ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ:
Անոնք մանրամասն կերպով քննարկեցին շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն ընթացքը, որ անմիջական ազդեցութիւն կ՛ունենայ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու կենսական շահերուն վրայ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ատրպէյճանցի զինուած ուժերու ներթափանցման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութեան: Երկուստեք շեշտեցին իրավիճակի շուտափոյթ հանգուցալուծման եւ լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը: