Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան կազմակերպչական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, եւ անցնող երկու օրերուն ծրարներու պատրաստութիւնը սկսաւ: Երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ մեծ խանդավառութեամբ լծուած էին աշխատանքի` պատրաստելու համար Նոր տարուան առիթով հայ ընտանիքներու Ամանորը շնորհաւորող ուտեստեղէնի եւ կաղանդչէքի սնտուկները:
Ինչպէս մամուլով յայտարարուած էր, Նոր տարուան սեմին Հայկական երեսփոխանական պլոքը, մասնակցութեամբ շրջաններու կոմիտէութիւններու եւ ուղեկից միաւորներու անդամներուն, պիտի այցելէ ընտանիքներուն` շնորհաւորելով բոլորին Ամանորը:
Այս ծիրին մէջ կը շարունակուին նաեւ նոյն ծրագիրի նուիրահաւաքի աշխատանքները: