Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ԱՌՈՂՋ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

February 18, 2013
in Գաղութահայ Կեանք
0
ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ԱՌՈՂՋ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐԱԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

ԵՐՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ

 Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, Շաբաթ, 16 Փետրուար 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, երրորդ տարին ըլլալով, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը:

Մրցումին բարի գալուստի խօսքը խմբակին անունով արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է Տինքի յիշատակին, որովհետեւ լրագրողը, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրը Հայոց ցեղասպանութեան հարցը հետապնդելու աշխատանքին պատճառով զոհ գնաց անմարդկային ոճիրի մը:

Պաղտասարեան աւելցուց, որ մրցանքի դատական կազմին մաս կը կազմեն պրն. Շահան Գանտահարեան, պրն.Սարգիս Նաճարեան եւ պրն.Ժիրայր Դանիէլեան: Նայիրա Պաղտասարեան հաստատեց, որ մրցանքին մասնակիցները իրենց գրիչներով, իրենց սրտերէն բխած խօսքերը պիտի արձանագրեն թուղթին տողերուն վրայ, ինչպէս որ Տինք ըրաւ:

Ապա դատական կազմին անունով խօսք առաւ պրն.Սարգիս Նաճարեան, որ յայտնեց, թէ մրցանքին երիտասարդներու ներկայութիւնը արդէն գոհացուցիչ ցուցանիշ է եւ քաջալերական քայլ: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր երիտասարդ պէտք է դառնայ նոր Հրանդ Տինք եւ շարունակէ աշխատանքը:

Սարգիս Նաճարեան գնահատեց մասնակից աշակերտներու տնօրէնները, ուսուցիչները եւ ծնողները, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան յայտնեց, որ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, մինչ առաջին հանդիսացող վարժարանը պիտի ստանայ «Հրանդ Տինք»ին  նշանակը, որ մինչեւ յաջորդ տարուան մրցանքը կը մնայ շահող վարժարանին մօտ:

Մրցանքի դատական կազմի խօսքէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան խօսեցաւ մրցանքի օրէնքներուն եւ ընթացքին մասին: Ան ըսաւ, որ Ուրբաթ, 1 մարտ 2013-ին տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն վարժարանին հրաւէրով ներկայ պիտի գտնուի «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի պատասխանատու խմբագիր պրն. Սարգիս Սերոբեան:

Ապա ներկաները դիտեցին Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խմբակին պատրաստած Տինքի վկայութիւնները ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք, մասնակիցները վարժարանի դասարաններուն մէջ գրեցին իրենց շարադրութիւնները:

 

ՀԱՅ  ԿԱԹՈՂԻԿԷ  ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ  ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ  ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Previous Post

ՖԼՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԻՆ ՆՈԻԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԵՐԵԿՈՆ

Next Post

Շահանէ Էքսուզեան. «Կանգնած եմ երկընտրանքի առաջ՝ շարունակե՞մ գիտութեամբ զբաղուել 35.000 դրամ աշխատավարձով, թէ՞ փոխեմ մասնագիտութիւնս»

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.