Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ուրբաթ, 4 մարտ 2022-ին տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի դիրքորոշումներուն համակարգումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: