Մինչ ժողովրդային շարժումը կը շարունակէ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի իր ցոյցերը շարունակել, վարչապետ Հասսան Տիապ հաստատեց, թէ իր ստանձնած պաշտօնէն պիտի չհրաժարի` քար լռութեամբ շարունակելով կառավարութեան կազմութեան իր աշխատանքը, այն աստիճան, որ երէկ երեկոյեան շրջանառութեան մէջ դրուեցան այնպիսի լուրեր, թէ կառավարութեան կազմը գրեթէ համալրուած է ու ամբողջական:
Այս զարգացումներուն լոյսին տակ, հաւանական է, որ վարչապետը այսօր այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` կառավարութեան վերաբերող վերջին մանրամասնութիւններուն մասին խօսելու: Եթէ վերջին բանակցութիւնները եւս յաջողութեամբ աւարտին, կը նախատեսուի, որ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք Տիապ Այն Թինէէն ուղղուի Պաապտա` յայտարարելու համար մասնագէտներու կառավարութիւնը:
Ժողովրդային շարժումի հետեւորդները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցոյցեր կատարեցին կարգ մը շրջաններու մէջ, յատկապէս Քորնիշ Մազրաայի մէջ, ուր կը գտնուի Հըլու ոստիկանատունը:
Ցուցարարները միացան գիշեր մը առաջ Համրայի դէպքերուն ընթացքին ձերբակալուած երիտասարդներուն ընտանիքներուն եւ պահանջեցին անոնց ազատ արձակումը:
Ցուցարարները փակեցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Քորնիշ Մազրաա ճամբան` բողոքելով Հըլու ոստիկանատան մէջ գտնուող իրենց հարազատները արգելափակուած պահելուն դէմ: Անոնք քարկոծեցին ապահովութեան ուժերը, որոնք կ՛ուզէին ճամբան վերաբանալ:
Ամբողջ օրուան ընթացքին ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որովհետեւ ցուցարարները կը փորձէին փակել ճամբաները, իսկ ոստիկանները կը վերաբանային զայն կամ կ՛արգիլէին ճամբուն փակումը:
Մինչեւ գիշեր այդ ճամբան մնաց փակ, եւ ցուցարարները պայթուցիկներ նետեցին ոստիկանատան վրայ: Ցուցարարները որոշեցին Հըլու զօրանոցին առջեւ մնալ, մինչեւ օր մը առաջ ձերբակալուած իրենց ընկերներուն ազատ արձակումը: Ձերբակալուած էին 59 ցուցարարներ, որոնցմէ 50 հոգիին ազատ արձակման արտօնութիւն տուած էր ընդհանուր դատախազութիւնը: Ժամը 9:00-էն ետք ցուցարարները աւելի աշխուժ սկսան քարեր, շիշեր եւ պայթուցիկներ նետել Հըլու զօրանոցին վրայ, ինչ որ Ներքին ապահովութեան ուժերուն պարտադրեց ուժի դիմել ցուցարարները ցրուելու համար: Այս բախումներուն ընթացքին թէ՛ ցուցարարներէն եւ թէ՛ ապահովութեան ուժերէն վիրաւորներ արձանագրուեցան: Ձերբակալուեցան յաւելեալ 24 ցուցարարներ: Երէկ կէս գիշերէն ետք «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախանցեալ օր ձերբակալուածներէն մաս մը ազատ արձակուած են:
Ցուցարարները աւելի աշխուժացան կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն սկսեալ, երբ անոնք փակեցին Ժտէյտէի հրապարակը:
Զահլէի հրապարակը եւս փակուեցաւ ցուցարարներուն կողմէ, եւ երբ բանակը փորձեց բանալ ճամբաները, կարգ մը ցուցարարներ վիրաւորուեցան:
Յետմիջօրէին ցուցարարները փակեցին Ռինկի կամուրջը, Սայֆիի ճամբան, Զահլէի մայրուղին, ուր անոնք վրաններ լարեցին:
Փակուեցան նաեւ Քոլայի ճամբան, Նաամէի եւ Պըտտաուիի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ Ճիւնիի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:
Ճիւնիի մայրուղին փակեցին աշակերտներ, որոնք աւելի ուշ լիբանանեան բանակին կողմէ բանեցուած բռնի ուժով հեռացուեցան ճամբէն:
Աշակերտներուն օժանդակութեան հասան շարք մը ցուցարարներ, որոնցմէ չորսը ձերբակալուեցան եւ ապա ազատ արձակուեցան Սարպայի ոստիկանատունէն:
Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները փակեցին Սալամ հրապարակը, ինչպէս նաեւ ուղղուեցան շրջանի Կեդրոնական դրամատան դիմաց եւ հաւկիթներ նետեցին շէնքին ուղղութեամբ:
Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Ցուցարարները ուղղուեցան դրամատուներու փողոցը, ուր անոնք քարկոծեցին դրամատուները: Այս պատճառով ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնց պատճառով վիրաւորուեցան կարգ մը քաղաքացիներ:
Գիշերուան ժամը 9:00-ին ցուցարարները փակեցին Ֆըրն Շըպպեքի ճամբան, Պէյրութի Զարիֆ փողոցը, ինչպէս նաեւ Մար Էլիաս շրջանին մէջ քանդեցին դրամատան մը ցուցափեղկը:
Հարիրի-Սալամէ Հանդիպում
Միւս կողմէ, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց տնտեսական եւ ելեւմտական շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հարիրի շեշտեց, որ ցոյց կատարելը իրաւունք է, եւ խաղաղ ցոյցերը ողջունելի են: «Սակայն նախանցեալ գիշեր Համրայի մէջ պատահածը անընդունելի է եւ խիստ մերժելի», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս բոլորին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքը ո՞ւր է, Հարիրի ըսաւ, որ Մուսթաքպալի հետեւորդները իրենց բնակարաններուն մէջ են` հարց տալով, թէ ո՞ւր է լիբանանեան բանակը:
Ան նշեց, որ ոմանք կը հաստատեն, որ ինք պատասխանատու է երկրին մէջ տիրող վիճակին` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերը իրենց կարգին պատասխանատու են, ինչպէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը: «Օրինակի համար, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրերէն ի վեր, մենք ուժանիւթի նախարարութեան պատասխանատուութիւնը չենք ստանձնած», ըսաւ ան:
Հարիրի հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը անձեռնմխելի է եւ ոչ ոք կրնայ զայն լուսանցքայնացնել: Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը կազմուի` աւելցնելով, որ իրենք առիթ պիտի տան, որ նոր կառավարութիւնը գործէ:
Նշենք, որ երէկ առաւօտ Հարիրի խստիւ դատապարտեց մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ նախանցեալ օրուան խուլիկանութիւնները` շեշտելով, որ անոնք մերժելի են, եւ երբեք կարելի չէ արդարացնել այդ բռնարարքները, որովհետեւ անոնք Սալամէի կամ դրամատուներուն դէմ չեն ուղղուած, այլ` Պէյրութի եւ իբրեւ տնտեսական կեդրոն անոր ունեցած դերակատարութեան:
Ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն հետապնդելու բոլոր անոնք, որոնք մայրաքաղաքին անվտանգութիւնը կը խախտեն:
Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ բանակին պատասխանատուութիւնն է նաեւ օրինազանցներն ու քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացողները սանձել:
Հասան. «Ապահովական Կառոյցներուն Միջեւ Գործակցութիւնը Պէտք Է Համադրուի` Պաշտպանելու Համար Քաղաքացիներն Ու Անոնց Կալուածները»
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ռայա Հասան Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին հաստատեց ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը համադրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիներն ու անոնց կալուածները պաշտպանել եւ անոնց անվտանգութիւնը երաշխաւորել:
Հասան հաստատեց, որ քաղաքացիները իրաւունք ունին խաղաղ ցոյցեր կատարելու` շեշտելով, որ Լիբանանի օրէնքները ցոյցի իրաւունքը կ՛արտօնէ` միայն երբ ան խաղաղ է:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Համրայի մէջ արձանագրուած յարձակումին պատճառով վիրաւորուած են Ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ 47 ոստիկաններ, որոնց այցելած է Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են 59 կասկածելիներ, որոնք փոխադրուած են Հըլու ոստիկանատուն:
Աւելցնենք, որ Օսման երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Համրայի պատահարները դատապարտեցին նաեւ մեծ թիւով պատասխանատուներ, որոնց շարքին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ հաստատեց, թէ Համրան ազգային համերաշխութեան գոհարն է, մշակութային ակումբներու հանդիպման վայրը, ազգային դիմադրութեան մեկնարկը նկատուող վայրը եւ Պէյրութի իսկական աւանդներու կեդրոնը:
Ան դատապարտեց դրամատուներուն դէմ արշաւի կարգախօսին տակ կատարուած այս բռնարարքները:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դատապարտեց Համրայի մէջ արձանագրուած վայրագութիւններն ու դրամատուներու քանդումը եւ կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը:
Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ երեսփոխան Ժորժ Աթալլա կոչ ուղղեց իսկական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն բանալու` ճշդելու համար, թէ ո՛վ է Համրայի մէջ գործուած վայրագութիւններուն պատասխանատուն:
Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի իր կարգին դատապարտեց նախանցեալ գիշերուան վայրագութիւնները` ընդգծելով, որ ասիկա յեղափոխութիւն չէ: