ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր լեհ պաշտօնակից Զպիկնեւ Ռաուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկեց տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան վերաբերող հարցեր։
Հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան առանցքային դերը Արցախի տագնապի համապարփակ եւ տեւական լուծման ուղղուած խաղաղ գործընթացը յառաջ տանելուն եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելուն մէջ:
Ան նշեց, որ, հակառակ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերուն` «շարունակում ենք առերեսուել Ադրբեջանի ռազմատենչ եւ առաւելապաշտական յայտարարութիւններին, որոնք ուղղուած են տարածաշրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան խաթարմանը»:
«Հայաստանի ու տարածաշրջանի համար խաղաղ զարգացման դարաշրջան բացելը մեր սկզբունքն ու ռազմավարութիւնն է, եւ յուսով ենք, որ ԵԱՀԿն` ԵԱՀԿ գործող նախագահի ինստիտուտի (հաստատութեան) հետ միասին, կ՛օգտագործի իր գործիքակազերը` կառուցողական մթնոլորտի ապահովման ու համապարփակ խաղաղութեան համար պայմաններ ստեղծելու համար», յայտարարեց Միրզոյեան՝ բարձրացնելով նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը: