Դատաւոր Մոհամետ Մազեհի կողմէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ հարցազրոյց կատարելն ու անոր յայտարարութիւնները սփռելը արգիլող դատական վճիռին լոյսին տակ շաբաթ եւ կիրակի օրերը լիբանանեան եւ ամերիկեան մակարդակներու վրայ արձանագրուեցան զանազան իրադարձութիւններ, արտայայտուեցան տարբեր կարծիքներ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն գծով եղան կանխատեսումներ:
Արդարեւ, Սուրի մէջ հրատապ հարցերու դատաւոր Մոհամետ Մազեհ 27 յունիսին հրապարակեց դատական վճիռ մը, որով արգիլեց լիբանանեան եւ Լիբանանի տարածքին գործող օտար լրատուամիջոցներուն (տպագիր, ելեկտրոնային եւ լսատեսողական) մէկ տարուան համար Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ հարցազրոյց կատարել: Ան նշեց, որ այս վճիռին չենթարկուող լրատուամիջոցներուն աշխատանքը պիտի դադրեցուի մէկ տարուան համար, ինչպէս նաեւ անոնք 200 հազար տոլարի տուգանք պիտի վճարեն:
Այս վճիռին պատճառը Ֆաթեն Ալի Քասիր անունով քաղաքացիի մը կողմէ ներկայացուած դատական դիմումն էր. դատաւորը իր վճիռին մէջ նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը «Հատաս Արապիա» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հըզպալլային, ինչ որ միջամտութիւն է լիբանանեան հարցերուն եւ շրջանցում է դիւանագիտական ընդունուած կարգերուն` միջազգային համաձայնագիրներով եւ Վիեննայի պայմանագրութեամբ ամրապնդուած: Դատաւոր Մազեհ դիտել տուաւ, որ նման յայտարարութիւններ կը վիրաւորեն զգացումները քաղաքացիներուն, որոնցմէ է Ֆաթեն Ալի Քասիրը, ինչպէս նաեւ պատճառ կը դառնայ լիբանանցի ժողովուրդի պառակտման` յառաջացնելով համայնքային, յարանուանական ու քաղաքական լարուածութիւն եւ ձէթ թափելով սադրանքի կրակին վրայ, զոր մարելու համար լիբանանցիներ, շրջանային ու միջազգային ընտանիքը նախորդ փուլին մեծ ճիգ ի գործ դրած են:
«Նաշրա» յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մօտէն կը հետեւի այս հարցին: Ըստ լրատուամիջոցին, Սպիտակ տան պատասխանատուներ այս գծով կապ հաստատեցին լիբանանեան իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, որպէսզի տեղեակ ըլլան զարգացումներէն:
Երէկ` կիրակի, 28 յունիսին յայտարարուեցաւ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի այսօր` երկուշաբթի, 29 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, իր մօտ հրաւիրած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` անոր կատարած վերջին յայտարարութիւններուն պատճառով:
Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յատկապէս անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին այն յայտարարութեան, որ լիբանանեան կառավարութենէն բարձրաստիճան անձնաւորութիւն մը ներում խնդրած է իրմէ: Ապտել Սամատ հաստատեց, որ լիբանանեան կառավարութենէն ոչ ոք ներում հայցած է դեսպան Շիայէն` շեշտելով, որ ինք այս առնչութեամբ կապ հաստատած է վարչապետ Տիապի եւ միւս նախարարներուն հետ, որպէսզի վստահ ըլլայ այս տեղեկութենէն:
Ան շեշտեց. «Կառավարութիւնն ու վարչապետը կը յարգեն դատական իշխանութիւնները, անկախ անկէ, որ տարակարծութիւններ գոյութիւն կրնան ունենալ: Ցարդ ոչ մէկ պաշտօնական ներում հայցուած է ամերիկեան դեսպանատունէն»: Նախարար Սամատ դեսպանատունէն խնդրեց յստակացնել, թէ ո՛վ կապուած է ներում հայցելու նպատակով, որովհետեւ կառավարութիւնը ոչ ոքի նման պարտականութիւն տուած է` հաստատելով, որ վարչապետ Տիապ կը շեշտէ, որ դատական իշխանութեան աշխատանքներուն միջամուխ պէտք չէ ըլլալ:
Տեղեկատուութեան նախարարը նաեւ դիտել տուաւ, որ օրէնքով դատաւորը իրաւունք չունի տալու այնպիսի որոշում, որով լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլուի որեւէ լուր հաղորդել կամ յայտարարութիւններ սփռել, որովհետեւ ասիկա լրագրութեան ազատութեան ոտնակոխում է, նաեւ կը հակասէ լսատեսողական լրատուամիջոցներու եւ հրատարակութիւններու օրէնքին, որ տեղեկատուութեան նախարարը կ՛իրազեկէ գրաքննութիւն կատարել` իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ, իսկ եթէ չափազանց վրդովեցուցիչ կամ ոճիրի համազօր դէպք մը արձանագրուի, այն ատեն նախարարը` բողոքներու հիման վրայ կամ ինքնիր կամքով, կը խորհրդակցի Տեղեկատուութեան ազգային խորհուրդին հետ եւ համապատասխան քայլերու կը դիմէ:
Ան հաստատեց, որ տեղեկատուութեան նախարարութեան տեսակէտը չէ առնուած այդ որոշումի հրապարակումին գծով` դիտել տալով, որ լրատուամիջոցներուն ազատութիւնը օրէնքով պահպանուած է, եւ զայն խախտելու որեւէ արարքի պարագային նախարարութիւնը պարտի համապատասխան քայլեր առնել:
Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Եւ
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Անդրադարձը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ իր դեսպանին հաշուոյն տրուած որոշումին` դատապարտելով Հըզպալլան «լիբանանեան լրատուամիջոցները լռեցնելու փորձ կատարելու յանցանքով» եւ նշելով, թէ եղածը խղճալի է: Ըստ նախարարութեան, նոյնիսկ մտածելը այն մասին, որ դատական համակարգը կ՛օգտագործուի լրատուութեան ազատութիւնը կաշկանդելու` անհեթեթութիւն է: Շեշտուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը կանգնին լիբանանցի ժողովուրդին կողքին` «Հըզպալլայի գրաքննութեան դէմ»:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը 27 յունիսին յայտարարեց, որ դեսպանատունը լուռ պիտի չմնայ, եւ որ լիբանանեան կառավարութիւնը դատաւոր Մոհամետ Մազեհի արձակած վճիռին համար ներում հայցեց:
28 յունիսին դեսպան Շիա պատասխանեց տեղեկատուութեան նախարարին այն յայտարարութեան, թէ` լիբանանեան կառավարութիւնը ներում չէ հայցած իրմէ` դատաւոր Մազեհի վճիռին համար` շեշտելով. «Ցաւ ի սիրտ, կարծեմ տեղեկատուութեան նախարարը չունի անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, ուստի պիտի սպասեմ, որ կառավարութիւնը ինքնիր մասին խօսի»: Ան հաստատեց, որ շաբաթ յետմիջօրէին կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը ներում հայցած էր դատաւոր Մոհամետ Մազեհի որոշումին համար` դիտել տալով, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմէ որոշումը չեղեալ նկատելու ուղղութեամբ:
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպանը յայտնեց, որ օրեր առաջ «Հատաս Արապիա»-էն ըսած էր, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպառնական խօսքը պատշաճ չէ, իսկ իր կողմէ կատարուած յարձակումէն կուսակցութիւնը վախ զգաց, որովհետեւ դեսպանը լուսարձակի տակ առաւ Հըզպալլայի այն արարքները, որոնք իրենց անդրադարձը կ՛ունենան լիբանանեան տնտեսական տագնապին վրայ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսաւ, թէ դատաւոր Մազեհի որոշումը կ՛ազդէ լրատուութեան ազատութեան վրայ` աւելցնելով, որ փորձ կը կատարուի լռեցնել լրատուութեան ձայնը այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր լրատուական աշխուժութիւնը բնորոշ է: Ըստ անոր, ասիկա ցաւալի է, եւ փափաքելի չէ, որ «Լիբանան դառնայ Իրանի նման երկիր մը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս դէպքը կրնա՞յ իր անդրադարձը ունենալ լիբանանեան եւ ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ` դեսպան Շիա ըսաւ. «Ցաւ ի սիրտ այս դէպքը պիտի ազդէ լիբանանցի ժողովուրդին վրայ, որ կ՛ուզէ ամբողջական պատմութիւնը գիտնալ, սակայն անձնական եզրակացութիւններ տալ»: Անոր համաձայն, ինք քաղաքակիրթ քննարկում կատարեց «Հատաս»-ի հետ` հեռու բռնութեան ու սպառնալիքի լեզուէն: «Կը ցաւիմ, բայց այս դէպքին պատճառով սեւ կէտ պիտի դրուի Լիբանանի վարկին ու համբաւին վրայ, որովհետեւ միջազգային լրատուամիջոցները եւս անդրադարձան այս բոլորին», նշեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
Ան կոչ ուղղեց իշխանութիւններուն` կեդրոնանալու երկիրը յուզող աւելի հրատապ խնդիրներու, յատկապէս տնտեսական բարեկարգումներուն վրայ, որոնք կարեւոր են ապահովելու օժանդակութիւններ` երկիրը այս տագնապէն դուրս հանող:
Դեսպանը «Էլ. Պի. Սի.» կայանին յայտնեց, որ լիբանանեան բարձրաստիճան կողմեր վստահեցուցած են իրեն, որ այս անպատշաճ դատական որոշումին համար պատշաճ լուծում պիտի տրուի:
Դատաւոր Մազեհ Անհրաժեշտութեան
Պարագային Պիտի Հրաժարի
Կիրակի, 28 յունիսին լուրեր շրջան ըրին այն մասին, որ Սուրի մէջ հրատապ հարցերու դատաւոր Մոհամետ Մազեհ պիտի կանչուի Արդարադատական հետաքննութեան մարմին` լսելու համար անոր բացատրութիւնը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հաշուոյն տրուած դատական որոշումին առնչուող:
Մ. Մազեհ շուտով անդրադարձաւ այս լուրերուն` հաղորդագրութեամբ մը յայտնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի հրաժարի եւ պիտի չկանգնի Արդարադատական հետաքննութեան մարմինին դիմաց: Ան նշեց, որ պաշտօնական ոչ մէկ բան ստացած է այս գծով, իսկ նման բանի առկայութեան պարագային իր հրաժարականը արդէն պատրաստ է, եւ իսկոյն պիտի ներկայացնէ զայն: «Խիղճս հանգիստ է եւ որոշումը տուի ամբողջական համոզումով, իսկ նման որոշումի հիմք ծառայող օրէնքները կցած եմ համապատասխան թղթածրարին», շեշտեց Սուրի դատաւորը:
Աւելի ուշ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ հերքեց այն լուրերը, թէ Մոհամետ Մազեհ կանչուած է Արդարադատական հետաքննութեան մարմինին կողմէ: Ան դիտել տուաւ, որ մարմինը իր ժողովը պիտի գումարէ երեքշաբթի օր, իսկ եթէ անհրաժեշտ նկատուի, անիկա պիտի փոխադրուի երկուշաբթի օրուան:
Երեսփոխան Ֆատլալլա Եղածը Լիբանանեան
Գերիշխանութեան Ոտնակոխում Կը Նկատէ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլահ եւս անդրադարձաւ այս որոշումին եւ անոր առնչուած զարգացումներուն` դիտել տալով, որ ամերիկեան վարչակարգին եւ անոր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կողմէ ի գործ դրուած գրգռութիւն յառաջացնելու ու շփոթ ստեղծելու ճիգերը` ընդդէմ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան, խեղճ փորձեր են ծածկելու այն դաւադրական դերակատարութիւնը, զոր Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը կը կատարէ լիբանանցիներուն ապրուստին եւ լիբանանեան դրամանիշին հարուած հասցնելու առումով: Բան մը, զոր բացայայտեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը եւ ճշդեց ազգային այն շրջագիծը, որուն պէտք է դիմուի այս դաւադրութեան դէմ դնելու համար` ամերիկեան գերիշխանութենէն դուրս:
Երեսփոխան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին վերջին յայտարարութիւնները յստակ ոտնակոխում են լիբանանեան գերիշխանութեան եւ ազգային արժանապատուութեան, վնաս կը հասցնեն ժողովուրդին սրբութիւններուն եւ նահատակներուն թափած արեան, որով անոնք ազատագրեցին լիբանանեան հողերն ու պաշտպանեցին ժողովուրդը` Իսրայէլի միջոցով մղուած ամերիկեան պատերազմներուն ընթացքին, որպէսզի Լիբանան ներկայութիւն մնայ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւններու քարտէսին վրայ:
Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչուած է անմիջական քայլերու դիմելու, որպէսզի դեսպանը միջազգային օրէնքը յարգէ եւ իրեն տրուած իրաւասութիւններու սահմանին մէջ մնայ: Ան նաեւ քննադատեց լիբանանեան ներքին կեանքէն հնչող եւ դեսպանին զօրակցող ձայները, որոնց տէրերը տակաւին դասեր չքաղեցին անցեալի փորձառութիւններէն, որոնք ցոյց տուին, թէ Միացեալ Նահանգներուն վրայ դրուած գրաւը միշտ ալ վնասակար ու ձախող եղած է: Երեսփոխանը շեշտեց, որ նման անձնաւորութիւններ պէտք է կանգնին իրենց ժողովուրդին եւ սահմանադրութեան կողքին, պաշտպանեն երկրին ոտնակոխուած ազատութիւնն ու լիբանանցիներուն օրուան հացը:
Ռայի Պատրիարք Զարմանք Յայտնեց
Դատաւորին Որոշումին Գծով
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ դատաւոր Մազեհի որոշումին` հաստատելով, որ Լիբանան կը յատկանշուի ազատ խօսքի եւ արտայայտութեան նկատմամբ ունեցած յարգանքով: Անոր համաձայն, Լիբանան նաեւ միջազգային օրէնքներով եւ ուխտերով կառչած է այս ազատութեան: Ան ցաւ յայտնեց, որ դատաւոր մը նման վճիռ արձակած է` հզօր պետութիւն մը ներկայացնող դիւանագէտը արգիլելով իր կարծիքը արտայայտելու իրաւունքէն եւ լրատուամիջոցներէն յայտարարութիւն կատարելէ:
Ռայի պատրիարք դիտել տուաւ, որ ասիկա լիբանանեան դատական համակարգին պատկերը խեղաթիւրող քայլ է, որ կը հակասէ օրինականութեան, կը խախտէ միջազգային համաձայնագիրներն ու դիւանագիտական պայմանաւորուածութիւնները: Ուստի, ան դատապարտելի նկատեց այս քայլը եւ հարկ համարեց սրբագրել զայն: