Իշխանութեան բուրգին վրայ բարձրանալու առաջին իսկ օրէն, վարչապետ Էրտողան մնայուն կը ներբողէ օսմանեան կայսրութեան նուաճումները, միաժամանակ կը նսեմացնէ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը: Էրտողան եւ անոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարը կ’ապրին օսմանեան ժամանակաշրջանի երեւակայածին խաբկանքներու կարօտը: Անոնց կարծիքով, , ժամանակակից Թուրքիան պիտի դառնայ օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդը:
Ի հեճուկս, կաղապարուած քարոզչութեան, ժողովրդային խաւերը հեզասահ չեն ընկալեր Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը: Ժողովուրդին մօտ աստիճանաբար կը զարգանայ Թուրքիոյ անցեալը պրպտելու մղում : Ճշմարտութիւնները միտումնաւոր քօղարկելու հակումը, հարցականներ ստեղծած է ժողովրդային խաւերու մօտ: Ին՞չ բան կը մղէ խեղաթիւրելու պատմութիւնը, խուսափելու ճշմարտութենէն:
Քաղաքական եւ ընկերային առօրեայի հակասութիւնները, ուշ կամ կանուխ ինքնութեան փնտռտուքի հրամայականին առջեւ պիտի դնեն Թուրքիոյ իշխանութիւնները: Պատմական ճշմարտութեան դէմ առերեսուելու ձայներ կը լսուին Թուրքիոյ տարբեր խաւերէն:
Ժխտումն ու ուրացումը չեն վերաբերիր միայն Հայոց Ցեղասպանութեան: Թուրքիոյ պատմութիւնը, սուլթաններու անձնական կեանքը, անոնց մոլութիւններն ու բարբարոսութիւնները ծածկելու, օսմանեան կենցաղն ու սովորութիւնները յաւերժացնելու,ժողովուրդը չափազանցութիւններու մէջ տրոհելու օրերը հետզհետէ կը մօտենան իրենց մայրամուտին: Բայց մինչեւ եր՞բ կարելի պիտի ըլլայ քօղարկել հարիւրաւոր տարիներու վրայ կուտակուող խորհրդաւոր լռութիւնը: Մինչեւ եր՞բ մոլորանքն ու խաբկանքը պիտի դառնան Թուրքիոյ պատմութեան ուղեցոյց: Ինքնութեան ճանաչողութեան փնտռտուքը ի վերջոյ, պիտի քանդէ կեղծիքի պատերը եւ ճշմարտութեան դէմ յանդիման պիտի դնէ թուրք ժողովուրդը:
Թուրքիոյ վարչապետը առիթ չկորսնցներ հպարտանալու իր օսմանեան արմատներով : Վերջերս, հրապարակային ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, Էրտողան քննադատեց օսմանեան Թուրքիոյ մեծագոյն դէմքերէն Սուլթան Սըլէյմանի մասին պատրաստուած հեռատեսիլային բազմասերիանոց ժապաւէնը: Վարչապետը դիտել տուաւ, թէ անճշդութիւններով լեցուն հաղորդաշար մը նկարահանած էր բեմադրիչը: Երբ վարչապետին հարց տրուեցաւ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ մեծագոյն սուլթանին հրահանգով սպաննուած էր անոր երէց զաւակը, Էրտողան զայրոյթով պատասխանեց՝ սուլթանը Սըլէյման չէր կրնար արձակել նման վճիռ եւ աւելցուց՝.« Մենք պիտի մոռնանք հեռատեսիլի Սըլէյմանը, մենք բոլորս իսկական Սըլէյմանին թոռներն ենք»:
Սակայն պատմութիւնը կը վկայէ, որ սուլթան Սըլէյման անձամբ հրահանգած էր իր զաւակին սպանութիւնը…: Վարչապետը կ’ուրանայ այս մէկը: Էրտողան դժբախտաբար չի գիտակցիր, թէ տարբեր երեւոյթներ են երկրի մը պատմութիւնը եւ պատմութեան հաւաքական յիշողութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտողլու անցնող Մարտին, Սուրիոյ ընդդիմութեան առջեւ, ի լուր աշխարհ՝ յայտարարեց, թէ առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիա վերադարձած էր Օսմանեան ժամանակաշրջանէն կորսնցուցած հողերուն….: Տաւուտօղլուն է խօսողը . « Անցնող դարաշրջանը փակագիծ մըն էր մեզի համար: Մենք դարձալ Սարայեւօն պիտի միացնենք Դամասկոսին, Պենկազին՝ Էրզրումին, Պաթումին: Այս անունները տարբեր երկրիրներ կրնան նշանակել Ձեզի համար, սակայն՝ Եմէնը եւ Սքոփիան հարիւր տասը տարիներ առաջ միեւնոյն երկրին մասնիկներն էին, ինչպէս՝ Էրզրումը եւ Պենկազին: Երբ այս մասին խօսինք, մեզի կ’այպանեն Նէօ Օսմանիզմով: Եւրոպան միացնողներուն Նոր Հռոմէացիներ չեն կոչեր, սակայն Միջին Արեւելքը աշխարհագրականօրէն միացնողներուն Նէօ Օսմաններ կը կոչեն». պնդեց Տաւուտօղլու: Հին երազներ, սին երազներ:
Վարչապետը եւ անոր յոլովաբան նախարարը տակաւին կը յորջորջեն անցեալը: Անոնց կարօտագին յայտարարութիւններուն տակ պահուած է Թուրքիոյ աշխարհիկ համակարգը կրօնամոլ հասարակութեան վերածելու միտում: Թուրքիոյ իշխանութիւնները իրենց անցեալին եւ ինքութեան հետ հաշտուելու հարց ունին տակաւին:
Վերոյիշեալ պատկերներուն զուգահեռ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեշիր Աթալայ, Անգարայի մօտ Հարաւ Ափրիկէյի դեսպանատան մէջ խօսք առնելով, վեր առաւ յանուն մարդկային ազատութիւններու Նելսոն Մանտելայի մղած պայքարը եւ յայտարարեց, թէ համայն աշխարհը՝ ներառեալ Թուրքիա, դասեր ունին քաղելիք Հարաւ Ափրիկէի փորձառութենէն: «Մանտելա իսկական տիպար մը, անտեսեց իր անձին դէմ տանջանքներն ու հալածանքը, անտեսեց վրէժխնդրութեան կոչերը: Ան չվերաբերուեցաւ ատելութեամբ: Հաւանաբար այս մէկը լաւագոյն դասն է, զոր պէտք է սորվինք բոլորս, Նելսոն Մանտելայի պայքարէն: Թուրքիա նոյնպէս կրնայ օգտուիլ անոր փորձառութենէն». յայտնեց նախարարը:
Մարդասիրական յատկանիշներու առաքինութեան մասին խօսք առնող նախարարը քաջատեղեակ է , որ երկրին վարչապետը եւ անոր ետին կեցող կուսակցութիւնը անհանդուրժողութեան եւ բռնութեան տիպարներ դարձած են յատկապէս վերջին ժամանակաշրջանին: Այո Թուրքիա՝ հանդուրժողութեան դասեր ունի քաղելիք Մանտելայի կեանքէն: Բայց ինչպիսի հեգնանք, երբ Օսմանեան ժամանակաշրջանը փառաբանող վարչապետը, կը խուսափի դատապարտելու որդեսպան սուլթանը, ալ ուր մնաց ժողովուրդներու դէմ զանգուածային բռնութիւնները, բռնի կրօնափոխութիւնները, բռնի տեղահանութիւնները, յափշտակումները, կոտորածներն ու …
Ին՞չ ակնկալել իշխանութեան մը ներկայացուցիչներէն, որոնք կը կեղծեն հարազատ ժողովուրդին պատմութիւնը , կ’ուրանան անցեալը եւ տակաւին ժողովուրդը կ’օրօրեն անգոյ եւ երեւակայածին յիշատակներով: Ճշմարտութենէն խուսափելու այս հալածախտը պիտի հասնի իր վախճանին եւ թուրք ժողովուրդը, պիտի առերեսուի իր պատմութեան հետ, որքան ալ դաժան ըլլայ ան: Իսկ մարդասիրական դասերու մասին խօսող նախարարը տեղեակ ալ չէր հաւանաբար, թէ ազատամարտիկ Նելսոն Մանտելա օրին, մերժած էր թրքական իշխանութենէն պարգեւատրութիւն մը՝ նողկանք սեպելով ֆաշական պետութեան մը կողմէ իրեն շնորհուած նման վարձատրութիւնը :
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ