Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միշէլի յայտարարութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ կանխորոշուած արդիւնքի հաստատում. բանբեր

June 2, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
European Council President expresses full support to Armenian Prime Minister in promoting peace in South Caucasus

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին օրերու լարուածութեան լոյսին տակ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը՝ խորացնելու համագործակցութիւնը երկու երկիրներուն հետ՝ յանուն ապահով, կայուն, խաղաղ ու բարեկեցիկ Հարաւային Կովկասի՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներուն: Այս մասին կ՛ըսուի Շարլ Միշէլի բանբեր Պարենտ Լէյցի յայտարարութեան մէջ:

«Ան ողջունեց 24 Մայիսին, երկու երկիրներու սահմանային յանձնաժողովներու առաջին պատմական հանդիպումը եւ սահմանագծման պարունակին մէջ ընդգծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի երկայնքով կայունութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման այսպիսի բացառիկ կարեւորութիւնը», յայտնեց Միշէլի բանբերը:

Միշէլ կը շեշտէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար կարեւոր է լուծել բոլոր չկարգաւորուած հարցերը, որոնց կարգին նաեւ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ քննարկումներու յառաջխաղացումը եւ հակամարտութեան արմատական պատճառներու վերացումը:

«Ըստ նախագահ Միշէլի՝ բոլոր առանցքային հարցերը, որոնք պատճառ դարձան Արցախի առաջին պատերազմին, ինչպէս նաեւ 2020ին վերսկսած ռազմական գործողութիւններուն, պէտք է կարգաւորուին բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կողմէ՝ ստեղծելով պայմաններ յանուն տեւական եւ արդար խաղաղութեան: Ինչպէս հակամարտութեան որեւէ ժառանգութեան պարագային, եզրաբանութիւնը այս պարունակին մէջ յատկապէս զգայուն է: 22 Մայիսին առաջնորդներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին նախագահ Միշէլի յայտարարութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի իբրեւ քննարկումներու նախապէս կանխորոշուած արդիւնքի հաստատում: Վերջապէս, կարեւորագոյնը այն է, որ բոլոր հարցերուն անդրադարձ կը կատարուի համապարփակ կերպով՝ ներառելով բնակչութեան բոլոր խումբերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը», ըսաւ Միշէլի բանբերը:

Ան տեղեկացուց, որ 22 Մայիսին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցին: «Այս պարունակին մէջ երկու կողմերը հաստատեցին, որ չկան յաւելեալ տարածքային յաւակնութիւններ՝ ապագայ հաղորդակցութեան ուղիներու ենթակառուցուածքներու եւ միջանցքի նկատմամբ: Հակառակին մասին շահարկումները ցաւալի են», յայտնեց ան:

Նախագահ Միշել ընդգծեց ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս առումով հանրային հռետորաբանութեան կարեւոր դերը: Ան ողջունեց Երեւանի ու Պաքուի ղեկավարները եւ յայտնեց բանակցութիւններու շարունակութեան նպատակով բարենպաստ մթնոլորտի ապահովման մէջ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու մտադրութեան մասին՝ յայտնելով Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը՝ ուժեղացնելու իր աջակցութիւնը վստահութեան ամրապնդման միջոցներու ձեռնարկման մէջ», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Միշելի բանբերը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն, Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյուօ Քլաար պիտի այցելէ տարածաշրջանը՝ հետեւելու վերոնշեալ հարցերուն վերաբերող քննարկումներու զարգացումներուն:

Previous Post

OPEC may exempt Russia from oil output quotas

Next Post

Փաշինեան եւ Փութին Քննարկեցին պրիւքսէլեան հանդիպումը, հայ-ատրպէյճանական գործընթացը եւ սահմանի իրադրութիւնը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.