն խոհանոցին գետինը կը դղրդայ մեր տղոց ոտքերուն թոփիւններէն: Տարեցներուն խօսքերուն փոխարէն խոհանոցին մէջ կը լսուին մեր տղոց խանդավառ եւ ուրախ կանչերը:
«Ընկերուհի՛, Արագածի տղաքը հասան» կը կանչէ մէկը: «Ռաուտայի ընկերներն ալ հոս են, անոնց բաժինները պատրա՞ստ են», հարց կու տայ ուրիշ մը: «Թեհլիրեանէն կը հարցնեն, ընկերները ե՞րբ ղրկենք ճաշերը ստանձնելու», «Ընկերուհի՛, այսօր մեր թիւը աւելցած է: Կարելի՞ է աւելցնել մեր բաժինը», «Վարձքերնիդ կատա՛ր, ընկերուհինե՛ր, շատ շնորհակալ ենք», «Ընկերուհի մեր բաժինը ա՞յս է, կրնանք ստանձնել» եւ նման բացագանչութիւններ աշխուժ մթնոլորտ մը կը յառաջացնեն խոհանոցին մէջ ու կը բազմապատկեն խաչուհիներուն կորովը:
Երկրին մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին իբրեւ հետեւանք ԼՕԽ-ի խոհանոցին մէջ յառաջացաւ արտակարգ երեւոյթ մը, որուն մասին կարելի չէ չխօսիլ, որմէ կարելի չէ չազդուիլ: Եթէ մինչեւ օրս պայմանները խաղաղ էին, եւ ընկերուհիներն ու ընկերները իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ, իր ձեւերով կը ծառայէր ժողովուրդին, այսօր ընկերուհիներն ու ընկերները` ձեռք ձեռքի տալով, միասնաբար կը ծառայեն մեր հայազգի զաւակներուն: Խաչուհիին ձեռքերով պատրաստուած ճաշը մեր ընկերներուն ձեռքերով կը հասնի հայորդիներուն:
Որեւէ հաւաքական աշխատանք կատարելը ինքնին դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ե՛ւ աշխատանքին մասնակիցներուն, ե՛ւ անոր բարիքները ստացողներուն վրայ: Հապա եթէ այդ աշխատանքը կ՛իրագործուի խաչուհիներուն եւ մեր տղոց կողմէ` ժողովուրդին ծառայելու նպատակով: Հապա եթէ այդ աշխատանքին մէջ կայ բարեսիրութիւն գործելու կուռ հաւատք: Հապա եթէ այդ աշխատանքին մէջ կայ միասնականութիւն եւ նուիրուածութիւն:
Վերջապէս «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրիս արտակարգ իրավիճակը ԼՕԽ-ի խոհանոցին մէջ ստեղծեց միասնաբար ծառայելու խրախուսիչ եւ տպաւորիչ երեւոյթ մը: