Իտալական Calciomercatonews-ի համաձայն, Միլան քաղաքի հսկաներ՝ Ինթէր եւ Ա.Սէ Միլան հետաքրքրուած են Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեանի ծառայութիւններով:
Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը Իտալիոյ մայրաքաղաքի ակումբին հետ կ’աւարտի մայիսին:
Ժոզէ Մորինիօ Ռոմայի գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնը ստանձնելէ ետք, Մխիթարեանի ելոյթները կրճատուեցան Ռոմայի շապիկով: Բացառուած չէ, որ Մխիթարեան յունուար ամսուան « Ձմեռնային» փոխանցումներուն ընթացքին հեռանայ Ռոմայէն: Ռուսական երեք խումբեր՝ Մոսկուայի Սպարտակը, ԲԿՄԱ-ն եւ Սանկ Փեթերսպուրկի Զենիթը նոյնպէս կը հետապնդեն Մխիթարեանի ստորագրութիւնը: