Երկուշաբթի, 9 Դեկտեմբեր, 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նիկոսիոյ Գործադիր Վարչութեան հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի «Գըրպըյըքեան» սրահէն ներս պաշտօնապէս նշելու Միջազգային Ցեղասպանութեան Օրը՝
(International Day of Commemoration and Dignity of the victims of the Crime of Genocide and of the prevantion of this crime):
Ձեռնարկը պատուեցին իրենց ներկայութեամբ Լառնաքայի եւ Լիմասոլի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Աւագ Քահանայ Աշգարեան, Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան, Պետական Ներկայացուցիչ՝ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, Ազգային Երեսփոխանական եւ Վարչութեան Ժողովներու Ատենապետներն ու անդամներ, Կուսակցութիւններու, Կառոյցներու, Միութիւններու Ատենապետներ, ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, Պրն. Պենոն Սեւան, Նարեկ Վարժարանի Հոգաբարձութեան Ատենապետը, Տնօրէնուհին, Ուսուցիչներ ու գնահատելի թիւով Կիպրահայ ու Լիբանանէն ժամանած հիւրեր եւ ներկաներ:
Ձեռնարկի սկիզբը կարճ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ ՄԱԿ-ի Միջազգային օրուան առնչուած: Բացման խօսքը կատարեց անգլերէն լեզուով՝ Օրդ. Նաթաշա Տէր Աւետիսեան, որ անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի առած որոշումին, ամէն տարի Դեկտեմբեր 9-ին, նշելու այս օրը եւ ՄԱԿ-ի առած նախաձեռնութիւնը: Ապա, Պրն. Գէորգ Զէյթունցեան ողջոյնի խօսքով, անդրադարձաւ ՄԱԿի որոշումներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Թրքական ուրացման քաղաքականութեան: Ան ապա, հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Գաղութիս Կաթողիկոսական Փոխանորդը որպէսզի ներկայացնէ նիւթը:
Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ Վարչութեան բայց մասնաւորաբար Ատենապետ՝ Պրն. Միսաք Գույուճեանին, որ այս նիւթի ներկայացումը իրեն վստահելով, նաեւ առիթը ստեղծած էր, որ բաւական ուսումնասիրութիւններ կատարելով, աւելի լայն ծանօթութիւններ ունենայ հարցին նկատմամբ եւ հոգեկան բերկրութեամբ ըսաւ.- «այժմ կը կիսեմ զանոնք ու մասնակից կը դարձնեմ բոլորդ օրուան նիւթին»:
Սրբազանը շարունակելով իր գոհունակութեան խօսքը ըսաւ.- Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, այսօր աշխարհի չորս տարածքին, կը նշէ Միջազգային Ցեղասպանութեան օրը: Ուրախ եմ, որ մեզի նման այսօր, Բարեգործական բոլոր Միութիւնները տարբեր – տարբեր երկիրներու մէջ եւ ժամերու տարբերութեամբ, նշելով այս օրը համամարդկային ու մանաւանդ հայկական առումով ու իմաստով կը միանանք իրարու եւ մեր ձայնը լսելի կը դարձնենք»:
Ապա, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդը յայտնեց, թէ 9 Դեկտեմբերը, ՄԱԿի տօնացոյցին մէջ կը նշուի, իբրեւ աշխարհի բոլոր ցեղասպանութիւններուն զոհ գացածներու յիշատակի օր, բացատրելով ինչո՞ւ այդ օրը ըսաւ.- «Որովհետեւ Դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է»: Ապա, մէջբերեց Պաշտօնական Կայքէջերու վրայ ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած հիմնական այն կէտերն ու որուշումները, որոնք կը նկատուին ցեղասպանութիւն:
Սրբազան Հայրը հանգամանօրէն շեշտեց, այդ որոշումի յաջողութեան մէջ Հայաստանի Պետութեան հիմնական կարեւորութիւնը եւ ըսաւ.-«Սեպտեմբեր 11, 2015-ին, երկար տարիներու դիւանագիտական յամառ ջանքերէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաջողեցաւ հասնելու բոլոր ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ընդհանուր բանաձեւի միաձայն ընդունման` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին կողմէ: ՄԱԿ-ի մէջ այդ օրերուն (2015-ին), Հայաստանի ներկայացուցիչ դեսպան՝ Պրն. Զօհրապ Մնացականեան, առաջարկուող բանաձեւը Սեպտեմբեր 11-ին, Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու ընթացքին, խօսած էր իր «պարտքի զգացումին» մասին: Յարգանքի տուրք մատուցանելով Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ ստեղծած էր ցեղասպանութիւն եզրը, դեսպանը ըսած էր.- «Միջազգային օրը կը վերականգնէ անցեալին անտարբերութեան մատնուած զոհերու արժանապատուութիւնը: Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի անձեռնմխելիութեան ժխտումը ծայրագոյն անարդարութիւն է: Ժխտողականութիւնը կը խոցէ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները: Մենք կը խօսինք մեր փորձէն մեկնած»:
Սրբազանը շարունակեց ըսելով.- «Քաղաքականօրէն շատ խոհեմ մօտեցում էր Հայաստանի նախաձեռնութիւնը։ Ճիշդ է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային ճանաչում կամ ՄԱԿի կողմէ պաշտօնապէս չէ ճանչցուած, բայց Հայաստանի կողմէ առանց հայոց ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելու բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի յարգումի հրամայականը շեշտելը, նպատակի յաջողութեան ծառայած էր։
«Երեւակայեցէք, որ այս բանաձեւին կողմ քուէարկեց նաեւ Թուրքիան: Փաստօրէն Հայաստանը յաջողեցաւ Թուրքիան նեղ կացութեան մատնել, երբ բոլոր ցեղասպանութիւնները կ՛ըսուին, երբ առարկելու գայ Հայաստանէն, այդ կը նշանակէ, որ բոլորին մէջ հայոց ցեղասպանութեան զոհերն ալ կան։ Իսկ Թուրքիան եթէ դէմ քուէարկէր այդ կը նշանակէր, որ ստանձնած կ՛ըլլար իր պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալուն։
«Այս մօտեցումներով հայկական կողմը յաջողեցաւ։ Իսկ երբ բոլորը կ՛ըսուի, մենք պէտք է հասկնանք, որ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակները, նաեւ կարելի է բոլորը նշել կամ ոգեկոչել։ Ըսել կ՛ուզենք.-
«Ասորիներու, յոյներու, պոնտոսցիներու, քամպոտիոյ, Ռուանտայի, անոնք ըլլան ճանչցուած կամ ոչ, պէտք է յիշատակուին բոլորին կողմէ։ Մենք եւս յատկապէս յոյներու ցեղասպանութեան եւ կիպրացիներու բռնատեղահանութեան զոհ գացածները, որոնց նահատակութեան պատճառ եղած են նոյն թուրքերը, պէտք է յաճախ տարբեր առիթներ կազմակերպենք, որպէսզի ընդգծենք միեւնոյն ցեղասպանին դիմագիծը։ Եւ ճանաչումէն անդին անցնինք նաեւ հատուցման պահանջատիրութեան, յատկապէս Կիպրոսի պարագային ալ բռնագրաւեալ ազգային ու եկեղեցական կալուածներու խնդրով, որուն խօսուն օրինակներէն մին եղաւ, վերջին տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առած յանդուգն որոշումը, Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին առնչութեամբ, հակառակ եղած թեր եւ դէմ կողմերուն, քննադատութիւններու կամ ի նպաստ կեցուածքներու եւ քաջալերանքներուն։
«Ուրեմն շատ կարեւոր է, որ 9 Դեկտեմբերը, Ապրիլ 24ի ոգեկոչման առիթին առընթեր, հայկական նախաձեռնութեամբ եւ տարբեր ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, միացեալ նշուին ցեղասպանութիւններու զոհ գացածներու յիշատակները։ Մեր պարագային յատկապէս թուրք պետութեան կազմակերպած ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։
Սրբազան Հայրը աւելցուց ըսելով.- «Կիպրոսը պահանջներ ունի, Յունաստանը կղզիներ կորսնցուցած է, Պոնտոսի յոյները կալուածներ եւ մարդկային զոհեր ունեցած են։ Մենք բացի Արեւմտահայաստանի մէջ, նաեւ իբրեւ համայնք, բռնագրաւուած Կիպրոսի մէջ եկեղեցապատկան, ազգապատկան եւ անհատական կալուածներ ունինք։ Յիշատակի այս օրը, բոլորիս համար պահանջատիրութիւնը վերընդգծելու առիթ է եւ միասնաբար աշխատելու մեր կորուսեալ հայրենիքներուն եւ տարածքներուն ու կալուածներուն վերադարձը ապահովելու»։
Ապա, Սրբազանը, առանձին – առանձին համառօտ կերպով ներկայացուց Աուշուիթցի (Auschwitz) ազատագրումը, Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու սպանդը, Ռուանտայի ջարդերը, Սրեպրենիգայի, (Srebrenica) Ցեղասպանութիւնը, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի ցեղասպանութիւնները, Ազերիներուն կողմէ՝ Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի, հասնելով 2016 ապրիլեան պատերազմի ընթացքին գործադրուած ռազմական ամենավայրագ դրսեւորումներուն մասնաւորաբար Թալիշի մէջ՝ ինչ որ համոզեցին, թէ Պաքուն չէ հրաժարած արցախահայութեան նկատմամբ ցեղային զտում իրականցնելու իր առաջադրանքէն։ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ մարդկային զոհերու որակի եւ քանակի, Մշակութային Կոթողներու եւ Եկեղեցիներու կործանման, Ձեռագիրներու ոչնչացման, Հողային եւ Կալուածային կորուստին, այլ խօսքով «Հայոց Ցեղն ու Պատմութիւնը» ջնջելու նախամտածուած ծրագրին: Վերջապէս Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ տասնեակ երկիրներու եւ խորհրդարաններու իսկ միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ մնայուն ժխտական կեցուածքին եւ ուրացման մասին:
Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ պատմական այն փաստաթուղթին՝ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման հարցի վերաբերեալ, որ մշակուած էր բրիտանացի զեկուցող՝ Պենճամին Ուիթաքըրի կողմէ եւ յատկանշական էր, որ դեսպան Մնացականեան, ցեղասպանութեան բանաձեւը ՄԱԿ-ին ներկայացնելու ատեն, իր ելոյթին մէջ երկու անգամ անդրադարձ կատարած էր այդ զեկոյցին, ուր Ուիթաքըր գրած էր. «Անկախ հեղինակութիւններու եւ ականատեսներու ստոյգ գնահատումէն` առնուազն 1 միլիոն մարդ եւ հնարաւոր է հայ բնակչութեան կէսէն աւելին կը համարուի սպաննուած կամ մահուան երթի դատապարտուած»: Ասիկա հիմնաւորուած է Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժամանակակից դիւանագէտներու, ներառեալ դաշնակից Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ գտնուող զեկոյցներուն մէջ: Գերմանիոյ դեսպան Ուանկենհայմ, օրինակ, 1915 Յուլիս 7-ին գրած է. «(թրքական) կառավարութիւնը, իրօք նպատակ կը հետապնդէ բնաջնջել հայ ցեղը Օսմանեան կայսրութեան մէջ»:
Եզրափակելով իր բանախօսութիւնը, Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց Վեհափառ Հայրապետներու, Հայ Դատի, հայ, թուրք թէ օտար մտաւորականներու, դիւանագէտներու, պատմաբաններու հետեւողական աշխատանքները հայկական հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Դեսպան եւ ներկայիս Արտգործ. Նախարար՝ Պրն. Մնացականեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան ՄԱԿ-ի մէջ ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ իրենց արդիւնաւէտ դերակատարութեան եւ Եւրոպական Միութեան մէջ, բոլորի ջանքերով ձեռք բերուած յաջողութիւններուն համար: Ան, անգամ մը եւս կոչ ուղղեց համայն հայութեան դուրս գալու անձնական, հատուածական մտայնութենէն, հաշիւներէն եւ գործելու միասնաբար, ի շահ մեր ազգին, եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հզօրացման ու բարգաւաճման: «ՀԱՅԵՐ ՄԻԱՑԷՔ»…
Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
10 Դեկտեմբեր 2019 Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի