Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան, որոնք կը ներկայացնեն ԵԱՀԿի Մինսքի համանախագահ երկիրները, աջակցութիւն յայտնեցին ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անմիջական երկխօսութեան վերսկսման:
Համանախագահ երկիրները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն՝ շարունակելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ երկխօսութիւնը, որ սկսած էր Նիւ Եորքի մէջ Սեպտեմբերին եւ Փարիզի մէջ Նոյեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումներով, ինչպէս նաեւ շարունակելու ղեկավարներու մակարդակով հաղորդակցութիւնները՝ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար: Այս մասին կը նշուի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հրապարակած միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Համանախագահ երկիրները Հայաստանին ու Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն՝ զերծ մնալու սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, եւ ամբողջութեամբ կատարելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ ըստ Ատրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին միջեւ ու այլ միասնաբար որդեգրուած զինադադարի համաձայնագիրներուն:
Համանախագահ երկիրները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին նաեւ կոչ կ՛ընեն՝ շարունակելու համանախագահներու հովանիին տակ իրենց համագործակցութիւնը՝ որոշակի յառաջընթաց արձանագրելու մարդասիրական հարցերու, ներառեալ բանտարկուած անձերու, ականազերծման, անհետ կորսուածներու, տեղահանուած անձերու կամաւոր վերադարձին եւ պատմամշակութային վայրերու պաշտպանութեան վերաբերող հարցերու լուծման մէջ, ինչպէս նաեւ կառուցողական աշխատանք տանելու այլ կարեւոր հարցերու լուծման համար, ինչպիսիք են՝ սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակումը:
Համանախագահ երկիրները նաեւ մտահոգութեամբ կը մատնանշեն հայ-ատրպէյճանական չսահմանագծուած սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերը եւ կը հաստատեն, որ սահմանային վէճերը լուծելու հարցին մէջ ուժի կիրարկումը կամ անոր սպառնալիքը անընդունելի են: