Լիբանան շնորհաւորութիւններ կը ստանայ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներէն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներէ` հարաւային Լիբանանի մէջ ծովային սահմանագծումին վերաբերեալ համաձայնութեան առիթով:
Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ տեսողական մարզի արհեստներու սենտիքային հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անոր շնորհիւ Լիբանան պիտի կարենայ նաւթ եւ կազ արտահանել, «իրականութիւն մը, որ առիթ պիտի տայ Լիբանանը դուրս բերելու այն անդունդէն, ուր ան գլորած է ներկայիս», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանան կարիք ունի վաւերացնելու հանրութեան դրամը իւրացուցած պատասխանատուները հաշուի կանչելու օրինագիծ մը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ծովային սահմանագծումը լիբանանցի ժողովուրդին նուէր մըն է` անոր տարբեր սերունդներով եւ խմբաւորումներով:
Ան հաստատեց նաեւ, որ յառաջիկայ շաբթուան աւարտին պիտի սկսի նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի ծրագիրին գործադրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը եւս շատ կարեւոր հարց մը կը նկատուի իրեն համար:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատը, որ հանդիպումէն ետք բոլոր լիբանանցիները շնորհաւորեց սահմանագծումի բանակցութիւններուն արձանագրած նուաճումին առիթով:
Ան հաստատեց, որ նուաճումը միայն սահմանագծումի համաձայնութիւնը չէ, այլ` իր բնական նաւթահորերը հորատելու եւ ապա կազ ու նաւթ արտահանելու Լիբանանի իրաւունքի երաշխաւորումը:
Ֆայեատ յայտնեց, որ նախարարութիւնը աւելի ուշ այդ աշխատանքները պիտի հետապնդէ «Թոթալ» ընկերութեան եւ միջազգային այլ ընկերութիւններու հետ գործակցաբար:
Իրանեան նաւթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆայեատ յայտնեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք իրանեան նաւթը պիտի ըլլայ նուիրատուութիւն, որուն պարագային պատժամիջոցներ չեն ենթադրուիր: «Այդ իմաստով արդէն իսկ երաշխիքներ ստացած ենք, իսկ համաձայնութեան մշակումը իրանեան կողմը պատրաստելու ընթացքին մէջ է», շեշտեց ան:
Սահմանագծումին յանգած համաձայնութեան անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, որ յայտնեց, թէ Լիբանան վճռական ժամերու դիմաց կը գտնուի ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով` աւելցնելով, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը պիտի յայտարարուի նախագահ Աունի կողմէ` խորհրդարանի նախագահին ու վարչապետին հետ անոր կատարելիք խորհրդակցութիւններէն ետք:
«Մենք կը սպասենք, որ հանրապետութեան նախագահը յայտարարէ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այն վայրկեանին, երբ Նաքուրայի մէջ կը ստորագրուի ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը, ապա միայն այդ պահուն կրնանք ըսել, որ համաձայնութիւն մը կամ փոխըմբռնում մը գոյացած է:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Լիբանան կրցաւ այս նուաճումը կատարել իր միասնականութեան շնորհիւ: «Պետութիւն, Դիմադրութիւն, ժողովուրդ, բանակ կողք- կողքի եւ միացեալ կեցուածքով կրցան տէր կանգնիլ իրենց բնական հարստութիւններուն, որոնք ոչ մէկ համայնքի, կողմի կամ շրջանի կը պատկանին, այլ` կը պատկանին Լիբանանին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ անօդաչու թռչող սարքերուն կատարած թռիչքներէն ետք, Դիմադրութիւնը կարիքը չզգաց յաւելեալ ռազմափորձերու, որովհետեւ սկիզբէն ի վեր նպատակը մէկ էր` այն, որ թշնամին հասկնայ Դիմադրութեան լրջութիւնը:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ կէսօրին հաղորդեց, որ Իսրայէլի կառավարութեան մաս կազմող աւագ նախարարներ կոչ ուղղած են ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վաւերացնելու Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնագիրը:
Երէկ երեկոյեան Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը ձայներու մեծամասնութեամբ վաւերացուց Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը եւ զայն յղեց Քնեսեթին, որպէսզի իսրայէլացի երեսփոխանները իմանան անոր բովանդակութիւնը` առանց այդ համաձայնութիւնը քուէարկութեան ենթակայ դարձնելու:
Նշենք, որ Իսրայէլի սեղմ կառավարական կազմը` Լափիտի նախագահութեամբ նիստ մը գումարած էր նախապէս եւ սերտելէ ետք համաձայնութիւնը վաւերացուցած էր զայն:
Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանին ուղղուեցան մեծ թիւով շնորհաւորութիւններ եւ զօրակցական կեցուածքներ:
Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անուղղակի բանակցութիւններուն հսկած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը դիւանագիտական բացառիկ նուաճում մըն է: «Այդ համաձայնութիւնը պէտք է անմիջապէս գործադրուի շրջանին եւ աշխարհին շահերը ապահովելու համար: Այդ համաձայնութիւնը կ՛ամրապնդէ շրջանին ապահովական կայունութիւնը, սակայն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացում չի նշանակեր», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ նաեւ, որ այդ համաձայնութեան շնորհիւ շրջանը յաւելեալ բարգաւաճում պիտի արձանագրէ:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա շնորհաւորեց լիբանանցիները` սահմանագծումի համաձայնութիւնը նկատելով պատմական նուաճում մը, որ երկու երկիրներուն համար մեծ շահեր պիտի ապահովէ:
Շիա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայնի վարած ամիսներ տեւած բանակցութիւնները յանգած են համաձայնութեան: «Լիբանանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները համաձայն են տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ ծովային մնայուն սահմանները գծելու», ըսաւ ան:
Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Հեմիշ Քոուել բերկրանք յայտնեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի գոյացումին առիթով:
Ան շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներն ու ամերիկացի բանագնաց Հոքշթայնը` անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար: «Ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը Լիբանանին եւ շրջանի կայունութեան ու բարգաւաճման աւետիս մըն է», շեշտեց ան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան գործադրութիւնը պիտի նպաստէ շրջանին կայունութեան ու բարգաւաճման:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ՛ողջունեն ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատեն այս իմաստով ի գործ դրուած ամերիկեան ջանքերը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը մաղթեն, որ այս քայլը ամրապնդէ շրջանի կայունութիւնը:
«Համաձայնութեան գործադրութիւնը դրական եւ գործնական քայլ մըն է շրջանին բարգաւաճումը ապահովելու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն համար տնտեսական շահեր ապահովելու: Կը շեշտենք նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ամրապնդելու համար տնտեսական շահերն ու շրջանային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին ողջունեց սահմանագծումի համաձայնութիւնը` հաստատելով Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ իր ամբողջական զօրակցութիւնը: