Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգները Կը Պատասխանէ Ատրպէյճանի Սպառնալիքներուն

September 15, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Միացեալ Նահանգները Կը Պատասխանէ Ատրպէյճանի Սպառնալիքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ, կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն քաղաքական լուծման՝ համոզուած ըլլալով, որ միայն տագնապի համապարփակ լուծումը կրնայ կարգաւորել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները:

«Արմէնփրէս»ի հարցումին պատասխանելով՝ այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն՝ արձագանգելով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան վարչութեան պետ Լէյլա Ապտուլաեւայի յայտարարութեան:

«Որպէս Մինսկի խմբի համանախագահ, մենք շարունակում ենք հաւատարիմ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու քաղաքական կարգաւորմանը։ Այդ նպատակին հասնելու համար կոչ ենք անում Հայաստանին եւ Ադրբեջանին հնարաւորինս շուտ վերադառնալ բովանդակային քննարկումների՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների հովանու ներքոյ: Միայն համապարփակ լուծումը, որն անդրադառնում է բոլոր չլուծուած խնդիրներին, կարող է կարգաւորել երկու երկրների միջեւ յարաբերութիւնները եւ թոյլ տալ տարածաշրջանի բնակիչներին միասին ապրել խաղաղ պայմաններում», յայտնեցին դեսպանատունէն։

Նշենք, որ Լէյլա Ապտուլաեւա, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի`11 Սեպտեմբերի այն մեկնաբանութեան, ըստ որուն, իր երկիրը Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը տակաւին լուծուած չի նկատեր, անընդունելի նկատած էր։

«Այդ տարածքները («Արեւելեան Զանգեզուրը  եւ Ղարաբաղը») Ատրպէյճանի անքակտելի մաս են, եւ որեւէ կարգավիճակի մասին հարց չի կրնար ըլլալ», շեշտած էր Ապտուլաեւա՝ աւելցնելով, թէ ամերիկեան կողմի նման յայտարարութիւնները «կը վտանգեն» ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հետագայ գործունէութեան ապագան:

Previous Post

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Next Post

Անգարա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Պաքուին

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.