ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաոյի եւ Պրետ Շըրմընի սկսած ստորագրութիւններու հաւաքի արշաւը, որուն նպատակն էր իրենց պաշտօնակիցներէն աջակցութիւն ապահովել՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրի տուրքերուն առնչուող աւելի արդիական համակարգ մը ստեղծելու եւ Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու նպատակով, արդէն իսկ ստացած է 31 քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը:
Յատկանշական է, որ նշեալ քոնկրեսականները կը ներկայացնեն աւելի քան 22 միլիոն ամերիկացիներ։
Միւս կողմէ, 6 Փետրուարին, Ներկայացուցիչներու տան Ելեւմտական սպասարկութեան յանձնախումբին առջեւ երկրի գանձապետ Սթիւ Մնուչինի տուած վկայութեան ընթացքին, քոնկրեսական Շըրմըն անոր հարցուցած է, թէ արդեօք պատրա՞ստ է Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու նպատակով անյապաղ բանակցութեանց սկսելու եւ անսալով 28 քոնկրեսականներու կոչին (այդ պահուն, նշեալ նամակի զօրակցողներուն թիւը 28 էր)՝ 28 ժամ տրամադրելու այս հարցին։ Մնուչին դրական պատասխան տուած է եւ խոստացած 28 ժամ տրամադրել այս հարցին։
Այս փոխանակման տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով https://youtu.be/NM98jAV5sOg կայքէջը։
Նշենք, որ քոնկրեսականները իրենց նամակին մէջ կը շեշտեն, թէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրը ներկայիս կը բանի Խորհրդային Միութեան օրերէն մնացած համաձայնագիրի մը պայմաններով, ինչ որ ճշգրտօրէն չ՛արտացոլացներ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը եւ խոտոր կը համեմատի արդի պայմաններուն, եւ կոչ կ՛ընեն վերցնելու երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի զարգացման առաջ հաստատուած անտեղի խոչընդոտները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու գծով, որուն հրամայականներէն մէկն է տուրքերու ներկայ դաշինքի արդիականացումը: Այս մասին մանրամասն տեղեկութեանց համար, այցելել https://anca.org/taxtreaty կայքէջը: