Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այսօր Ռուսիոյ մէջ պիտի քննարկեն Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցը` հաշուի առնելով Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ կացութեան սրիլը:
Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մարտ 5-ին նախագահ Փութին բանակցութիւններ պիտի վարէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, որ Ռուսիա պիտի այցելէ աշխատանքային այցելութեամբ: Պիտի քննարկուի սուրիական տագնապի լուծման խնդիրը` հաշուի առնելով Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ կացութեան ներկայ սրումը»:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իտլիպ նահանգին մէջ թրքական ուժերու դիրքերուն դէմ սուրիական բանակին կատարած ռմբակոծումին պատճառով սպաննուած է թուրք զինուոր մը:
Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակից ուժերը վերստին ազատագրեցին Սարաղեպի հարաւ- արեւմուտքը գտնուող Տատիխ եւ Քաֆարպաթիխ գիւղերը: Սուրիական օդուժը նաեւ ռմբակոծեց Իտլիպի հիւսիսը գտնուող Ֆուղա գիւղին մէջ տեղակայուած զինեալները, որոնք հաւաքուած էին մեկնելու ճակատ:
Սուրիական բանակը նաեւ յառաջդիմեց Սարաղեպի հիւսիսը գտնուող Աֆես-Նայրապ ճակատին վրայ, ինչ որ անոր ուժերը մօտեցուց Թաֆթանազ զինուորական օդակայանին:
Թրքական բանակը երէկ վար առաւ Իտլիպի վերեւ թռիչք կատարող սուրիական ռմբաձիգ մը: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ սուրիական օդանաւը վար առնուած է թրքական օդուժի «Էֆ-16» տիպի օդանաւի մը կողմէ: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը թրքական օդուժը ամբաստանեց սուրիական օդանաւը օդէ օդ հրթիռով մը վար առնելու մէջ:
Էսփըր. «Ամերիկեան Օդուժը Թուրքիոյ Պիտի Չաջակցի»
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, որ ամերիկեան օդուժը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւն պիտի չտրամադրէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը:
Փենթակոնի ղեկավարը Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ 27 փետրուարին 33 թուրք զինուորներու սպանութենէն ետք կը ձգտին մեծցնել Թուրքիոյ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրման ծաւալները:
Այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուի՞ն օդէն աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ, Էսփըր բացասական պատասխան տուած է: Ան նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ, եւ դաշինքը պատրաստ է ամէն զարգացումի:
Իրանեան Առաջարկ
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է Սուրիոյ հարցով յաջորդ վեհաժողովը կատարել Իրանի մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչովի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Զալալի:
«Քանի մը օր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է նախագահներ Ռուհանիի եւ Փութինի միջեւ: Այդ հաղորդակցութեան ծիրին մէջ նախագահ Ռուհանին նախագահ Փութինը հրաւիրած է, որպէսզի Ասթանայի ձեւաչափի ծիրին մէջ յաջորդ վեհաժողովը կատարուի Իրանի մէջ», նշած է ան:
Ան նաեւ ընդգծած է Ասթանայի ձեւաչափին յաջողութիւնը եւ ուշադրութիւն հրաւիրած այն հանգամանքին վրայ, որ մասնակիցները «պէտք է հաւատարիմ ըլլան ատոր ու շարունակեն ատոր ծիրին մէջ համագործակցութիւնը»:
Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Փութինի, Էրտողանի եւ Ռուհանիի ժողովը օրակարգի վրայ է եւ պիտի գումարուի, երբ նախագահներուն ժամանակացոյցը համակարգուի»:
Քրեմլին նաեւ նշեց. «Փութին ուրբաթ օր Էրտողանի, Մաքրոնի եւ Մերքելի հետ Իտլիպի հարցով ժողով մը գումարել չի ծրագրեր»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ գաղթականներու հոսքին եւ Իտլիպի մէջ մարդասիրական տագնապին վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ արեւմտեան երկիրներու հրապարակած տեղեկութիւնները սխալ են: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ մինչեւ օրս Սուրիայէն Թուրքիա մուտք գործածներուն թիւը ոչ աւելի քան 35 հազար է:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Թուրքիան թիւրքմենները կը բնակեցնէ այն շրջաններուն մէջ, ուրկէ վտարեց քիւրտերը»: