ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 9 Մայիսին, Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ յայտնեց, որ իր դեսպանատունը պատրաստ է Հայաստանի նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք աշխատիլ անոր հետ եւ շարունակել գործընկերութիւնը:
Ըստ դեսպանին՝ Միացեալ Նահանգները, ամերիկեան կառավարութիւնը, Հայաստանի մէջ անոր դեսպանութիւնը ոգեշնչուած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներով, խաղաղ ընթացքով եւ հանգուցալուծումով:
«Մենք կը շնորհաւորենք պարոն Փաշինեանը վարչապետի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով: Ժամանակն է, որ կառուցուին կամուրջներ, լարուածութիւնը թուլանայ եւ կառուցուի այն նոր Հայաստանը, զոր կը պահանջէին եւ որուն համար փողոց դուրս եկած էին այդքան մեծ թիւով մարդիկ», յայտնեց Միլզ՝ աւելցնելով, որ յառաջիկայ օրերուն, ամիսներուն ընթացքին դեսպանութիւնը պիտի աշխատի նոր կառավարութեան հետ՝ տեսնելու համար, թէ Միացեալ Նահանգները ինչով կրնայ օգտակար դառնալ Հայաստանի մէջ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ աւելի ազատ տնտեսութեան ձեւաւորման: