Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Տէյվիտ Վալատաօ (հանրապետական), Պրետ Շըրմըն (Դեմոկրատական) եւ 29 այլ քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարին կոչ ուղղած են վերատեսութեան ենթարկելու Հայաստանի հետ գործող Կրկնակի հարկման մասին համաձայնագիրը` նշելով, որ անիկա կնքուած է 40 տարի առաջ` Խորհրդային Միութեան գոյութեան տարիներուն:
Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիւըն Մնուչին Քոնկրեսի մէջ լսումներու ընթացքին յայտարարած է, որ իր ղեկավարած նախարարութիւնը իր աշխատակազմէն անդամներ պիտի տրամադրէ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան կրկնակի հարկման մասին համաձայնագիրի վերատեսութեան համար:
«Մենք կ՛առաջարկենք Վալատաոյին, Շըրմընին, անոնց գործընկերներուն, որոնք ընդհանուր առմամբ կը ներկայացնեն 22 միլիոն ամերիկացիները, շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրի խոչընդոտները վերցնելու ուղղութեամբ` նոր Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան հարկային համաձայնագիրի կոչ ուղղելով», կ՛ըսէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Այտա Տիմիճեան: