ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Լրագրող Արշալոյս Մղդեսեան կը գրէ, որ «Սիվիլնեթ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի դիտել տուած է, որ Ուաշինկթըն լաւապէս կը հասկնայ Իրանի եւ Հայաստանի ունեցած յարաբերութիւնները, ուստի խնդիր չի տեսներ Իրանի հետ Հայաստանի եւ հայաստանեան գործարար շրջանակներու օրինական համագործակցութեան գծով։
«Մենք շատ լաւ կը հասկնանք Իրանի նշանակութիւնը Հայաստանի համար: Իրանը Հայաստանի երկու բաց սահմաններէն մէկն է: Մենք նաեւ ըմբռնումով կը մօտենանք Հայաստան-Իրան՝ կազ ելեկտրականութեան դիմաց փոխանակումներու ծրագիրին», ըսած է դեսպանը ու պարզաբանած, թէ Իրանի առնչուած ի՛նչ հարցեր կը յառաջացնեն Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը։
«Մեր մտահոգութիւնները կապուած են ոչ թէ Իրանի հետ օրինական առեւտուրին, այլ այն հարցերուն, որոնք կը վերաբերին Իրանի կողմէ ահաբեկչական միաւորումներուն պետական մակարդակով աջակցութիւն ցուցաբերելուն: Ասոնք շատ յստակ եւ թիրախաւորուած ուղղութիւններ են», ըսաւ ան՝ նկատել տալով, որ այդ ուղղութիւններէն դուրս այլ յարաբերութիւններու, օրինական առեւտուրի վերաբերեալ առարկութիւն չունի Միացեալ Նահանգները։
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ իրանեան կողմին հետ համագործակցող հայաստանեան երկու ընկերութիւններուն, որոնց նկատմամբ Միացեալ Նահանգներ այս տարի պատժամիջոցներ սահմանած է: Խօսքը «Մարկել» ընկերութեան եւ Երեւանի կապի միջոցներու գիտահետազօտական հիմնարկին (ԵրԿՄԳՀԻ) մասին է:
Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեամբ նշած էր, որ այս ընկերութիւնները, ըստ արժանահաւատ տուեալներու, վտանգ կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան համար կամ կը վարեն այնպիսի գործունէութիւն, որ կրնայ հակասել Միացեալ Նահանգներու շահերուն կամ արտաքին քաղաքականութեան:
Նշուած էր, որ «վերջինս գործարարութեամբ կը զբաղէր իրանական կազմակերպութեան հետ, որ ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ կը գտնուի»:
Այս գծով դեսպանին պատասխանը տարբեր չէր պաշտօնական դիրքորոշումէն։ Լին Թրէյսին չուզեց մանրամասնութիւններ ներկայացել, խօսեցաւ միայն ընդհանրական ձեւակերպումներով: «Այս երկու ընկերութիւններուն առնչուած շատ մանրամասնութիւններու չեմ ուզեր անդրադառնալ: Ուղղակի կ՛ուզեմ նշել, որ Միացեալ Նահանգներու տն-տեսութեան նախարարութեան նշուած ցանկին մէջ որեւէ կառոյց ներառելէ առաջ շատ մանրակրկիտ կ՛ուսումնասիրուին փաստերը, ընկերութեան կապերը: Ասիկա շատ մանրակրկիտ տարուող գործընթաց է», ըսած է դեսպանը: