Ժողովրդային շարժումը բաղկացնող զանազան խմբաւորումներ երէկ կէսօրին կոչ ուղղեցին, որ շարժումին մասնակիցները այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ փակեն խորհրդարան տանող բոլոր ճամբաները` նպատակ ունենալով արգելակել խորհրդարանի զոյգ նիստերը:
Նիստերէն առաջինը պիտի գումարուի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` ընտրելու համար խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամները:
Իսկ երկրորդը` օրէնսդրական նիստը, պիտի գումարուի կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, վաւերացնելու եւ օրէնքի վերածելու համար խորհրդարան հասած շարք մը օրինագիծեր:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք իմացած են, որ նիստը գաղտնի պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ նիստին օրակարգը լիբանանցիներուն ներկայացուցած պահանջներէն ոչ մէկը կը ներառէ:
«Այսինքն` նիստին ընթացքին նախկին երեսփոխաններուն աշխատավարձերը չեղեալ նկատելու, ելեկտրոնային քուէարկութեան եւ բարեկարգումի ոչ մէկ օրինագիծ պիտի քննարկուի: Այսօր առաջնահերթութիւնը վարչապետի նշանակումն է` պարտադիր խորհրդակցութիւններու ճամբով, հետեւաբար պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հանրապետութեան նախագահին վրայ», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ հաստատեց, որ ինք խորհրդարանի այսօրուան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկէ, որովհետեւ քննարկուելիք օրակարգը ժողովուրդին առաջնահերթութիւնները չի պարունակեր:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի նիստէն ետք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ համախմբումի երեսփոխանները պիտի չմասնակցին խորհրդարանի այսօրուան նիստին:
Ժողովրդավարական հանդիպումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու խորհրդարանի նիստին օրակարգը:
Նիստէն ետք պլոքի անդամ Հատի Ապու Հասան յայտարարեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքը խորհրդարանի այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցի:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի շեշտեց, որ յարգելով աւելի քան ամիսէ մը ի վեր բողոքի ցոյցեր կատարող քաղաքացիներուն կամքը, ինք այսօրուան օրէնսդրական նիստին պիտի չմասնակցի:
Ան նշեց, որ խորհրդարանը լրջօրէն չի վերաբերիր ժողովրդային շարժումի պահանջներուն հետ, յատկապէս փտածութեան դէմ պայքարելու, փտածները հաշուետուութեան կանչելու եւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու առումով:
Ժողովրդային շարժումի անդամ իրաւաբաններ եւ գործիչներ հաստատեցին, որ այսօր առաւօտեան պիտի սկսին աւելի աշխուժ ցոյցեր կազմակերպել` մերժելու համար իրենց պահանջներուն նկատմամբ խորհրդարանին ցուցաբերած մօտեցումը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ հպարտօրէն կը զօրակցին լիբանանցիներուն, մինչդեռ Ռուսիա կասկածի տակ կ՛առնէ ժողովուրդին պահանջները` զանոնք որակելով ամերիկեան դաւադրութիւն:
Ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչներ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յանձնեցին ելեւմտական ոճիրներու յատուկ դատական ատեան մը ստեղծելու օրինագիծին վերաբերեալ որոշ բարեփոխումներ:
Պըրրի խոստացաւ այդ առաջարկները ամէնէն արագ միջոցին սերտել եւ զանոնք նկատի ունենալ:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ ինք տակաւին գրաւը կը դնէ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան վրայ: Ան նշեց, որ նոր նախարարաց խորհուրդը կազմելու իմաստով սառած է ամէն ինչ, սակայն որեւէ ատեն կրնան նորութիւններ արձանագրուիլ:
Պըրրի ներկայ կացութիւնը որակեց շատ վտանգաւոր` նկատել տալով, որ Լիբանան կը նմանի նաւու մը, որ աստիճանաբար կ՛ընկղմի: Ան աւելցուց, որ եթէ կարելի չըլլայ անմիջական քայլեր որդեգրել, ապա այդ նաւը ամբողջութեամբ պիտի ընկղմի:
Աւելի ուշ Պըրրի կոչ ուղղեց կազմելու 20 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որուն 6 նախարարները կը ներկայացնեն քաղաքական ուժերը, իսկ 14-ը կը ներկայացնեն մասնագէտները:
Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ հոսանքի քաղաքական գրասենեակի ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հարիրի հաստատեց մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմելու տեսակէտին իր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մըլհեմ Խալաֆի հետ եւ շնորհաւորեց զինք` Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Իր կարգին, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ կէսօրէ առաջ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ հանրային կարծիքը կը խնդրէ օրէնքներ վաւերացնել, ինչպէս նաեւ կ՛առաջարկէ օրինագիծեր, որոնք պէտք է ամէնէն արագ միջոցին ուսումնասիրուին: «Այս նկատառումով է, որ խորհրդարանը անցեալ երեքշաբթի օր հրաւիրած էր օրէնսդրական նիստի մը, որ յետաձգուեցաւ եւ տեղի պիտի ունենայ վաղը», ըսաւ ան:
Ֆըրզլի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ համաներումը կ՛ընդգրկէ լիբանանցի բանակայիններու դէմ յարձակում գործած ոճրագործներուն ազատ արձակումը:
Ան նշեց, որ պիտի առաջարկուի նաեւ ընտրական նոր օրէնք մը, որուն մէջ նկատի պիտի առնուի լիբանանցիներուն կամքը եւ Լիբանանը քաղաքացիական պետութեան ուղիին վրայ դնելու կարեւորութիւնը:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ իրենք դատական իշխանութիւններուն տրամադրած են շարք մը թղթածրարներ, որոնք կը վերաբերին փտածութեան, սակայն ցարդ ոչ մէկ փտածի բանտարկութիւնը վկայած:
Ան հաստատեց, որ հաշուետուութեան կանչելու հոլովոյթը կարելի է յաջողցնել միայն օրինական գործառնութիւններու ընդմէջէն:
Ֆատլալլա յայտնեց, որ իրենք Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքին հետ միասնաբար խորհրդարանին ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որով 1992-էն սկսեալ Լիբանանի կառավարութիւններուն անդամակցած բոլոր նախարարներուն անձեռնմխելիութիւնը կը վերացուի:
Ֆատլալլա պահանջեց ներկայ եւ նախկին նախարարները հաշուետուութեան կանչել եւ այդ պարտականութիւնը դատական իշխանութիւններուն վստահիլ:
Ան ողջունեց լիբանանցի ժողովուրդին արդար պահանջները` աւելցնելով սակայն, որ կան արտաքին կողմեր, որոնք կը փորձեն ժողովրդային շարժումը շահագործել եւ քաղաքական ճնշումներ բանեցնել երկրին վրայ` ելեւմտական կարգ մը գործառնութիւններու միջոցով` ամերիկեան տոլարի բարձրացումին կամ սղաճին ընդմէջէն:
Ֆատլալլա հաստատեց, որ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը հրաժարած է, ընթացիկ հարցերու կառավարութեան պարտականութիւններէն է սղաճին դէմ պայքարիլ:
Նախագահ Աուն Տակաւին Չճշդեց Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններու Թուականը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց վարչապետի նշանակման իմաստով սկսած իր հանդիպումներն ու հաղորդակցութիւնները, սակայն անոնք տակաւին առիթ չտուին նախագահին` խորհրդարանը պարտադիր խորհրդակցութիւններու հրաւիրելու:
Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ մասնագէտներէ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած կառավարութիւն մը, որովհետեւ կառավարութեան աշխատանքը ապահովելու համար պէտք է քաղաքական հովանաւորութիւն ստանալ:
Հանրապետութեան նախագահութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախագահ Աուն համոզուած է, թէ քաղաքական ղեկավարութիւնները կրնան ներքին լուծումներու յանգիլ` առանց արտաքին աշխարհին թելադրանքները սպասելու:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն արծարծած է 18 թղթածրարներ, որոնք մսխումի, զեղծարարութեան եւ դրամի լուացումի իմաստով կասկածելի հարցեր են:
Անոնք են.
1) Պէյրութի միջազգային օդակայանի ազատ շուկայի ներդրումի թղթածրարը, 2) «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի թղթածրարը, 3) Երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտի կողմէ կաշառակերութեան մասին Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազին փոխանցուած թղթածրարը, 4) «Ռաֆիք Հարիրի»-ի անուան հիւանդանոցին մէջ քաղցկեղի յատուկ դեղորայքը գործածութեան ժամկէտը աւարտած դեղերով փոխարինելու թղթածրարը, 5) Ք. Պ. Ք.-ի կողմէ Լեռնալիբանանի մէջ 38 կալուած գնելու թղթածրարը, որ դրամի լուացումի եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի կասկածներ պատճառած է, 6) «Թ. Խ.» ընկերութեան կողմէ ստորագրուած կասկածելի համաձայնութեան մը թղթածրարը, 7) Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կասկածելի համաձայնագիրներու թղթածրարը, 8) Քաղաքացիական պարտականութիւններու եւ իրաւունքներու ու աշխատանքի ազատութեան կաշկանդումներուն, ինչպէս նաեւ իշխանութեան կողմէ օրէնքներու գործադրութեան խախտումին եւ հանրային կալուածներու շահագործումին թղթածրարները, 9) Ռամլեթ Պայտայի մէջ կոյաջուրերու ողողումին թղթածրարը, 10) Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին գումարները մսխելու թղթածրարը, 11) Առողջապահութեան նախարարութեան արտակարգ սակերով դեղորայք պարտադրելու թղթածրարները, 12) Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ներդրումները տնօրինող ժամանակաւոր խորհուրդին կողմէ հանրութեան պատկանող գումարներուն մսխումի թղթածրարը, 13) Հաղորդակցութեան միջոցներու մարզին մէջ արձանագրուած օրինազանցութիւններու թղթածրարը, 14) Արդարութեան նախարարութեան կողմէ կառավարութեան փոխանցուած «Օժերօ»-ի պայմանագիրներուն թղթածրարը, 15) Դատախազները վերադատ ատեանին մօտ հաշուետուութեան փոխանցելու թղթածրարը, 16) Սպայից վարժարանին մէջ միջնորդութեամբ ուսանողներ արձանագրելու թղթածրարը, 17) եւ 18) Ինքնաշարժներու քննութեան ու մեքանիքի թղթածրարները:
Դատական Իշխանութիւնները Լծուած Են Աշխատանքի
Նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատիի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ «Զէյթունա պէյ»-ի թղթածրարին առումով Սաֆատիի դէմ հնչած ամբաստանութիւններուն պատճառով, Սաֆատի երէկ այցելած է ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի, որուն ներկայացուցած է «Զէյթունա պէյ»-ի թղթածրարին մանրամասնութիւնները:
Դատախազ Ալի Իպրահիմ հարցաքննութեան հրաւիրեց կապալառու Հիշամ Իթանին` հաղորդակցութեան միջոցներու ֆայպըր օփթիքի թղթածրարին գծով:
Միւս կողմէ, լրագրող Սալեմ Զահրան երէկ այցելեց ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի, որուն տրամադրութեան տակ դրաւ կոյաջուրերու թղթածրարը, որուն ծախսը հասած է շուրջ մէկ միլիառ տոլարի:
Զահրան առաջարկեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, ինչպէս նաեւ կենսոլորտի նախարարները, զոյգ նախարարութիւններուն ընդհանուր տնօրէնները, նահանգապետները, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի պատասխանատուներն ու կապալառուները հաշուետուութեան կանչուին:
Զահրան դատախազ Օուէյտաթին ներկայացուց կոյուղիներու մարզին տնօրինման վերաբերեալ իր ունեցած բոլոր քարտէսները, տեղեկութիւնները եւ մսխուած գումարներուն մասին փաստերը:
Ցոյցերը Դադրեցան, Բացի Թրիփոլիէն
Երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ժողովրդային շարժումին կազմակերպած ցոյցերը դադրած էին, բացի Թրիփոլիէն, ուր մեծ թիւով ցուցարարներ համախմբուեցան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու այսօր Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանին նիստը արգիլելու ցոյցին:
Նշենք, որ առաւօտեան Պաալպեքի, Շթորա-Տահր Պայտարի, Ժտիթայի, Թրիփոլիի, Շեքքայի, Ճիւնիի եւ Պէյրութի բոլոր ճամբաները բաց էին:
Ցուցարարները վերաբացած էին նաեւ Ռինկի կամուրջը, ինչպէս նաեւ Քասքասի եւ Թայունէի ճամբաները, որոնք փակ էին:
Փակ մնացին Զահլէի, Արեւմտեան Պեքաայի, Ժտիթայի, Քապ Էլիասի, Ժըպ Ժըննինի, Մարժի, Ղազզէի, Սաատնայէլի, Թաալպայայի եւ Մասնայի, ինչպէս նաեւ Հալպա-Աքքարի, Ապտէի, Պըտտաուիի եւ Թրիփոլիի Նուր հրապարակին ճամբաները:
Դրամատուները Այսօր Կը Վերաբանան Իրենց Դռները
Դրամատուներու պաշտօնեաներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժորժ Հաժ յայտնեց, որ դրամատուները այսօր պիտի վերաբանան իրենց դռները` նկատի ունենալով, որ Դրամատուներու միութիւնը ապահովական ծրագիր մը երաշխաւորած է դրամատուներուն եւ անոնց պաշտօնեաներուն աշխատանքին անվտանգութեան համար:
Հաժ յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներուն մասին ոչ մէկ մտավախութիւն գոյութիւն ունի:
Ան կէսօրէ ետք յայտարարեց, որ դրամատուները պիտի կասեցնեն իրենց գործադուլը` հաստատելով, որ բոլոր դրամատուներուն համար այսօր աշխատանքային սովորական օր է:
Դրամատուներու միութիւնը իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր դրամատուները այսօրուընէ սկսեալ կը վերադառնան իրենց սովորական աշխատանքին:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին Դրամատուներու միութիւնը հրապարակեց այլ շրջաբերական մը, որուն մէջ յայտնեց, թէ հակառակ իրենց որոշումին, թէ այսօր դրամատուներուն դռները բաց պիտի ըլլան, երեկոյեան շրջանառութեան մէջ դրուեցան ցոյցերու եւ ճամբաներ փակելու կոչեր: «Այդ կոչերուն լոյսին տակ, Դրամատուներու միութիւնը ցոյցերու վայրերուն մէջ գտնուող դրամատուներէն իւրաքանչիւրին տնօրէնին հայեցողութեան կը ձգէ դրամատունը բանալու կամ փակ պահելու որոշումը», նշուեցաւ շրջաբերականին մէջ:
Հարուն. «Հիւանդանոցներուն Տրամադրուած Յատկացումը Անբաւարար Է»
Անձնական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն երէկ շնորհաւորեց Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Խալաֆը` անոր ընտրութեան առումով:
Միւս կողմէ, Հարուն յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Լիբանանի բոլոր հիւանդանոցներուն կատարուած 73 միլիառ լ. ոսկիի յատկացումը անբաւարար է եւ հիւանդանոցներուն դիմագրաւած տագնապը չի լուծեր: