Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Պատրաստակամ Է Աջակցելու Հայաստանի Բարեփոխումներուն

July 14, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
ԱՄՆ Պետքարտուղարը Փաշինյանի հետ զրույցում ԱՄՆ պատրաստակամությունն է հայտնել ՀՀ-ում բարեփոխումների աջակցման հարցում

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական  քարտուղար  Անթոնի Պլինքընի հետ։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ ամերիկեան կողմը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին առթիւ` ընդգծելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ վերջին տարիներուն ձեռնարկուած հետեւողական քայլերը` Հայաստանի ժողովրդավարական ձեռքբերումներու ապահովման առումով: Այս պարունակին մէջ, նախարարը գնահատեց Նիկոլ Փաշինեանի գործադրած ջանքերը` երկրին մէջ նախընտրական շրջանին ստեղծուած լարուածութիւնը խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու եւ ընդդիմութեան հետ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ կառուցելու ուղղութեամբ:

Պլինքըն շեշտեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգին կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ պայքարին եւ արդարադատութեան ոլորտին մէջ՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ է շարունակելու օժանդակութիւնը այս ուղղութեամբ: Նոյն ժամանակ ան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ գործընկերութիւնը խարսխուած է ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը` Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններուն, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ ոստիկանութեան գործունէութեան մեկնարկին ուղղութեամբ՝ յոյս յայտնելով, որ ամերիկեան օժանդակութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ ամբողջացնելու այդ գործընթացը:

Փաշինեան գնահատեց Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուար Ֆիլ Ռիքըրի` մէկ ամիս առաջ Ատրպէյճանէն հայ գերիներու վերադարձի գործընթացին մէջ ներդրած ջանքերը: Իբրեւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման առանցքային հարցեր` ան կարեւոր նկատեց գերիներու վերադարձի եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու դուրս բերման հարցերը:

Պլինքըն  հաստատեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել բոլոր գերիներու վերադարձը ապահովելու համար: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ ան յոյժ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան վերականգնումը` ընդգծելով խաղաղ գործընթացի յստակ օրակարգի մշակման անհրաժեշտութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ գտնելու հակամարտութեան կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում:

Այս պարունակին մէջ Նիկոլ Փաշինեան եւս շեշտեց, որ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ եւ կը պահանջէ համապարփակ լուծում, որուն կարելի է հասնիլ բացառապէս Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ:

Ամերիկեան կողմը նշեց, որ համաձայն է վարչապետի պաշտօնակատարի այն դիտարկման, որ սթաթուս քոն չի կրնար կայուն ըլլալ, եւ Մինսքի խումբի համանախագահութեան համար անհրաժեշտ է յստակ օրակարգ, որ պիտի նպաստէ բանակցութիւններու յաջողութեան:

Previous Post

CHP leader warns against provocations similar to disrespectful act at Istanbul church

Next Post

Sicko UK

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.