Բոլոր պետական պաշտօնատարները, պատասխանատուները, սենտիքաներու նախագահները, համադաշնակցութիւններն ու հեղինակութիւնները կը հաստատեն, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը հասած է վտանգաւոր իրավիճակի մը` աւելցնելով, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը շատ զգայուն է:
Սակայն հակառակ այս հաստատումներուն, քաղաքական տագնապը կը յամենայ եւ յաւելեալ սրումի նշոյլներ ցոյց կու տայ:
Այս իմաստով երէկուան ամէնէն ցնցիչ լուրը այն էր, որ Արսալի մէջ լիբանանցի քաղաքացի Նաժի Ֆլիթի անձնասպանութիւն գործած էր, որովհետեւ եօթը հարիւր հազար լ. ոսկիի պարտք ունեցած էր եւ իր դստեր հազար լ. ոսկի չէր կրցած ապահովել:
Վարչապետի նշանակման ջանքերը կը մնան զերօ կէտին վրայ եւ ոչ մէկ յառաջխաղացք կ՛արձանագրեն` թէ՛ վարչապետի ինքնութեան, թէ՛ կառավարութեան կազմի բնոյթին եւ թէ՛ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններ կատարելու առումով:
Քաղաքական տագնապի այս տեղքայլի մթնոլորտին մէջ, լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ ցոյցերը կը շարունակուին իշխանութիւններուն դէմ:
Ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարներ երէկ յետմիջօրէէն մինչեւ կէս գիշեր լեցուցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Սայտայի Էլիա հրապարակը, Թաալպայան եւ Զահլէն, Ռիատ Սոլհ ու Նահատակաց հրապարակները, Պաալպեքը, Ալէյը, Աքքարը, Պիրէն, Ժիէն, Հասպայան եւ Նապաթիէն:
Անոնք պահանջեցին բարելաւել երկրին տնտեսական եւ ընկերային պայմանները` ընդգծելով մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը: Կարգ մը շրջաններու մէջ ցուցարարները պահանջեցին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաժարականը:
Պէտք է նշել, որ նախագահական պալատ տանող ճամբան երէկ դարձեալ վկայեց բախումներ մէկ կողմէ ժողովրդային շարժումին մաս կազմող Սապաա կուսակցութեան եւ հանգստեան կոչուած բանակային Ժորժ Նատերի ու հետեւորդներուն, իսկ միւս կողմէ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներուն եւ հանգստեան կոչուած բանակայիններու փաղանգի մը կողմէ:
Ժողովրդային շարժումի ներկայացուցիչները Պաապտայի ճամբուն վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեցին նախագահ Աունին անմիջապէս կատարելու վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն սկսիլ:
Անոնց դիմաց ելան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդները, որոնք հաստատեցին, որ անկարելի է ընդունիլ հանրապետութեան նախագահին դէմ կատարուած վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները եւ ընդգծեցին, որ հանրապետութեան նախագահն ու Պաապտայի ճամբան կարմիր գիծ են, եւ կարելի չէ այդ գիծերը անցնիլ:
Երկու խմբաւորումներուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք սակայն հակակշռուեցան լիբանանեան բանակին կողմէ: