Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մինչեւ 7 Յունիս Երկարաձգուած Ընդհանուր Զօրաշարժին Ընթացքին Դիմակներ Չկրողները Պիտի Տուգանուին

May 27, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 1140-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 26, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը` 689

Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր զօրաշարժը եւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 տիրող կրակմարի դրութիւնը, որ պիտի երկարի մինչեւ 7 յունիս, նկատի ունենալով այդ մասին կառավարութեան վաւերացուցած Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին յանձնարարութիւնը, պիտի գործադրուի յաւելեալ խստութեամբ:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ քաղաքացիները «Քորոնա» ժահրէն վարակումը կանխարգիլելու համար պէտք է անհրաժեշտ բոլոր նախազգուշութիւնները որդեգրեն, յատկապէս դիմակի օգտագործումն ու ընկերային հեռաւորութեան պահպանումը:

Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն հսկել կրակմարի ժամերը յարգելու որոշումին, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու զոյգ եւ անզոյգ թիւերու դրութեամբ երթեւեկին:

Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ հրապարակեցին այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեցին, որ ուրբաթ, 29 մայիս 2020-էն սկսեալ դիմակներ չկրող քաղաքացիները պիտի տուգանուին:

«Ուրբաթ, 29 մայիս 2020-էն սկսեալ, առանց դիմակ կրելու փողոց իջած կամ հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող ինքնաշարժի կամ հանրակառքի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր քաղաքացի պիտի ստանայ 50,000 լ. ոսկիի տուգանք մը: Անձնական փոխադրութեան համար օգտագործուող իւրաքանչիւր ինքնաշարժի մէջ առաւելագոյնը երեք հոգի կրնայ նստիլ` անշուշտ յարգելով անզոյգ եւ զոյգ ինքնաշարժի թիւերու երթեւեկին սահմանուած օրերը յարգելու որոշումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Այս պայմաններուն կողքին, «Միտըլ իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը արտերկրի լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու Գ. փուլը աւարտեց կիրակի, 24 մայիսին:

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1140-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 21 նոր վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, թէ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 26 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 689 ուրիշներ` բուժուած:

Նախարարութեան համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին տեղացիներուն շարքին արձանագրուած են 15 վարակուածներ, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն շարքին արձանագրուած են 6 վարակուածներ:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան շեշտեց, որ նախարարութիւնը` գործակցութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան, այսօրուընէ սկսեալ շուրջ մէկ միլիոն դիմակ պիտի բաժնէ ժողովուրդին` քաղաքապետութիւններուն ճամբով: «Այս արշաւին նպատակն է մղել բոլորը` գիտակցելու դիմակներու օգտագործման կարեւորութեան:

Հասան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ առոջապահութեան նախարարութիւնը կը ծրագրէ 400.000 լ. ոսկիի տուրք պարտադրել դիմակ չկրողներուն պարագային:

Հասան վերահաստատեց, որ դիմակը կրելը «Քորոնա» ժահրով վարակման հաւանականութիւնը 95 առ հարիւր համեմատութեամբ կը նուազեցնէ:

Համատ Հասան Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանին:

Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Հասան շեշտեց, որ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնը Լիբանանի պատմութեան փայլուն էջերուն մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ անիկա կարելի եղած է գործադրել լիբանանցիներուն մղած գոյատեւման պայքարով:

Հասան յայտնեց, որ միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատած է առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները` «Քորոնա»-ի համաճարակէն լիբանանեան հանրութեան առողջապահութիւնը ապահովելու իմաստով:

«Միւֆթի Տըրիան հարց տուաւ նաեւ, թէ հաւատացեալները ե՞րբ պիտի կարենան վերադառնալ մզկիթ եւ կատարել իրենց աղօթքներն ու կրօնական պարտաւորութիւնները, եւ զայն տեղեակ պահեցի նախարարութեան որդեգրած բոլոր միջոցառումներուն եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ մղուած պայքարին մասին», ըսաւ Հասան:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ համագործակցութիւնն ու յանձնառութիւնը Լիբանանը կը փրկեն եւ կացութիւնը դէպի յաւելեալ վատթարացում չեն մղեր:

Հասան շեշտեց, որ նախարարութիւնը շարք մը օժանդակութիւններ ստացած է Չինաստանի, Քաթարի եւ Իրանի դեսպանատուներէն, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու հաստատութիւններէն, «սակայն արաբական եւ միջազգային զօրակցութեան յաւելեալ կարիքը կայ, որպէսզի կարենանք շարունակել «Քորոնա»-ի համավարակին դէմ մեր պայքարը», ըսաւ ան:

Հասան հաստատեց, որ ընդհանուր զօրաշարժն ու անոր պայմանները յարգուած են լիբանանցիներուն մեծ մասին կողմէ` աւելցնելով, որ երկիրը վերաբանալու որոշումը կառավարութեան մօտ կը գտնուի: «Վարակուածներուն թիւը որքան նուազի, այդքան աւելի արագ կարելի է մեղմացնել քաղաքացիներուն վրայ պարտադրուած միջոցառումները», եզրափակեց Հասան:

Համատ Հասան այցելեց նաեւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հասան յայտնեց, որ ընդգծած է ընդհանուր զօրաշարժը յարգելու եւ յատկապէս դիմակները կրելու ու ընկերային հեռաւորութիւնը պահպանելու պայմաններուն կարեւորութիւնը:

Հասան բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն գիտակցութիւնը:

Իր կարգին, շէյխ Նայիմ Հասան դրուատեց առողջապահութեան նախարարութեան առած առողջապահական քայլերն ու «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ նախարարութեան մղած ծրագրաւորուած եւ կազմաւորուած պայքարը` ընդգծելով վտանգաւոր այս համաճարակէն կարեւոր յաղթանակով դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը:

Հասան այցելեց նաեւ միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալանի, որ բարձր գնահատեց առողջապահութեան նախարարութեան, բժիշկներուն ու բժշկական անձնակազմերուն աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը` լիբանանցիները «Քորոնա»-ի համաճարակէն փրկելու առումով:

Շէյխ Քապալան կոչ ուղղեց բոլորին լուրջ վերաբերում ցուցաբերելու` առողջապահութեան նախարարութեան որդեգրած միջոցառումներուն նկատմամբ եւ յանձնառու մնալու դիմակներու գործածութեան, ինչպէս նաեւ գործադրելու վարակումը կանխարգիլող բոլոր նախազգուշութիւնները:

 

Previous Post

«Կը Մաղթենք Ազատագրել Նաեւ Մարդն Ու Հայրենիքը» Շեշտեց Նախարար Օհանեան – Գէորգեան

Next Post

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՅՑ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ՀԵՏ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.