Քաղաքացիական պատերազմի դառն փորձառութենէն ետք, անցեալ շաբաթավերջին, յատկապէս շաբաթէն կիրակի լուսցող առաւօտեան ընթացքին երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական մագլցումները իսկապէս ցնցեցին լիբանանցին:
Հակառակ անոր որ կրօնական հեղինակութիւններու, իշխանութեան պետերու, պետական եւ քաղաքական ուժերու մակարդակին վրայ բոլորը զգուշացուցին արձանագրուած դէպքերէն եւ ապահովական խախտումներէն, սակայն քաղաքացիներուն համար «Քորոնա»-ի համաճարակէն եւ տնտեսական սուր տագնապէն աւելի մտահոգիչը կը մնայ երկրին ապահովական կայունութեան խախտումը:
Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան
159-ամեակին Առիթով Շնորհաւորական Կեցուածքներ
Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 159-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց ապահովութեան ուժերը` բարձր գնահատելով անոնց զոհողութիւնները` ի խնդիր երկրին ապահովութեան ու կայունութեան պահպանումին, ոճիրներու կանխարգիլման եւ լիբանանցիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս հաստատութեան ստանձնած պարտականութիւնները հետզհետէ աւելի կը ծանրանան` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող դժուար կացութիւնն ու Լիբանանի ապրած արտակարգ մարտահրաւէրները, որոնց շարքին` տնտեսական-ելեւմտական տագնապը, տիրող անգործութիւնը, «Քորոնա»-ի ճգնաժամը, լիբանանեան ընկերութեան մէջ ոճիրներու թիւի բարձրացումը, ինչպէս նաեւ ընկերային պահանջատիրական ցոյցերուն բռնկումը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն, ըլլան անոնք պատասխանատուներ, սպաներ թէ ոստիկաններ, աւելի զգաստ ըլլալու այս գերզգայուն փուլին ընթացքին, իրենց ջանքերը կրկնապատկելու` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն ապահովութիւնն ու անոնց կալուածները, ինչպէս նաեւ կասեցնելու սադրանքներն ու համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւնները, որոնց նպատակն է հարուածել Լիբանանը եւ քաղաքացիական անվտանգութեան նուաճումները:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցները հիմնուած են ծառայելու քաղաքացիներուն եւ պահպանելու անոնց արժանապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ արդարութիւն բանեցնելու եւ օրէնքները հաւասարապէս գործադրելու:
«Այսօր աւելի քան երբեք ժամանակն է նպատակներ իրականացնելու եւ աշխատելու` փտածութեան դէմ պայքարին մէջ, ինչպէս նաեւ բարգաւաճում ապահովելու եւ Լիբանանի քաղաքակիրթ դերակատարութիւնը վերականգնելու շրջանին եւ աշխարհին մէջ», ընդգծեց ան:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի հետ, որուն շնորհաւորեց այդ ուժերուն հիմնադրութեան 159-ամեակին առիթով:
Պըրրի հաստատեց, որ բուն շնորաւորանքը կ՛ուղղէ այդ ուժերուն սկզբունքներուն, զոհողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքին եւ լիբանանցիներուն պաշտպանութեան համար անոնց ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Վարչապետ Հասսան Տիապ շեշտեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը կը հսկեն ապահովութեան ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ իրականութիւններուն նկատմամբ իմաստուն վարուելակերպ ցուցաբերելու կողքին` զոհողութիւններ կը մատուցեն պաշտպանելու համար Լիբանանը:
«Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան159-ամեակին առիթով կ՛ողջունեմ բոլորը», հաստատեց ան:
Ներքին գործոց նախարար Մահմուտ Ֆահմի այս առիթով հաստատեց, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը մաս կը կազմեն Լիբանանը բաղկացնող հիւսուածքին` աւելցնելով, որ անոնք յանձնառու կը մնան իրենց երկիրն ու ժողովուրդը պաշտպանելու: Ան կոչ ուղղեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն ապահովական եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուելու: «Մենք բոլորս այս երկրին զաւակներն ենք», հաստատեց ան:
Տար Ֆաթուայի Մէջ Իսլամական
Հոգեւորական Խորհուրդի Նիստ
Միւս կողմէ, Տար Ֆաթուայի մէջ երէկ գումարուեցաւ Իսլամական հոգեւորական խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ ոմանք շահագործած են շաբաթ օրուան բողոքի ցոյցերը` սադրանքներու հրդեհին մէջ կլանելու համար իսլամները:
Խորհուրդը ընդգծեց, որ այս հարցին հետ Տար Ֆաթուան կատարեալ քաղաքակրթութեամբ վարուեցաւ` աւելցնելով սակայն, որ սայիտա Այշան սրբապղծողները պէտք է հաշուետուութեան կանչուին եւ պատժուին, որովհետեւ անոնք կրօնական խորհրդանիշ մը սրբապղծած են:
Իսլամական հոգեւորական խորհուրդը հաստատեց, որ Տար Ֆաթուա կոչ կ՛ուղղէ շրջանցելու ատելութեան արտայայտութիւնները եւ յանձնառու մնալու ազգային արժէքներուն, որոնք Լիբանանը կը վերածեն ազգային համերաշխութեան երկրի մը:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց նշանակումները կատարելու ատակութեան համաձայն եւ ոչ թէ համաձայնութիւններու իբրեւ արդիւնք, ինչպէս նաեւ կառավարութենէն պահանջեց ամբողջ Լիբանանի տարածքին իր իշխանութիւնը պարտադրելու, մաքսանենգումը կասեցնելու եւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը կայունացնելու:
Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած Իսլամական հոգեւորական խորհուրդի նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ նիստէն ետք յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ չափաւորականութեան` աւելցնելով, որ կան սադրիչներ, որոնք Լիբանանի մէջ արիւնահեղութիւն կ՛ուզեն պատճառել:
Հարիրի յայտնեց նաեւ, որ շաբաթ օրուան դէպքերէն ետք կապ հաստատած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն հետ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի:
Նշենք, որ Հարիրի օր մը առաջ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունած էր նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթին, Ֆուատ Սինիորան եւ Թամմամ Սալամը, որոնց հետ քննարկած էր լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու տիրող ընդհանուր իրավիճակը:
Ապահովական Կայունութիւնը Դարձեալ Վտանգելու
Հաւանականութեան Մասին Զգուշացումներ
Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ անցեալ շաբաթ օրուան դէպքերը կրնան փորձ մը ըլլալ աւելի վտանգաւոր դէպքերու, որոնք կրնան աւելի ուշ պատահիլ:
Այս հաւանականութիւնը Լիբանանի քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւնները պէտք է դնէ իրենց պատասխանատուութիւններուն դիմաց, այս պատճառով ալ անոնք պէտք է արգիլեն Լիբանանի սայթաքումը` դէպի սադրանքներ:
Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ ընդգծեցին, որ իրենք պիտի ընդդիմանան նման սադրանքներու եւ պիտի չարտօնեն, որ անոնք երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտեն:
Այս շրջագիծին մէջ, ապահովական հեղինակութիւններ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ շաբաթ օրուան դէպքը կրնայ որեւէ ատեն կրկնուիլ եւ երկրին ապահովութիւնը քանդել:
Նոյն հեղինակութիւնները հաստատեցին, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը ինչքան ալ կազմ ու պատրաստ ըլլան, նման քաղաքական, համայնքային կամ յարանուանական սադրանքներ չափ ու սահման չունին եւ կրնան արդէն իսկ տնտեսական մարզի քանդումէն տառապող երկրին ապահովութիւնը եւս քանդել:
Իր կարգին, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաստատեց, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները
կրցած են բացայայտել եւ վնասազերծել չորս խմբաւորումներ, որոնք կազմուած էին տարբեր քաղաքացիութիւններ կրող անհատներէ, որոնք Պէյրութի շաբաթ օրուան ցոյցերուն ընթացքին խափանարարական արարքներ եւ խուլիկանութիւններ պիտի կատարէին:
Ըստ «Մայատին»-ի, ապահովական կառոյցները հաստատած են, որ այդ խմբաւորումները ոչ մէկ կապ ունին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ, այլ` անոնք կը գործադրեն լիբանանեան դաշտ մուտք գործած նոր քաղաքականութիւն մը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ սադրանքները կը նախապատրաստուին մութ սենեակներու մէջ եւ ոչ թէ ընկերային ցանցերուն վրայ:
Ազգային ազատ հոսանքը անհեթեթ նկատեց սադրանքներ նախապատրաստելու իմաստով իր դէմ ուղղուած բոլոր ամբաստանութիւնները:
Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Հետ Բանակցութիւնները Եւ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Հետ
Դիւանագիտական Աշխատանքները Կը Շարունակուին
Մինչ ժողովրդային մակարդակի վրայ վերոնշեալ բոլոր մտահոգութիւնները կը յամենան, պետական մակարդակի վրայ քանի մը կարեւոր ուղղութեամբ ջանքեր ի գործ կը դրուին:
Անոնցմէ է հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտէն նիւթական օժանդակութիւն խնդրելու նպատակով անոր հետ Լիբանանի կատարած բանակցութիւնները:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթին, որուն հետ քննարկեց այդ ուղղութեամբ ի գործ դրուած դիւանագիտական ջանքերը:
Իսկ միւս կողմէ, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի հաստատեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները հեզասահութեամբ կ՛ընթանան:
Այս շրջագիծին առընթեր երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ ընկերային ցանցերուն վրայ արձանագրեց հետեւեալ գրառումը. «Սովի ենթարկելը զէնք է: Ճիշդ է, որ միջազգային օրէնքը կ՛արգիլէ հաւաքական սպանութեան նպատակով զէնքերու օգտագործումը, ինչպէս` հիւլէական եւ քիմիական զէնքերը, իսկ Միացեալ Նահանգներ այդ օրէնքին գործադրութեան հսկող ոստիկանի դերը կատարեցին Իրաքէն մինչեւ Քորէա, անշուշտ ի բացառութեամբ` Իսրայէլի: Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել հաւաքական սովի ենթարկելու զէնքին մասին. այդ զէնքը, որ Միացեալ Նահանգներ կը պարտադրեն այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն վրայ, որոնք իրենց քաղաքականութիւնը կը մերժեն: Արդեօք Լիբանան այդ երկիրներու ցանկին վրա՞յ կը գտնուի»:
Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին
Մարատայի Նախարարները Պիտի Չմասնակցին
Այս բոլորին կողքին Լիբանանի կառավարութիւնը կ՛ուղղուի կատարել Ա. կարգի պաշտօնեաներու նշանակումները` նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք այսօրուան նիստին ընթացքին:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի նախարարները կառավարութեան գումարելիք այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցին, որովհետեւ այս նշանակումները կը ներկայացնեն անձնական, համայնքային եւ յարանուանական շահերու կողմնակալութիւնը ապահովող զզուելի պատկեր մը: «Թէեւ մեզի առաջարկուած է այդ նշանակումներուն մաս կազմել, սակայն մենք մերժած ենք այդ մասնակցութիւնը` կառչած մնալով այն կեցուածքին, որ այդ նշանակումները պէտք է համապատասխանեն որոշ չափանիշներու եւ նշանակումներու գործիքակազմի մը», հաստատեց ան:
Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Ռամի Ռայեսը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները` ընդգծելով փոխադարձ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ Լիբանանի շահերուն ի խնդիր գործելու կարեւորութիւնը: