Երէկ` 12 փետրուարի առաւօտեան «Վանայ ձայն»-էն յայտարարուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնենք հայ ընտանիք մը» ծրագիրին առիթով կազմակերպուած վիճակաձգութեան արդիւնքները: Շահող թիւերն են 909, 601, 667, 498, 530, 709, 1160, 157, 906, 317, 569, 1070, 578, 1229 եւ 938:
Այս առիթով «Վանայ ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանին հետ: Ան յայտնեց, թէ այս ծրագիրին ճամբով Նոր տարուան առիթով կարելի եղաւ շնորհաւորել 1260 հայ ընտանիք: Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամները, ընկերակցութեամբ տարբեր շրջաններու մէջ գործող կոմիտէներուն եւ ուղեկից միութեանց ներկայացուցիչներուն, այցելեցին նաեւ մեծ թիւով ընտանիքներու, որոնց յանձնեցին նուէրները: Այցելութիւնները առիթ հանդիսացան, որ անգամ մը եւս երեսփոխաններն ու շրջանի մէջ գործող մարմինները ծանօթանան ժողովուրդի տարբեր կարիքներուն ու ակնկալութիւններուն, ինչ որ կենսական նշանակութիւն ունի ժողովուրդին հետ կապի յաւելեալ սերտացման:
Այս առիթով Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրի իրականացման մէջ դերակատար դարձած բոլոր կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն` շեշտելով, որ լիբանանահայութիւնը դարձեալ ցոյց տուաւ այսօրուան ընկերատնտեսական ճգնաժամը միասնաբար յաղթահարելու կամք ու վճռակամութիւն:
Յ. Հաւաթեան անդրադարձաւ նաեւ Նոր տարուան առիթով Ազգային առաջնորդարանի թէ այլ միութեանց ճամբով կազմակերպուած զանազան նախաձեռնութիւններուն, որոնք տօնական օրերուն ստեղծեցին համակող ու դաստիարակիչ մթնոլորտ մը` յատկապէս նորահաս սերունդին համար: Ան նաեւ շեշտեց այս փուլին հաւաքական ճիգով մարտահրաւէրը դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով հայաշխարհին կողմէ լիբանանահայութեան նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամը յայտնեց, որ այս իրողութիւնը ունի խորիմաստ պատգամ ու նշանակութիւն` տրուած ըլլալով, որ լիբանանահայ գաղութը ունի իր առանձնայատուկ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի համահայկական ու համազգային երթին մէջ, հետեւաբար` համընդհանուր զօրակցութեան երեւոյթը խօսուն վկայութիւնն է լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը անխախտ ու զայն միշտ պատնէշի վրայ տեսնելու ակնկալութեան:
Հաւաթեան ըսաւ, որ տնտեսական կացութիւնը տակաւին իր ծանր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ գաղութի բոլոր զաւակներուն ու հաւաքական կեանքի մարզերուն վրայ, ուստի բնականաբար առկայ մտահոգութիւններն ու տագնապները արդարացի ու իրապաշտ են, սակայն յուսալքումն ու խուճապը այս փուլին չեն նպաստեր լիբանանահայութեան կենսունակութեան ու աշխատանքին: «Այս գաղութը բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւած է պատուով եւ քաջութեամբ ու պէտք է հաւատալ ու համոզուիլ, որ այս անգամ ե՛ւս ան տէրը պիտի կանգնի իր պարտաւորութեանց, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ շարունակէ իր երթը ու վառ պահէ այս գաղութի նկատմամբ հաւատքն ու վստահութիւնը», եզրափակեց Հաւաթեան:
Աւարտին կատարուեցաւ վիճակաձգութիւնը` ճշդելու համար 15 բախտաւորներ, որոնք պիտի ստանան նիւթական խորհրդանշական պարգեւներ: Իւրաքանչիւր բախտաւոր պիտի այցելէ «Վանայ ձայն» եւ ստանայ իր նուէրը: