ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները կրնան որոշել Ուքրանիա զօրք ուղարկել, թէեւ Միացեալ Նահանգները իր զօրքերը պիտի չուղարկէ: «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտ:
«Կրնամ ըսել, որ ամերիկեան զօրքերը այս պահուս Ուքրանիոյ տարածքին մէջ պիտի չըլլան: Նախագահը (Ճօ Պայտընը) ատիկա յստակօրէն ըսած է, սակայն ՕԹԱՆ-ի միւս երկիրները կրնան որոշել, որ կ՛ուզեն Ուքրանիա զօրք ուղարկել: Ատիկա պիտի ըլլայ որոշում մը, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները իրաւունք ունին տալու», ըսաւ ան:
Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիա զօրք պիտի չուղարկէ, որպէսզի խուսափի Ռուսիոյ հետ ուղղակի ճակատումէն: