ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները յայտարարութեամբ մը յայտնեցին, որ Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿի 76րդ Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ, խմբակի համանախագահները` Իկոր Խովայեւ (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ) առանձին հանդիպումներ ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ միացեալ հանդիպում մը: Համանախագահները ողջունեցին Նոյեմբեր 2020էն ի վեր առաջին հանդիպումը` իբրեւ երկու երկիրներու վճռականութեան նշան` վերսկսելու խաղաղ հոլովոյթը ուղիղ երկխօսութեան միջոցով, որ ուղղուած է տարածաշրջանի ապահովութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման:
«Միջնորդները, իրենց լիազօրութեան համապատասխան, կը վերահաստատեն կողմերուն հետ աշխատելու հաւատարմութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող եւ անկէ բխող բոլոր մնացեալ հարցերուն համապարփակ լուծման համար: Միջնորդները շօշափելի, նպատակաուղղուած քայլեր առաջարկեցին իրավիճակի լարուածութեան մեղամացման եւ հետագայ հաւանական քայլերու վերաբերեալ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան իր կարգին անդրադարձաւ այս հանդիպումին եւ զայն նկատեց կարեւոր քայլ մը: «Ներկայի լարուածութեան մասին խօսած եմ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախարարներուն հետ: Երէկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ պատերազմէն մէկ տարի ետք, դրական քայլ է», յայտնեց Լը Տրիան` ընդգծելով, որ իրենք կը շարունակեն ամուր խաղաղութեան համար ջանքերը: