«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու միացեալ նիստին` 2023 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումին` անդրադառնալով պատգամաւորներու հարցումներուն:
«Հանրայայտ է, որ գործընթացը առանց նախապայմաններու է եւ, միեւնոյն ժամանակ, թրքական կողմը անընդհատ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ է կը կապէ, ինչ որ որոշակի առումով ինքնին քիչ մը նախապայման կը յիշեցնէ: Այնուամենայնիւ, այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ շատ յստակ քննարկումներ կ՛ընթանան, նախ եւ առաջ` յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով, բայց նաեւ այդ մակարդակէն դուրս` մասնագիտական որոշակի ներգրաւուածութեամբ», ըսաւ Միրզոյեան:
Արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ խօսակցութիւնը քանի մը որոշակի քայլերու մասին է, ներառեալ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցող անձերու համար սահմանի բացումը, ինչպէս նաեւ` երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար սահմանի բացումը:
«Կրնամ ըսել, որ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի: Եւ կրնամ ըսել նաեւ, որ կ՛ակնկալեմ ու յոյս ունիմ, որ դրական արդիւնքներ պիտի ըլլան մօտ ապագային», եզրափակեց Միրզոյեան: