Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Միջազգային Հսկիչներու Եզրակացութիւնները` Հայաստանի Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասին

June 22, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Polls close in Armenia election

– ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու հսկողութեան խումբի ամփոփիչ եզրակացութեան մէջ կը նշուի. «Առանձնացնելով ընտրութիւններու մասնագիտական բարձր մակարդակը` միջազգային հսկիչները չեն յայտնաբերած թերութիւններ, որոնք կրնային ազդել քուէարկութեան ընթացքին եւ ընտրողներու կամքի արտայայտման վրայ»:

Բացի ատկէ, հսկիչներուն տուեալներով` «ընտրողները իրենց վերաբերմունքը յայտնած են կուսակցական ցուցակներով ընտրուած պատգամաւորներուն նկատմամբ»: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշած են ՀԱՊԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի մէջ, «բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ չէ, որ եղած են քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հսկիչներ»:

– ԱՊՀ-ի հսկողութեան առաքելութիւնը արձանագրած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին չեն եղած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:

Հսկողութեան առաքելութեան ղեկավար Իլհոմ Նեմաթով յիշեցուցած է, որ հսկողութեան առաքելութեան կազմին մէջ եղած են 96 անձեր: Ան վստահեցուց, որ կազմին մէջ եղած են փորձառու անձեր, խորհրդարանականներ, ներկայացուցիչներ` Պիելոռուսիայէն, Ղազախստանէն, Խըրխըզիստանէն, Մոլտովայէն, Ռուսիայէն, Տաճիկիստանէն, Ուզպեքիստանէն, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովէն, ՀԱՊԿ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովէն, ռուս-պիելոռուսական միութենէն: Հսկիչները եղած են 700 ընտրատեղամասերու մէջ:

Նեմաթովի գնահատումով` ընտրութիւնները սկսած են առանց իրարանցումի, աղմուկի, ընտրատեղամասերը բացուած են ժամանակին` ժամը 8:00-ին: Հսկիչները միասին պատրաստած են վերջնական փաստաթուղթ` արդիւնքներուն վերաբերեալ:

«Ընտրութիւններու հոլովոյթը անցած է Ընտրական օրէնքի պահանջներուն համապատասխան: Հսկիչները չեն արձանագրած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ», ըսաւ Նեմաթով:

Ան նշեց նաեւ հոլովոյթի բարձր կազմակերպչական մակարդակին մասին: Նեմաթովի համաձայն, ընտրութիւնները կազմակերպուած, կատարուած են Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան: Առաքելութեան ղեկավարը կարեւորագոյնը նկատեց այն, որ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25 քաղաքական ուժ: Ըստ անոր, ատիկա Հայաստանի ընտրողներուն ընտրութեան կարելիութիւն կու տայ:

Հսկիչներուն համաձայն, թերացումներ եղած են, սակայն անոնք համակարգային բնոյթ չեն կրած:

– ԵԱՀԿ-ի հսկողութեան առաքելութեան խմբակի ղեկավար Քարի Հենրքսըն յայտնեց. «Եղած է ծայրայեղ բեւեռացում, թշնամական հռետորաբանութիւն` հիմնական մասնակիցներուն կողմէ: Ընդհանուր առմամբ օրէնսդրութիւնը եղած է համակողմանի: Հաշուի առնելով, որ օրէնսդրական փոփոխութիւնները ընդունած են ընտրութիւններէն առաջ շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ, որոշ իրաւական անորոշութիւն եղած է: Վարչարարութիւնը կատարուած է շատ թափանցիկ, արհեստավարժ ձեւով եւ վայելած է շահագրգիռ կողմերուն վստահութիւնը»:

Անոր համաձայն, 73 հսկիչներու մեծ մասը դրական կարծիք յայտնած է ընտրութիւններու կազմակերպման եւ կայացման վերաբերեալ:

– ԵԽԽՎ-ի հսկողութեան խմբակի ղեկավար Ճորճ Քաթրոկալոս` իբրեւ Յունաստանի ներկայացուցիչ, մինչ խօսքին բուն նիւթին անցնիլը, ներկայ դժուար կացութեան մէջ յոյն ժողովուրդի եղբայրական համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: «Մենք ձեզի հետ ենք», ըսաւ ան:

Իբրեւ Յունաստանի ներկայացուցիչ, ուր քաղաքական համակարգը եւս, անոր բնորոշումով, խիստ բեւեռացուած է, Քաթրոկալոս նաեւ խորհուրդ մը տուաւ հայաստանեան քաղաքական ուժերուն: «Ընտրութիւններուն աւարտէն ետք առաջին շրջանին ընտրութիւններու արդիւնքները պէտք է նկատել իբրեւ ի վերուստ տրուած: Որեւէ կողմ ատիկա պէտք է նկատէ իբրեւ քայլ մը առաջ եւ յաջորդ ընտրութիւններուն մասնակցելու առիթ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ անկախ բեւեռացուածութեան գոյութենէն` միջազգային հսկիչները ամբողջովին կ՛ընդունին Հայաստանի ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Հսկիչը նշեց, որ ընտրութիւններու ընթացքին իրենք որոշ թեքնիք խնդիրներ արձանագրած են` տեղամասերու ծանրաբեռնուածութիւն, ընտրատարածքներու մատչելիութիւն: «Սակայն, ասիկա որեւէ ձեւով հարցականի տակ չի դներ ընտրութիւններու ժողովրդավարական ու սահմանադրական բնոյթը», ըսաւ ԵԽԽՎ-ի հսկողութեան խումբի ղեկավարը:

– ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) ներկայացուցիչ Եոհան Մըրֆի ընդգծեց, որ ընտրութիւններու հսկողութեան ընթացքին իրենք որեւէ խոչընդոտի չեն բախած, իշխանութիւններն ու մասնակից քաղաքական ուժերը ամէն ձեւով աջակցած են իրենց: Իրենք ալ բոլոր ասպարէզներու մէջ հանդիպած են արհեստավարժ աշխատանքի: Այդուհանդերձ ԵԱՀԿ ԺՀՄԻԳ-ի ներկայացուցիչը նաեւ շեշտեց ընտրական հռետորաբանութեան մէջ յարձակումի եւ թշնամանքի գոյութիւնը:

Previous Post

The New Atlantic Charter & Julian Assange

Next Post

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Վերջնական Արդիւնքները

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.