Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Մինչ Տնտեսական Խորհուրդները Ջնջեցին Եռօրեայ Գործադուլը Վառելանիւթի Կայարանները Այսօր Պիտի Սկսին Բաց Գործադուլ Մը

November 28, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Economic Committees Call Off Strike as Gas Stations Close Indefinitely

Տնտեսական խորհուրդները երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին չեղեալ նկատեցին իրենց յայտարարած եռօրեայ ընդհանուր գործադուլը, որ պիտի սկսէր այսօր եւ շարունակուէր մինչեւ շաբաթ, 30 նոյեմբեր:

Աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութիւնը երէկ յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդներուն կատարելիք եռօրեայ գործադուլը կը նպաստէ լիբանանեան ազգային տնտեսութիւնը հարուածելու` աւելցնելով, որ ճարտարարուեստի մարզին ներառումը նման գործադուլի մէջ կը հարուածէ Լիբանանի ճարտարարուեստը:

Աւելի ուշ, Դրամատուներու միութեան խորհուրդը եւ կրթութեան նախարարութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք պիտի չմասնակցին Տնտեսական խորհուրդներուն յայտարարած եռօրեայ գործադուլին: Հետեւաբար դրամատուներուն եւ դպրոցներուն դռները կը մնան բաց:

Միւս կողմէ, սակայն, Վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքան երէկ յայտարարեց, որ այսօր առաւօտեան պիտի սկսի բաց գործադուլի մը` ամբողջ Լիբանանի տարածքին, նկատի ունենալով մարզին արձանագրած վնասները` լիբանանեան դրամանիշի եւ ամերիկեան տոլարի արժէքին տարբերութեան պատճառով:

«Շատ համբերած ենք` նախքան այս լուրջ քայլին դիմելը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպումի կարելիութեան մասին երկար սպասումէ ետք, հասած ենք այն եզրակացութեան, թէ ան մեզի հետ չի փափաքիր տեսակցիլ, իսկ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տուած խոստումներէն ոչ մէկը գործադրուած է: Սենտիքան կանխաւ ներում կը հայցէ քաղաքացիներէն` անոնց կրելիք վնասներուն համար, սակայն ի՛նչ ալ ըլլան անոնց վնասները, մեր կրած վնասներուն պիտի չհասնին», նշուեցաւ սենտիքային հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Previous Post

Why OPEC Should Worry About Russia’s Latest Oilfield

Next Post

Ալիեւ Հիմա Մզկիթներ Քանդելու Յանցանքով Կ՛ամբաստանէ Հայաստանը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.